НТВ-ի «NTV» այդ եթերը 2016-ին եղած է – Ռուսական Պատկերասփիւռի Կայանը Ցուցադրած Է Արեւմտեան Հայաստանի Քարտեսը. Թրքական Կողմը Արձագանգած Է
22 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:
НТВ-ի այդ եթերը 2016-ին եղած է։ Հիմայ խառնել են երկու լրատուութիւնները, որ խառնեն իրողութիւնները։
Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային Անվտանգութեան խորհուրդին ուղղուած դիմումները շրջանցնելը, անտեսելը, խուսափիլը, երկու օրուայ կեանք ունեցող տեղեկատուութիւն է:
«Լուսաւոր Աւետիս» – Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Հարմանտայեան Արմենակ:
Թուրքիոյ մէջ աղմուկ բարձրացած է ռուսական «ՆԹՎ Միր» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ Սեւրի դաշնագիրով նախատեսուած Հայաստանի քարտէսի եւ Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան ընդունած դրօշի ցուցադրութիւնը:
Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր61» կայքը` նշելով, որ դէպքին անդրադարձած է «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան»` ԱՍԻՄՏԷՐ¬ի ղեկավար Կէօքսել Կիւլպէյը:
Վերջինս մեղադրանքներու տարափ հնչեցուցած է Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հասցէին` նշելով. «Այս երկու պետութիւնները ուշադրութիւն կը գրաւեն հայերուն աջակցելով` Թուրքիոյ հողերուն վրայ պետութիւն ստեղծելու անոնց երազանքներուն»:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ` Կիւլպէյ նշած է.«Ռուսերը միշտ թուրքերու արիւն թափած են եւ ատոր համար օգտագործած են հայերը»:
Խօսելով պատկերասփիւռով ցուցադրուած քարտէսի մասին` թուրք գործիչը նշած է. «Թրքական քսան քաղաքներ, որոնց շարքին են Տրապիզոնը, Ռիզեն եւ Արտուինը ներկայացուած քարտէսով ներառուած են Արեւմտեան Հայաստանի կազմին մէջ»:
Կիւլպէյ չէ մոռցած նաեւ շեշտել. «Ռուսիոյ բազմաթիւ պետական գործիչներ, ներառեալ արտաքին գործոց նախարարը, հայկական ծագում ունին»:
Կիւլպէյ Ֆրանսան մեղադրած է Արեւմտեան Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան ձեւաւորումը հովանաւորելուն համար եւ նշած է, որ այս պետութիւնը ներկայիս ալ աչք կը փակէ Արեւմտեան Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ քաղաքացիութիւն շնորհելու հոլովոյթին:
aztagdaily.com/archives/471282