Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող Լիպիոյ Համաձայնական Կառավարութեան Ուժերը Ներխուժած Են «Ուաթիա» Ռազմակայան
06 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Լիպիոյ համաձայնական կառավարութեան ուժերը ձեռնարկեցին գործողութեան` գրաւելու մայրաքաղաք Թրիփոլիի արեւմուտքը գտնուող «Ուաթիա» օդուժի ռազմակայանը` զօր. Խալիֆա Հաֆթարի Լիպիոյ ազգային բանակէն: Անոնք օրերէ ի վեր արդէն պաշարած էին ռազմակայանը:
Զինուորական աղբիւր մը նշեց, որ ծանր հրետանին ճամբայ հարթած է ցամաքային ուժերու ներխուժման ռազմակայան, որուն մօտ բուռն բախումներ տեղի ունեցած էին:
Զօր. Հաֆթարի ուժերը ապրիլին յայտարարած էին, որ զինուորական գործողութիւնները կը դադրեցնեն` ընդառաջելով «Միջազգային ընտանիքի, քոյր ու բարեկամ երկիրներու կոչերուն»:
Լիպիոյ համաձայնական կառավարութիւնը պատասխանեց` նշելով, որ Խալիֆա Հաֆթարի կեցուածքը քաղաքային համաձայնութեան եւ երկրին մէջ քաղաքական բոլոր կառոյցներուն դէմ յեղաշրջում է:
www.aztagdaily.com/archives/472264