Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Էրտողանի` Օգնութեան Վերաբերեալ Կատարած Յայտարարութեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Էրտողանի` Օգնութեան Վերաբերեալ Կատարած Յայտարարութեան

10 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Օսմանյան կայսրությունում հայերի տեղահանության և կոտորածների դատավարություններն»»

Génocide perpétré par l’Empire ottoman, aujourd’hui la Turquie – génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին օժանդակելու մասին 8 ապրիլին Պոլսոյ պատրիարքութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մասին հարցում ուղղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեանին: Նաղդալեան ըսած է, որ ծանօթ է Պոլսոյ պատրիարքարանին կողմէ հրապարակուած` Թուրքիոյ նախագահին հետ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերող մամլոյ հաղորդագրութեան: «Իբրեւ երրորդ կողմ, ձեռնպահ կը մնանք ոչ պաշտօնական տեղեկատուութիւնը մեկնաբանելէ: Բոլոր պարագաներուն, օրակարգի վրայ նման հարց գոյութիւն չունի», շեշտած է Նաղդալեան:

Թղթակիցը հարց տուած է, թէ փակ սահմաններու առկայութեան եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի կրնայ ըլլալ կազմակերպել Թուրքիայէն Հայաստանի քաղաքացիներուն Հայաստան տեղափոխելու գործընթացը: «Տեղեակ էք, որ Հայաստանի կողմէ կը ձեռնարկուին բոլոր կարելի միջոցները` մեր քաղաքացիներուն վերադարձը Հայաստան ապահովելու ուղղութեամբ, եւ առաջնահերթութիւն կը տրուի յատկապէս համավարակի լայն տարածում ստացած երկիրներուն մէջ դժուար կացութեան մէջ յայտնուած մեր քաղաքացիներու տեղափոխման: Այդ պատճառով որոշում տրուած է տեղափոխել Թուրքիա գտնուող եւ Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած մեր քաղաքացիները», ըսած է Նաղդալեան:

Erdogan threatens to recognize the Red Indians genocide by the Americans in response to the recognition of the Armenian genocide by the United States Senate

www.aztagdaily.com/archives/470572

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail