ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Պատերազմի ժամանակ հայրենիքը ժողովրդինն է․ Աստուած չանի, որ պատերազմից յետոյ այն նորից մի քանիսինը դառնայ»
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Պատերազմի ժամանակ հայրենիքը ժողովրդինն է․ Աստուած չանի, որ պատերազմից յետոյ այն նորից մի քանիսինը դառնայ»
27 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի հերոսատիպ այն ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց գերագոյն զոհաբերութեամբ ոչ միայն պարտութեան կը մատնեն թշնամին, ոչ միայն ՀՈՂ ու ՈԳԻ կը պաշտպանեն ու կը կռանեն, այլեւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ կերտելու՝ պահպանելու եւ շէնացնելու ՀԱՒԱՏԱՄՔը կը սերմանեն ու կը մշակեն սերունդներու ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ, յատկապէս ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ։
Բարի լոյս՝ Արցախեան Հերոսամարտի անմոռանալի մեր ազատամարտիկներու գաղափարական ԱՒԱՆԴին, որ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ ԴԱՐՈՒ ՈԳԻՈՎ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՑ Իրաւունքի եւ Արդարութեան ՍՐԲԱԶԱՆ ԼԵՐԱՆ ԿԱՏԱՐԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ հաւաքական ուխտն ու մարտունակութիւնը։
Ապրիլ 27ի այս օրը, 1965 թուականին, Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ եկաւ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳԻՍԻ ՍԱՐԳՍԵԱՆ, որ 23 տարեկանին յառաջամարտիկ դրօշակիրներէն եղաւ Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարին, երեք տարի անդադար յաղթահասակ կանգնեցաւ Ազգի ու Հայրենիքի պաշտպանութեան ռազմաճակատներուն վրայ եւ 1991ի Նոյեմբերին ինկաւ՝ մինչեւ վերջին շունչ կռիւ մղելով անարգ ոսոխին դէմ։
Յուշատետրի փոստը ներկայացուցած է հերոսական ՎԱՐՔը Գաղափարի Մարտիկին, իսկ խոկումի եւ խորհրդածութեան այսօրուան «Բարի լոյս»ին կիզակէտը 26 տարեկանին մարտիրոսացած ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿԻՆ թեւածող ՊԱՏԳԱՄն է՝
– «Պատերազմի ժամանակ հայրենիքը ժողովրդինն է, Աստուած չանի, որ պատերազմից յետոյ այն նորից մի քանիսինը դառնայ»:
Ես ցանկանում եմ, որ երբեք պատերազմ չտեսնէք, բայց ամէն ինչ անէք, որ խաղաղ պայմաններում էլ այս հայրենիքը ձերը լինի»։
Արցախեան Պատերազմէն յաղթական դուրս եկած, այլեւ մինչեւ այսօր ԹՇՆԱՄԻ ՎՏԱՆԳԻՆ դէմ միշտ պատրաստ գտնուելու հրամայականով առաջնորդուող Հայաստանն ու Հայութիւնը իրաւունք չունին մտահան ընելու հերոսատիպ մեր ազատամարտիկներուն արեամբ սրբագրուած ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ մարտահրաւէրը՝ բերդը ներսէն կրծող ՉԱՐԻՔԻՆ դէմ արթուն, զգաստ եւ խստապահանջ ՀՍԿԵԼՈՒ անհրաժեշտութիւնը։
Բարի լոյս՝ Տիգրան Սարգսեաններու ուղիով ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ իբրեւ բոլորիս ՄԻԱԿ ԵՒ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆը կեանքի գնով պահպանելու եւ պաշտպանելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ