«Պարսից Ծոցը Իրանի Սեփականութիւնն Է, Եւ Ոչ Ոք Կրնայ Անոր Անունը Կեղծել» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը
30 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
– ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE
Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ծովուժի հրամանատար Ալի Ռիտա Թանղասիրի նշեց. «Պարսից ծոցը Իրանի սեփականութիւնն է, եւ ոչ ոք կրնայ անոր անունը կեղծել»: Ան նաեւ շեշտեց, որ Իրան շրջանին մէջ ախորժակներ չունի:
«Պահրէյնը մինչեւ 1970 թուական իրանեան հողերուն մէկ մասն էր, իսկ Քուէյթ կամ Քութ կը նշանակէ պարսկական հազուագիւտ վրաններու զետեղման վայր», նշեց ան` աւելցնելով. «Ատիկա փաստ է, թէ տարածաշրջանը հինէն ի վեր կը կոչուէր Պարսից ծոց, եւ ոչ ոք կրնայ անունը փոխել»:
«Ամբողջ Պարսից ծոցը, պարսից հողի սեփականութիւնն է», ընդգծեց ան:
«Կղզին փոխանական Ապու Մուսա կոչելու, պէտք է զայն անուանել անոր պարսկական անունով` «Պու Մուսա», եւ «Ֆարորան» կղզի` փոխան «Պանի Ֆարուր»¬ի», ըսաւ ան:
www.aztagdaily.com/archives/471892