«Մենք Կը Յիշենք Այն Հայերը, Որոնք 105 Տարի Առաջ Զոհ Գացին». Հոլանտայի Կրթութեան Նախարար

Հոլանտայի կրթութեան նախարար Արի Սլոպ

«Մենք Կը Յիշենք Այն Հայերը, Որոնք 105 Տարի Առաջ Զոհ Գացին». Հոլանտայի Կրթութեան Նախարար

29 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

THE ARMENIAN CAUSE IS A CAUSE OF JUSTICE” CATHOLICOS ARAM I

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Հոլանտայի կրթութեան նախարար Արի Սլոպ յայտեց, թէ կ՛ափսոսայ, որ չէ կրցած այցելել Երեւան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցել։ Սլոպ «Արմէնփրես»ին փոխանցած իր ուղերձին մէջ յիշած է հինգ տարի առաջ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին օրը Երեւան կատարած իր այցելութիւնը։

«5 տարի առաջ ես ներկայ էի Երեւանի մէջ կատարուած այդ սարսափելի իրադարձութիւններու 100-ամեակի ոգեկոչման։ Հիմա, 5 տարի ետք, իբրեւ նախարար, յուշարձանին մօտ իմ յարգանքի ծաղիկս պիտի դնէի, ափսոս որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով այդ մէկը չիրականացաւ։ Բայց այս Ուրբաթ մենք կը յիշենք այն հայերը եւ միւս ազգերը, որոնք զոհ գացին 105 տարի առաջ։ Մենք նոյնպէս կը միանանք Հոլանտայի մէջ ապրող հայերուն, որոնք 105-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնը ուրիշ ձեւով՝ լռութեամբ պիտի յարգեն», ըսաւ նախարարը։

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

yerakouyn.com/2020/04/29/մենք-կը-յիշենք-այն-հայերը-որոնք-105-տարի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail