Առաջնագիծի Վրայ 225 Գերժամանակակից Տեսադիտարկման Սարք Տեղադրուած է․ ՊՆ Խօսնակ
06 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՀՀ ՊՆ ԶՈւ ժամկէտային անձնակազմի 74 տոկոսը արդէն կը սնուի նոր սննդակարգով, իսկ Մայիս 8-էն թիւը պիտի հասնի 90 տոկոսի։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանէն։
«Առաջնագիծի վրայ տեղադրուած է 225 գերժամանակակից տեսադիտարկման սարք։ Արդիւնաբերական հոսանք ստացած է 64, մշտական ջուրով ապահովուած է 134 մարտական դիրք։ Մոտուլային բաղնիք կահաւորուած է 35 մարտական դիրքի մէջ։ Մարտական դիրքերու անձնակազմի 54 տոկոսը կը սնուի նոր սննդակարգով»,- գրած է Ստեփանեանը, որ մէջբերած է կառավարութեան ծրագրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տարեկան զեկոյցի տուեալներէն։
yerakouyn.com/2020/05/06/առաջնագիծի-վրայ-225-գերժամանակակից-տեսա/