Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Անվիճելի Կեցուածք. Մեր Իրաւունքներուն Անիւի Գիւտը Նոր Պիտի Չընենք

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Անվիճելի Կեցուածք. Մեր Իրաւունքներուն Անիւի Գիւտը Նոր Պիտի Չընենք

01 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ցեղասպանութեան 105-ամեակի նախօրեակին, եւ Պսակաձեւ ժահրին առթած մտահոգութիւններուն առընթեր, հայկական քաղաքական հրապարակին վրայ ի յայտ եկան երկու գլխաւոր նոր փոթորիկներ, որոնք բաւական յուզում պատճառեցին, արդա՛րօրէն, եւ յաջողեցան որոշ փթացումի մատնել Ապրիլ 24-ի սուր կիզակէտը, որ այլապէս, ինչպէս ծանօթ է, հարկադրաբար սահմանափակուած արտայայտութեամբ դրսեւորուեցաւ այս տարի (ու չմոռնանք, որ անցեալ երկու տարիներուն ալ, քաղաքական ծանօթ իրադարձութիւններու պատճառով, այլապէս նսեմացում ապրած էր):

Փոթորիկներէն մէկը ստեղծուեցաւ Արցախի հարցին լուծման մասին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութեան եւ անոր ստեղծած՝ միաձայն հակազդեցութեան դաշտին մէջ, անկախ անկէ, որ մեկնաբանութիւնները եղան տարաբնոյթ: Երկրորդ փոթորիկին պատճառը՝ Ցեղապանութեան թանգարանի (Ծիծեռնակաբերդ) տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի մէկ արտայայտութիւնն էր՝ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանախօսքին երկրորդ մասին՝ «կը պահանջեմ»ին զեղջեալ վերարտադրութեամբ, որուն կ’ընկերանային մեր մօտեցումները նորելու, վերաբանաձեւելու ակնարկութիւնները: Յետոյ, նորացուած բանաձեւը վերագտաւ նախկին ձեւը:

Նպատակ չունինք մտնելու ստեղծուած բանավէճերուն ոլորապտոյտին մէջ, ո՛չ ալ նոր մեկնաբանութիւններ գումարելու Լաւրովի կամ թուրքերու, ազերիներու եւ այլոց՝ այս կամ արտայայտութեանց արձագանգներուն վրայ (անկախ անկէ, որ անոնցմէ մաս մը շահեկան են եւ կարեւոր): Չենք ուզեր նաեւ հետախուզել, թէ Մարութեան ինչպիսի՞ բարի կամ պարտուողական-յետին տրամադրութիւններով ունեցած է նման դրսեւորում:

Մեզի համար կարեւորը՝ այս ու նման ԷԱԿԱՆ հարցերու, մեր հիմնահարցերուն մասին շփոթէ խուսափելու, անիմաստ եւ անհարկի շփոթներ չստեղծելու հրամայականն է, նաեւ՝ յիշեցնել, որ յիշեալ հարցերուն մասին հայութեան կեցուածքը ըստ ամենայնի բիւրեղացած է շատո՜նց, բազմիցս վերահաստատուած է նա՛եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ասդին, իրերայաջորդ իշխանութիւններու օրով:

Մեր կեցուածքը վէճ չի վերցներ, ոեւէ հայ չի կրնար այդ կեցուածքը քաղաքական սակարան մտցնել, ո՛վ որ ալ ըլլայ նման փորձ ընողը՝ իշխանական դիրքերու վրայ թէ ընդդիմադիր, մամուլի սպասարկու, մտաւորական-մշակոյթի կեանքի անդամ թէ տնտեսագէտ-առեւտրական:

Մեզ՝ իբրեւ բացարձակ արժէք՝ չեն հետաքրքրեր, պէտք չէ՛ հետաքրքրեն այն բանաձեւերը, որոնք տարբեր առիթներով հրապարակ կը նետուին ամէնէն բարեմիտ միջնորդներուն կողմէ անգամ, յաճախ՝ իբրեւ փորձանօթային «փուչիկ»: Սա՝ ո՛չ թէ անոր համար, որ պէտք է արհամարհել նման դրսեւորումներ ու արտայայտողներուն ազդելու ուժը, հեղինակութիւնը, այլ որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, մեզի համար պարզ է, բոլորին ալ պարզ պէտք է ըլլայ, թէ մեր միասնական կեցուածքն ու պահանջները կը բխին պատմական անփոփոխելի իրականութիւններէ, ամբողջ աշխարհին ու նոյնինքն զայն մէկտեղող ՄԱԿի որդեգրած օրէնքներէն ու բանաձեւերէն, այսինքն՝ մարդու եւ ազգերու ամէնէն տարրական իրաւունքներէն եւ այդ իրաւունքները գործադրուած տեսնելու պահանջէն:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

***

Եթէ պահ մը ենթադրենք, որ նա՛եւ հայ անհատներու եւ հաւաքականութիւններու համար պէտք է վերաքաղը ընել այդ կեցուածքերուն՝ արձանագրենք քանի մը նախադասութեամբ:

ԱՐՑԱԽը դարեր շարունակ պատկանած է հայութեան, եղած է Հայաստանի մէկ անբաժանելի մասնիկը, անոր վրայ հայկական պատմութիւն եւ մշակոյթ կերտուած է: Մօտաւորապէս 100 տարի առաջ, անիկա աղաղակող անարդարութեամբ մը եւ ծանօթ հաշիւներէ բխած՝ կամայականութեան մը հետեւանքով, «նուէր» տրուած է անկէ միայն քանի մը տարի առաջ աշխարհի քարտէսին վրայ տեղ շահած Ազրպէյճանին: Այնուհետեւ, ու տասնամեակներ շարունակ, հայկական այդ շրջանին հանդէպ ազերիական խտրական եւ հայաթափումի տանող վարքագիծը այլապէս արձանագրուած է սեւով ու կարմիրով, հետեւաբար, անմտութիւն է փորձել հայը համոզել, որ հրաժարի իր անվիճելի իրաւունքներէն, ալ ո՜ւր մնաց կրկնել ձախողած կենսափորձը:

Հետեւաբար, մեզի՝ հայերուս, նա՛եւ ամբողջ աշխարհին համար տագնապը ունի միայն մէկ լուծում՝ հայապատկան հողերուն Հայաստանի վերամիացումը (որ արդէն իրողապէս յաջողած է) եւ անոր վրայ ապրող հայութեան կեանքի ու բարգաւաճման ապահովութեան երաշխաւորումը, հեռու՝ թրքօ-ազերիական սպառնալիքներէ: Այս յստակ կեցուածքը ինքնաբերաբար անիմաստ կը դարձնէ լուծման «փաթեթային» կամ «հանգրունային» լուծման ընտրանքները, որոնք, ահաւասիկ կը տեսնենք թէ, պարզապէս Բիւզանդական բանավէճեր կը ստեղծեն, ուշադրութիւններն ու քաղաքական ներուժը կը տարածեն անիմաստ ոլորապտոյտներու մէջ:

Կը մնայ, որ այս անվիճելի կեցուածքը նոյնպիսի յստակութեամբ եւ անհերքելի փաստերով դրուին բանակցութեանց սեղանին, պահանջուի, որ հայութեան ու մասնաւորաբար Արցախի իրաւունքները հեռու պահուին քաղաքական, տնտեսական, ռազմավարական ու դիւանագիտական մանուածապատ հաշիւներէ, նկատի առնուին միայն ու միայն պատմական ճշմարտութիւններն ու Արդարութիւն հաստատելու պահանջը: Եւ թող ո՛չ ոք փորձէ մատին ետին պահուըտիլ, ըսելով, որ հարցը ըստ ամենայնի եւ սպառիչ քննարկումի չէ ենթարկուած, կը կարօտի յաւելեալ փաստարկումի…

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

***

Տարբեր չէ, տարբեր չի կրնար ըլլալ մեր պահանջատիրական կեցուածքը՝ ուղղակի Թուրքիոյ առնչուած մեր Դատին վերաբերեալ: Հոն ալ կան պատմական անփոփոխելի իրականութիւններ, կան ցեղասպանութեան մը պատմական իրականութիւնը, մեր պատմական հայրենիքի մէկ մեծ մասէն հայութեան հեռացուած ըլլալը, դարեր շարունակ հոն արարուած մշակութային ժառանգութիւններն ու զանոնք հետեւողականօրէն ոչնչացնելու թրքական գործողութեանց փաստերը: Այս բոլորը չտեսնելու համար, մարդիկ պէտք է կոյր ըլլան աչքերով ու միտքերով:

Հետեւաբար, հայ-թրքական հարցերուն լուծումն ալ պէտք է խտացնել պարզագոյն տարազի մը մէջ. վերադարձ՝ հայապատկան բոլոր հողերուն, հատուցում՝ մարդկային եւ նիւթական-մշակութային բոլոր կորուստներուն դիմաց, առաւել՝ վերամիացած Հայաստանի ապահով գոյատեւման եւ բարգաւաճումի պայմաններուն երաշխաւորումը:

Նման պարզ տարազում՝ ինքնաբերաբար կը հերքէ եւ ոչնչացումի փոսը կը նետէ բոլոր այլ վարկածները, օրինակի համար այն՝ որ հարցին քննարկումը եւ լուծման ձեւերը պէտք է թողուլ պատմաբաններուն: Պատմաբանը չի կրնար յիշեալ կեցուածքը հիւլէի մը չափով իսկ ժխտող եզրակացութեան հասնիլ: Սա պարզ սկզբունքներուն որդեգրումէն ու անոնց շուրջ համաձայնութենէ ետք, բնականաբար կը բացուի գործադրութեան մանրամասն ու մասնագիտական ծրագրումի փուլը, որ յամենայնդէպս կը դառնայ նուազ առաջնահերթ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

***

Վերոյիշեալ իրականութիւնները, մեր անսակարկելի կեցուածքներուն եւ պահանջներուն հիմները նորութիւն չեն: Այլ խօսքով, վերի տողերով՝ անիւի գիւտը չըրինք:

Անկէ ետք՝ ի՞նչ:

Անկէ անդին՝ կան նոյնքան կարեւոր քայլեր, որոնք պէտք է հիմնուին ու մեկնին մեր աներկբայ միասնականութենէն: Աւելորդ է շեշտելը, թէ նախ եւ առաջ մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ պէտք է արմատաւորել եւ վերահաստատել այս կեցուածքները, զայն ամրագրել իբրեւ ազգային ուխտ: Յետոյ, դիւանագիտական եւ կարելի բոլոր այլ միջոցներով անոնց հաղորդ դարձնել ո՛չ միայն խաղաղարար միջնորդները, այլ նաեւ միջազգային բոլոր ազդեցիկ շրջանակները, մեծ ու փոքր երկիրներն ու անոնց ժողովուրդներ. ցոյց տալ, որ մեր իրաւունքները կապ չունին համայնքային-կրօնական հաշիւներու կամ նկատումներու հետ: Եւ սա, պէտք է կրկնելով կրկնենք՝ անսահման աշխատանքի դաշտեր կը բանայ թէ՛ հայրենի պետութեան, թէ՛ ընդդիմադիրներու եւ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ, մեզ կը հարկադրէ լծակցութեան բերելու մեզի ճակատագրակիցները, մենք ալ դառնանք ուրիշներու լծակիցը:

Այս բոլորին կողքին, աւելի քան հրամայական է վերջ տալ «մենք մեզի հետ կռուելու» վարքագիծին, որ նորանոր դրսեւորումներ կը գտնէ՝ ամէն անգամ որ ներսէն կամ դուրսէն «պայթուցիկ» մը կը շպրտուի մեր իրաւունքներու հետապնդման դաշտին մէջ: Եթէ պահ մը վեր կանգնինք անհարկի զգացումներէն, կրնանք դիւրութեամբ տեսնել, որ նման «պայթուցիկներ» երբեմն կը նետուին մեր ուշադրութիւնը շեղելու, հեռացնելու համար կիզակէտէն, մինչեւ իսկ ի չգոյէ հակադրութիւններու դուռ կը բանան (չենք ուզեր հաւատալ, որ կան վարձկան կամակատարներ, իսկ եթէ կան՝ անոնց բացայայտումն ու մեկուսացումը, պատժումը այլ հրամայական է):

Չենք անտեսեր, որ միջազգային քաղաքական բեմին վրայ, մեզ ու աշխարհը կլանող այլազան փոթորիկներու մէջ, մեր նպատակներուն իրականացումը գաւաթ մը ջուր խմելու պէս բան է, սակայն արդեօք անկախութեան 30 տարիներն ու նախընթաց տասնամեակներու ենթահողերը՝ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, բաւարար դրամագլուխ չե՞ն մեր պայքարը ուժանիւթով օժտելու համար…:

Պայմանաւ որ անցեալի փորձերն ու փորձառութիւնները չանտեսուին, չմսխուին եւ ամէն քայլափոխի չունենանք այն զգացումը, թէ անիւի գիւտը նոր պիտի ընենք, ո՛չ ալ հարկադրուած ըլլանք կրկին ու կրկին արձանագրել, թէ մեր հիմնահարցերուն շուրջ միասնութիւնը անփոփոխելի է, պէտք չունի ամէն քայլափոխի վերանորոգումի կամ վրահաստատումի:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

www.aztagdaily.com/archives/471913

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail