«Հիւլէական Զէնքով Պիտի Հակադարձենք Սուզանաւերէ Արձակուած Թեւաւոր Հրթիռներով Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կը Զգուշացնէ Զախարովա

«Հիւլէական Զէնքով Պիտի Հակադարձենք Սուզանաւերէ Արձակուած Թեւաւոր Հրթիռներով Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կը Զգուշացնէ Զախարովա

02 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

THE OTTOMAN MILITARY FORCES LEAD ARMENIAN MEN TO A PLACE OF EXECUTION OUTSIDE THE CITY OF KHARPOUT. Ottoman Empire, March-June 1915.

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա զգուշացուց, որ Ռուսիան հիւլէական զէնքով պիտի հակադարձէ սուզանաւերէ արձակուած թեւաւոր հրթիռներով ամերիկեան որեւէ յարձակումի:

Զախարովա, մեկնաբանելով ամերիկեան սուզանաւեր հիւլէական մարտագլխիկներով օժտուած թեւաւոր հրթիռներով զինելու մասին ամերիկեան տեղեկատուութիւնները, նշեց. «Ռուսիա այդ քայլը կը նկատէ վտանգաւոր եւ կայունութիւնը քայքայող»:

«Այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ, հիւլէական ռազմավարական եւ ոչ ռազմավարական զէնքերու տարածման արգելքի դիտաւորեալ ջնջում է, եւ ատիկա հիւլէական տագնապի մը վտանգը կ’աճեցնէ», ըսաւ ան:

«Այս տեսակէտին համաձայն են ամերիկացի գիտնականներն ու նաեւ Քոնկրեսի անդամներ», աւելցուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – 1895

www.aztagdaily.com/archives/471965

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail