Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանին Կոչ Կ՛ընէ՝ Ազատ Արձակելու Կրօնական Բանտարկեալները

Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանին Կոչ Կ՛ընէ՝ Ազատ Արձակելու Կրօնական Բանտարկեալները

17 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ»

ՊԱՔՈՒ, «Թուրան»․- Միացեալ Նահանգներու դաւանանքի միջազգային ազատութեան դեսպան Սեմ Պրաունպեք «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ, կոչ ուղղեց՝ ազատ արձակելու աշխարհի տարածքին բանտարկուած «հազարաւոր, եթէ ոչ միլիոնաւոր բանտարկեալները, որոնք բանտարկուած են դաւանանքի պատճառով»:

«Կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի մէջ քանի մը հարիւր կալանաւորներու ազատ արձակումը «Քորոնա» ժահրի լոյսին տակ: Մենք Ատրպէյճանին եւ այլ երկիրներու կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք բանտարուած են կրօնական պատճառներով», կը գրէ Պրաունպեք:

Ալիեւի հրամանագիրով, այս ամիս ազատ արձակուեցան 176 բանտարկեալներ։

Միացեալ Նահանգներու դաւանանքի միջազգային ազատութեան մարմինը նախապէս Ատրպէյճանը դասած էր երկրորդ կարգի պետութիւններու շարքին, ինչ որ կը յոււշէ հաւատացեալներու իրաւունքներու համակարգուած խախտումներու գոյութիւնը:

Ըստ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու՝ Ատրպէյճանի մէջ կան 130 քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց կէսէն աւելին կրօնական գործիչներ են:

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

asbarez.com/arm/368238/Միացեալ-Նահանգները-Ատրպէյճանին-Կոչ-Կ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail