ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Գիտե՞ք, երբ 2008-ի տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամը հասաւ Հայաստան, հարուածը իրապէս բաւականին մեծ եղաւ,,,,,

Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) Հայոց այբուբենին եւ գրաւոր դպրութեան հիմնադիր սուրբը

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Գիտե՞ք, երբ 2008-ի տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամը հասաւ Հայաստան, հարուածը իրապէս բաւականին մեծ եղաւ,,,,,

05 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ:– //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Գիտե՞ք, երբ 2008-ի տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամը հասաւ Հայաստան, հարուածը իրապէս բաւականին մեծ եղաւ։ Տնտեսական նահանջը հասաւ 16 տոկոսի։ Այդ օրուան իշխանութիւնները՝ տխրահռչակ Սերժ Սարգսեանի ՀՀԿ-ն եւ անոր կրտսեր դաշնակիցները, հարիւրաւոր միլիոն տոլարի հասնող պարտք վերցուցին համաշխարհային ֆինանսական կառոյցներէ եւ տարբեր պետութիւններէ՝ ճգնաժամէն դուրս գալու պատրուակով։

Այդ տարիներուն շարունակաբար աճեցաւ Հայաստանի արտաքին պարտքը, մօտ 2 միլիառ տոլարէն հասնելով աւելի քան 6 միլիառ տոլարի։ Ժողովուրդը ի՞նչ ստացաւ այդ գումարներէն, գրեթէ ոչինչ։

Յաջորդող 4-5 տարիներուն մօտ 200 հազար մարդ հեռացաւ Հայաստանէն, Հայաստանի բնակչութիւնը պակսեցաւ 7-8 տոկոսով։ Իսկ ինչը՞ աւելցաւ։ Աւելցաւ իշխանութիւնը գրաւած մարդոց դրամատնային հաշիւները, Հայաստանի եւ օֆշորներու մէջ…

Հիմա եւս տնտեսական համաշխարհային տագնապ է։ Արդէն ազդեցութիւնը կը զգանք Հայաստանի մէջ։ Բարեբախտաբար առաւ-փախաւ իշխանութիւնները, իրենց մեծ ու փոքր դաշնակիցներով, անցեալին կը պատկանին այլեւս։

Իսկ ներկայ իշխանութիւնները դեռ պարտք չեն վերցուցած, եւ հակառակ ֆինանսական նեղ միջոցներուն, մի քանի հարիւր հազար հայ քաղաքացի կանխիկ գումար ստացած է պետութենէն, դժուար օրերը դիմագրաւելու համար։

Ու դեռ կան «հանճարեղ» մարդիկ, այստեղ եւ դուրսը, որոնք նախկին իշխանութիւններու կարօտախտով կ՚ապրին եւ կը փորձեն իրենց ունկնդիրներուն համոզել, որ Հայաստան պետութիւնը քանդուած է, երկիրը ընկղմած է քաոսի մէջ։

Այս իմաստակները կը կաւատա՞ն իրենց ըսածներուն, թէ՞ պարզապէս հակաքարոզչութիւն տանելու պատուէր կը կատարեն՝ ժամանակը ցոյց կու տայ։

Այսուհանդերձ, այս մունետիկները հաւանաբար շատ լաւ գիտեն, որ շատ, շատ քիչ են իրենց ըսածները բանի տեղ դնողները…

Ամէն անգամ երբ անցեալը յիշեմ, աւելի եւս փառք կու տամ Ամենակալին, որ ազատեցանք մենատէրերէն եւ թալանչիներէն, նոյնիսկ երբ երիտասարդ նորերը ունին բազմաթու սխալներ…

Այդ տեսակաւոր սխալներով հանդերձ, ես հաւատացած եմ, խորապէս հաւատացած եմ, որ անցեալի իշխանութիւններէն ձերբազատուելով՝ մենք մեծագոյն աղէտէ փրկուած ենք…

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՀԱՄԱՑԱՆՑ-ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱՔԼԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail