ՖՐԱՆՍԱ – Սեղմ կազմով Ապրիլեան ոգեկոչում՝ Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ

Le président de la République française Emmanuel Macron - La France s'est engagée à lutter contre le déni

ՖՐԱՆՍԱ – Սեղմ կազմով Ապրիլեան ոգեկոչում՝ Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ

25/04/2020 – ՓԱՐԻԶ: (Նոր Յառաջ)

(ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE)

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Ինչպէս բազմիցս նշեցինք, պսակաձեւ ժահրի համաճարակի թելադրած պայմաններուն մէջ այս տարի Ապրիլ 24-ի ընթացիկ բոլոր ձեռնարկները ջնջուեցան, լաւագոյն պարագային՝ տեղի ունեցան շատ սեղմ կազմով, առանց հանրութեան ներկայութեան։

Այսպէս, Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին Փարիզի Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ ալ,- ուր ամէն տարի բազմահազար Հայերու ներկայութեան տեղի կ՚ունենայ ոգեկոչման հանրահաւաք,- տեղի ունեցաւ սեղմ կազմով արարողութիւն մը, որուն ներկայ էին միայն Ֆրանսայի կառավարութիւնը ներկայացնող՝ Արդարադատութեան նախարարուհի Նիքոլ Պելուպէ, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան եւ CCAF-ի համանախագահներ՝ Արա Թորանեան ու Մուրատ Փափազեան։

Նեղ կազմով նման արարողութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ։ Հայ դատի պաշտպան եւ Հայոց բարեկամ Ֆրանսացի բազմաթիւ ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, տեղական ընտրեալներ՝ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առթիւ զօրակցական տեսանիւթեր հասցէագրեցին Հայութեան։

Նոր Յառաջ

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – 1895

www.norharatch.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail