Սուրիոյ Քիւրտերը Թուրքիայէն Կը Պահանջեն Վերցնել Օճալանի Տեսակցութեան Արգելքը

Սուրիոյ Քիւրտերը Թուրքիայէն Կը Պահանջեն Վերցնել Օճալանի Տեսակցութեան Արգելքը

14 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:– ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, now Turkey – April 1, 1909 – The Adana Massacre – The Ruins of the Adana Armenian District – photo no- 01

Սուրիոյ քիւրտերու ձախ քաղաքական թեւը հանդիսացող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան գլխաւոր խորհուրդը պահանջած է Թուրքիայէն` վերցնել քիւրտերու ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ տեսակցութեան արգելքը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ» կայքը:

Թուրքիան մնայուն կերպով արգելք կը ստեղծէ Օճալանի եւ փաստաբաններուն ու ընտանիքի անդամներուն տեսակցութեան համար:

«Մինչ ամբողջ աշխարհ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած բացասական երեւոյթներու պատճառով լարուած վիճակի մէջ է, թրքական պետութիւնը նոյնիսկ այս պայմաններու տակ կը շարունակէ քիւրտ ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւնը` թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ երկրէն դուրս: Թուրքիան, Սուրիոյ քիւրտերու հանդէպ տածած թշնամութեան պատճառով, կը շարունակէ աւազակախումբերու աջակցիլ:

«Թրքական պետութիւնը կը շարունակէ քաղաքական գործիչներու եւ լրագրողներու հանդէպ ճնշումները: Բանտերուն մէջ պահուող մարդոց վերաբերեալ ոչ մէկ յայտարարութիւն տարածող թրքական պետութիւնը կ’արգիլէ կալանաւորներու եւ ընտանիքի անդամներու հանդիպումները: «Քորոնա» ժահրի արագ տարածման ընթացքին այս անմարդկային քայլերը կը բարկացնեն քիւրտ ժողովուրդը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

www.aztagdaily.com/archives/470755

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail