Երկու Ամսուան Ընթացքին «Քորոնա»-ի Պատճառով Մահացած Ամերիկացիներուն Թիւը Գերազանցած Է Վիեթնամի Պատերազմի Զոհերուն
30 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
– ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND
««Օսմանյան կայսրությունում հայերի տեղահանության և կոտորածների դատավարություններն»»
«Ճոն Հոփքինզ» համալսարանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է 2207 մահ` այդպիսով մահացածներուն թիւը հասցնելով 58.351-ի:
Այդպիսով երկու ամսուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահացածներուն թիւը անցաւ քսան տարի տեւած Վիեթնամի պատերազմին իբրեւ հետեւանք մահացած ամերիկացիներուն թիւը: Ըստ ամերիկեան ազգային արխիւին, 1955-էն 1975 երկարած պատերազմին ընթացքին զոհուած են 58.220 ամերիկացի զինուորներ:
«Տը Հիլ» կը հաղորդէ, որ, հակառակ համաճարակին, Միացեալ Նահանգներու մէջ լայնածաւալ ցոյցեր տեղի ունեցած են մեկուսացման միջոցառումներուն դէմ: Ցուցարարները այն կարծիքին են, որ սահմանափակող միջոցներ կիրարկելով` իշխանութիւնները կը խախտեն մարդոց իրաւունքներն ու ազատութիւնները:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատանքը կորսնցուցած ու նպաստի համար դիմում կատարած է 26 միլիոն անձ:
Զուիցերիոյ արդարադատութեան եւ իրաւապահ մարմիններու դաշնակցային բաժանմունքը յայտարարեց, որ երկիրը դրացի երկիրներուն հետ կ՛ուսումնասիրէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ փակուած սահմաններու աստիճանաբար բացման հարցը:
«Շենկեն գօտիի երկիրներու արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած տեսախորհրդաժողովին ընթացքին ճամբորդութիւններու նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումները աստիճանաբար նուազեցնելու մասին համաձայնութիւն գոյացած է: Միեւնոյն ժամանակ «Քորոնա» ժահրի տարածումը չթոյլատրելը մեր առաջնահերթութիւններէն պէտք է ըլլայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհուրդը այս շաբաթ որոշում պիտի տայ` թէ ինչպէ՛ս սահմանին «թիրախային մեղմացում» կրնայ կատարէ, այսինքն` մարդոց որոշ խումբերու համար ջնջէ ճամբորդելու արգելքը:
Զուիցերիոյ դաշնակցային մաքսային ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, մարտի սկիզբէն գրեթէ բոլոր օտարերկրացիներու համար սահմանները փակելու պատճառով մերժուած է երկիր մուտք գործելու աւելի քան 56.000 անձի դիմում:
Ներկայիս Զուիցերիոյ մէջ համաճարակաբանական իրավիճակը կը կայունանայ, եւ ժահրով նոր վարակուողներուն թիւը օրէ օր կը նուազի:
Եւրոպական օդանաւներու շինութեան «Էրպաս» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ներկայ տարուան առաջին քառորդին 481 միլիոն եւրոյի զուտ վնաս կրած է, երբ անցեալ տարի նոյն ժամանակահատուածին շուրջ 40 միլիոն եւրոյի շահ ապահոված էր` նշելով, որ շատ արագ նշմարած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի իր հաշիւներուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնը:
Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 5841-ով եւ հասաւ 99.399-ի, Չինաստանի մէջ` 22-ով եւ հասաւ 82858-ի, Քուէյթի մէջ` 300-ով եւ հասաւ 3740-ի, իսկ Օմանի մէջ 143-ով եւ հասաւ 2274-ի:
Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակման 1304 եւ մահուան 200 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 157.641-ի, իսկ մահացածներունը` 6115-ի:
www.aztagdaily.com/archives/471891