ՀՅԴ օրկան ԴՐՕՇԱԿի երկարամեայ խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեան դիմատետրի իր էջով, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յստակացնելով կը գրէ՝

Արցախի Հանրապետութեան նախագահական վերջին ընտրութեանց Դաշնակցութեան թեկնածու ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

ՀՅԴ օրկան ԴՐՕՇԱԿի երկարամեայ խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեան դիմատետրի իր էջով, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յստակացնելով կը գրէ՝

Խաբուած ըլլալու ՑԱՒը եւ ամէն հայու ՑԱՒը – Լուսաւոր Աւետիս:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Խաբուած ըլլալու ՑԱՒը

Դաշնակցականին խորունկ ցաւը արտայայտող գաղափարական պարկեշտութեան քայլ մը կատարեց եւ հրապարակային անկեղծ խոստովանութիւն մը ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կ․Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահական վերջին ընտրութեանց Դաշնակցութեան թեկնածու ԴԱՒԻԹ ԻՇԽԱՆԵԱՆ։

«Առաջին Լրատուական»ի հետ քանի մը օր առաջ՝ 19 Ապրիլին իր ունեցած զրոյցի ընթացքին, Դ․ Իշխանեան նշեց․-

«․․․Այս ընտրութիւնների ժամանակ, որպէս խորհրդարան մտած քաղաքական ուժ, մենք գոհ չէինք ընտրութեան արդիւնքներից, որովհետեւ մենք ակնկալում էինք աւելին եւ Արցախի ընտրազանգուածում միշտ մեր ունեցած վստահութիւնն եղել է 20-25%ի միջակայքում, ուստի այս անգամ այսքան նուազ քուէներ ունենալը հիմա մեզ որոշակի ճգրտումների տեղիք է տալիս, հետեւաբար առաջիկայ օրերի ընթացքում ներքին քննարկումների արդիւնքում մենք կը յստակեցնենք եւ կը հրապարակենք մեր քաղաքական ուղեգիծն ու անելիքներն այդ մասով»։

Այսքան կարճ, կտրուկ եւ տրամաբանական՝ պիտի ըսէին դաշնակցական մեր ուսուցիչները, եթէ բախտը կամ դժբախտութիւնը ունենային համավարակի այս հեղձուձիչ օրերուն իրենք ալ ապրելու, անշուշտ եթէ ասիկա ԱՊՐԻԼ է․․․

Դժբախտաբար միեւնոյն պարկեշտութիւնը չի ցուցաբերուիր Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան մէջ գործող «վերեւիններու» կողմէ, որոնք ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրարու հետեւած Հ․Յ․Դ․ իշխանաւորներու ձախողութեանց եւ ձախաւերութեանց, այլեւ նոյնինքն Արցախի վերջին ընտրութեանց այս դառն պարտութեան տխուր առիթով՝ սեփական վրէպներն ու մեղքերը խոստովանելու կամ ստանձնելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆը չեն դրսեւորեր, այլ՝ աջ ու ձախ կը զարնուին եւ սուտ ու փուտ չքմեղանքներ կը փնտռեն, փոխանակ ընդունելու իրենց ՅԱՆՑԱՆՔը։

Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կ․ Կոմիտէի ներկայացուցիչին ցաւը բոլորս կ՚ապրինք, որովհետեւ ամէնուր ԱՆԴՈՀԱՆՔՈՎ կ՚անդրադառնանք, թէ մեր աչքերուն առջեւ Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան ղեկին հասած անհատներ կամ շրջանակներ այսպէս՝ շուրջ երեք տասնամեակ, ամէն քայլափոխի իրենց դրսեւորած իշխանամոլութեամբ, շահատակութիւններով եւ պատեհապաշտութեամբ՝ վարկազրկեցին եւ արատաւորեցին վերածնուող մեր հայրենիքի հետ Դաշնակցութեան վերանորոգած ժողովրդային ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ բարոյական եւ գաղափարական ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ դրամագլուխը;

Արցախեան Ազատամարտին եւ Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնումին անսակարկ զոհաբերուած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ մերօրեայ, անուանի թէ խոնարհ հերոսներու՝ ԹԱԹՈՒԼ ԿՐՊԷՅԵԱՆՆԵՐՈՒ եւ ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆՆԵՐՈՒ, ՍԻՄՈՆ ԱՇԻԳԿԷՕԶԵԱՆՆԵՐՈՒ եւ ՇԱՀԷՆ ՄԵՂՐԵԱՆՆԵՐՈՒ արեամբ սրբագործուած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴը վիժեցնող այդ ներքին ցեցերը ոչ միայն առ այսօր հաշուետուութեան ու դատաստանի կանչուած չեն Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան կողմէ, ոչ միայն Դաշնակցութենէն եւ հայ ժողովուրդէն ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԱԾ ՉԵՆ, այլեւ կը շարունակեն հոս ու հոն ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱԳԱՐԱԿՆԵՐ «կանգուն պահել» եւ «վայելել պտուղները իրենց գործած մեղքերուն»։

Դաւիթ Իշխանեանին պէտք է մաղթել, որ աչքերը լա՛ւ բանայ եւ լա՛ւ դիտէ իր շրջապատը՝ տեսնելու եւ անդրադառնալու համար, թէ որոշապէս ԱԶԱՏԱԳՐԵԱԼ Արցախի Հանրապետութեան մէջ Դաշնակցութեան վայելած աւելի քան 25 տոկոսի ժողովրդային վստահութեան վարկը ինչո՞ւ չկրցանք՝ ԲՈԼՈ՜ՐՍ ՉԿՐՑԱՆՔ իր ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ վրայ պահել, այլեւ չկրցանք իրենց տեղը նստեցնել պատեհապաշտ տարրերը, որոնք իշխանութեան կարկանդակէն փշրանքներ ստանալու մակաբուծութեամբ՝ վաճառքի հանեցին ԱՒԱՆԴԸ հայ ժողովուրդի հպարտութեան՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ։

Դաւիթ Իշխանեանները ինչո՞ւ ոտքով գլուխով նետուեցան նախագահական ընտրապայքարի մը մէջ, որուն «ԱՐԴԻՒՆՔ»ը շատոնց վճռուած էր․․․ մեր ժողովուրդի աչքէն հեռու քուլիսներու մէջ։

Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կ․ Կոմիտէին ներկայացուցիչը վստահաբար ԳԻՏԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ;

Պիտի կարենա՞յ գաղափարի իր ընտանիքին եւ ժողովուրդին հետ կիսել․․․ ԴԱՌՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը բոլորիս խաբուած ըլլալու ՑԱՒԻՆ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail