Այսօր ՀՀ Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Ծննդեան Օրն է – Այսօր ՀՀ Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Ծննդեան Օրն է
21 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՐՑԱԽ:
Այսօր Արցախեան պատերազմի մասնակից, ՀՀ ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան օրն է: Ան Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ 1990-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 1991-ի Մայիս ամիսը եղած է Հիւսիսային Արցախի Գետաշէն-Մարտունաշէն ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութեան հրամանատարը:
Թաթուլ ծնած է 1965-ի Ապրիլ 21-ին Հայաստանի Թալինի շրջանի Արեգ գիւղը: Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Թալինի արհեստագիտական դպրոցին մէջ, որ աւարտած է գերազանցութեամբ: Խորհրդային Միութեան բանակին մէջ ծառայելէ ետք ընդունուած է ԵՊՀ Պատմութեան բաժանմունքը:
Համալսարանի առաջին տարին Թաթուլը միացած է Հայկական ազատագրական շարժման: Թաթուլը նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ վերամիաւորելուն ուղղուած «Միացում» կազմակերպութեան անդամ էր:
1990-ի Սեպտեմբերին Թաթուլը մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ, ուր վիճակը կը վատանար: Իր իսկ հիմնած զինուած խումբով 1990-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 1991-ի Մայիս իրականացուցած է Գետաշէնի շրջանի (Գետաշէն-Մարտունաշէն) ինքնապաշտպանութիւնը` ընդդէմ ատրպէյճանական զինուած ուժերու եւ ոստիկանական խմբաւորումներու: Քաջի մահով նահատակուած է 1991-ի Ապրիլ 30-ին, «Օղակ» գործողութեան ժամանակ:
1996-ին արժանացած է ՀՀ բարձրագոյն` Ազգային հերոսի կոչումին: Թաթուլը թաղուած է հայրենի Արեգ գիւղին մէջ, որ հերոսի պատուին վերանուանուած է Թաթուլ: Գիւղին մէջ կանգնեցուած է տուֆակերտ յուշարձան: Թաթուլը յաճախ կը կրկնէր, որ Գետաշէնը կը դատարկուի միայն իր դիակի վրայով:
Վերջին անգամ Երեւանի մէջ գտնուած ժամանակ Թաթուլ ըսած է բառացիօրէն հետեւեալը. «Գիտեմ, որ Երեւան այլեւս չեմ գար, զիս կը բերեն…»:
ՀՀ Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեան
yerakouyn.com/2020/04/21/այսօր-հհ-ազգային-հերոս-թաթուլ-կրպէեան/