Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն. «Վարկածային Են Միացեալ Նահանգներու Յայտարարութիւնները` «Քորոնա»-ի Չինական Ծագման Մասին»

The Armenian Language, Armenian History and Armenian Culture are under my personal protection

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն. «Վարկածային Են Միացեալ Նահանգներու Յայտարարութիւնները` «Քորոնա»-ի Չինական Ծագման Մասին»

06 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

Նիւ Եորքի Նահանգապետ. «Մեր Երկիրը Հարուածած Ժահրը Եւրոպական Է»

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նշեց, թէ չունի որեւէ ապացոյց, որ կը հաստատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի պաշտօնատարերու «վարկածային» յայտարարութիւնները, թէ «Քորոնա» ժահրը ծագած է չինական Ուհան քաղաքի տարրալուծարանին մէջ:

«Իբրեւ փաստերու վրայ հիմնուող կազմակերպութիւն` մենք շատ ուրախ պիտի ըլլայինք ստանալ ժահրի ծագման առնչուած որեւէ տեղեկութիւն», ըսաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Ռայըն:

«Եթէ այդ տուեալներն ու ապացոյցերը իսկապէս հասանելի են, ապա Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան խնդիրն է որոշել` զանոնք հաղորդել, թէ ոչ: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համար դժուար է գործել տեղեկատուական բացի մէջ», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Այնպէս, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տեսանկիւնէն` այդ յայտարարութիւնները կը մնան վարկածային»:

Միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համար կարեւոր է աշխատիլ չին գիտնականներու հետ` հիմնուիլ անոնց տուեալներուն վրայ եւ «միասին պատասխաններ գտնելու» համար բաժնեկցիլ գիտելիքները, սակայն ան զգուշացուց զերծ մնալ այս հարցի քաղաքականացումէն:

«Եթէ ատիկա կ՛ընկալուի իբրեւ իրաւախախտումներու յարձակողական հետաքննութիւն, ապա ատոր հետ գործ ունենալը շատ աւելի բարդ է: Ատիկա քաղաքական հարց է», յայտնեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ նախապէս յայտարարած էր, որ «մեծաթիւ ապացոյցներ» կան, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը ծագած է չինական տարրալուծարանի մէջ:

«Կլոպըլ Թայմզ» Փոմփէոն եւ Թրամփը մեղադրած է «սուտ»-ին համար` ընդգծելով, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ապացոյցներ ունին, ապա ատոնք պէտք է ներկայացուին համապատասխան մարմիններուն:

«Եթէ Ուաշինկթըն ծանրակշիռ ապացոյցներ ունի, ապա պէտք է հետազօտական հիմնարկներուն եւ գիտնականներուն արտօնութիւն տայ զանոնք ուսումնասիրելու եւ ստուգելու», ըսուած է օրաթերթի խմբագրականին մէջ:

«Կլոպըլ Թայմզ» օրաթերթի խմբագիր Հու Սիցին իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է, որ Ուհանի տարրալուծարանին մէջ հետաքննութիւն կատարելու պահանջները «ամերիկեան ժողովուրդը յիմարի տեղ դնելու» փորձեր են:

Նիւ Եորքի նահանգապետ Անտրիւ Քոմօ յայտարարեց, որ իր երկիրը հարուածած ժահրը եւրոպական է, ոչ թէ չինական:

«Բոլորը կ՛ըսէին` Չինաստանին նայեցէք, եւ բոլորը կ՛ըսէին` «Չինաստա՛նը, Չինաստա՛նը, Չինաստա՛նը»… Նոյեմբերին ու դեկտեմբերին Չինաստանը հարուածած ժահրը անցաւ Եւրոպա, եւ Միացեալ Նահանգները հարուածածին տեսակին աղբիւրը եւրոպական էր», աւելցուց Քոմօ:

«Այն պահուն, երբ օդակայաններուն մէջ Չինաստանէն եկողները կը քննէինք, վարակուած եւրոպացիները կազմուած շարքերուն մէջ անոնց կ՛անցնէին ու մուտք կը գործէին` իրենց հետ փոխադրելով ժահրի այդ տեսակը, զոր այս շրջանը կը հարուածէր: Եւ ամերիկեան առողջապահական շրջանակները անցեալ շաբաթ այս մասին յայտարարեցին նախորդ փետրուարէն պարագաներ սերտած իրենց մանրամասն ուսումնասիրութեան մէջ», նշեց Նիւ Եորքի նահանգապետը:

Սպիտակ տան բժշկական խմբակի անդամ Անթընի Ֆաուչի, իր կարգին, հերքեց, որ կարելի ըլլայ «Քորոնա» ժահրը արտադրել կամ անիկա դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած ըլլայ:

Թրամփի առեւտրական հարցերու խորհրդական Փիթըր Նաւարօ նշեց, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը ի յայտ բերաւ, որ Միացեալ Նահանգներ որքանո՛վ կախեալ են Չինաստանէն:

Սպանիոյ աշխատանքի նախարարութիւնը` հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ ապրիլին անգործներուն թիւը աւելցած է 282.891-ով, երբ այդ թիւը մարտին 300 հազար էր: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ անգործներու պետական օժանդակութիւններու աճը ապրիլին պատմական մակարդակ արձանագրած է` հասնելով 137 առ հարիւրի:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նոր հաշուետուութեան համաձայն, երկրին մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի պարագաներուն թիւը 1 յունիսի դրութեամբ պիտի աճի օրական գրեթէ 200.000-ով, իսկ մահուան պարագաները` 3000-ով: «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին ձեռք բերած փաստաթուղթի պատճէնին համաձայն, 14 մայիսէն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ հիւանդութեան պարագաներու կտրուկ աճ պիտի արձանագրուի:

Նախատեսումները կատարուած են մինչեւ 1 յունիս, սակայն, փաստաթուղթին համաձայն, հիւանդութեան եւ մահերու ամէնօրեայ դէպքերու կտրուկ աճ պիտի արձանագրուի 1 յունիսէն ետք:

Սպիտակ տունը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, թէ լրատուամիջոցներու մէջ «արտահոսած» փաստաթուղթը «Սպիտակ տան փաստաթուղթ չէ»:

«Միացեալ Նահանգներու փուլային վերաբացման վերաբերեալ նախագահին որոշումը գիտականօրէն հիմնաւորուած մօտեցում է, որուն համակարծիք են դաշնակցային կառավարութեան մէջ առողջապահութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու ոլորտի յառաջատար փորձագէտները: Ամերիկացիներու առողջութիւնը կը մնայ նախագահ Թրամփի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը», ըսուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:

Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարը յայտարարած է, որ փաստաթուղթը պիտի չփոխէ աշխատանքի վերսկսելու Սպիտակ տան ծրագիրները:

Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը` յղում կատարելով բրիտանական եւ աւստրալական հետախուզութիւններու ներկայացուցիչներուն, հաղորդեց, որ Բրիտանիան եւ Աւստրալիան որեւէ կապ չունին այն տեղեկատուութեան հետ, թէ Չինաստան կը թաքցնէ «Քորոնա» ժահրի ստեղծման փորձերը:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը, նախապէս վկայակոչելով «Հինգ աչք» հետախուզական միութեան (Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Քանատա, Բրիտանիա, Նոր Զելանտա) զեկուցումը, յայտնած էր, թէ Չինաստանի իշխանութիւնները դիտաւորեալ կերպով կը թաքցնեն երկրին մէջ ժահրի բռնկման մասին տուեալները եւ ոչնչացուցած են տարրալուծարանի մէջ ատոր վերաբերող փորձերու ապացոյցները:

«Իմ կարծիքովս` ատիկա հակաքարոզչութիւն կատարելու եւ Չինաստանին վրայ ճնշում բանեցնելու միջոց է», «Կարտիըն»-ին ըսած է աւստրալական հետախուզութենէն աղբիւրը` նշելով, որ տեղեկութիւնը դուրս եկած է ամերիկեան հետախուզութենէն եւ միւս չորս երկիրներու հետախուզական ծառայութիւնները ատոր հետ կապ չունին:

Բրիտանական կառավարական շրջանակներէն զրուցակիցը «Կարտիըն»-ին պատմած է, որ երկրի հետախուզութիւնը տեղեկութիւններ չէ ունեցած Չինաստանի մէջ կատարուող գաղտնի փորձերու եւ ատոնց ապացոյցներու ոչնչացման մասին:

Միւս կողմէ, «Կարտիըն» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մասնագէտները արդէն ապաքինած թոքի բորբոքումով հիւանդներու հին նմուշներ կրկնակի քննութեան ենթարկած են եւ յայտնաբերած, որ 27 դեկտեմբերին «Քորոնա» ժահրէ վարակուած մարդ մը բուժած են. ատկէ միայն մէկ ամիս ետք է, որ ֆրանսական կառավարութիւնը յայտնած է երկրին մէջ ժահրով վարակման առաջին դէպքերուն մասին:

Փարիզի հիւսիսային արուարձաններուն մէջ գտնուող «Աւիսեն» եւ «Ժան Վերտիէ» հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքի ղեկավար, տոքթ. Իվ Քոհենի համաձայն` գիտնականները վերաքննութեան ենթարկած են նմուշները դեկտեմբերին եւ յունուարին բուժում ստացած 24 հիւանդներու, որոնցմէ մէկուն մօտ «Քորոնա» ժահրի գոյութիւնը հաստատուած է:

Բժիշկին խօսքով` առաջին վարակակիրը գիտնալէ ետք կարելի պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ ժահրը ինչպէս տարածուած է, սակայն տակաւին շատ կանուխ է հասկնալու, թէ անիկա Ֆրանսայի մէջ առաջի՞ն եղածն է, թէ՞ ոչ:

Կայքին փոխանցմամբ` տղամարդը 15 օր հիւանդ եղած է եւ վարակած է իր երկու երեխաները, սակայն ոչ հանրախանութի մէջ աշխատող կինը:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիու Կութերեշ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը կրնայ պահանջել հինգ անգամ աւելի քան 7,5 միլիառ եւրօ, որ կը ծրագրուի հաւաքել Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ` միջազգային նուիրատուութեան առցանց խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Կ՛ողջունեմ շռայլ ներդրումները` 7,5 միլիառ եւրօ հաւաքելու նախնական նպատակով: Այդ միջոցները առաջին ներդրումն են անհրաժեշտ արագութեամբ նոր մշակումներու», նշեց ան` աւելցնելով, որ բոլոր պետութիւններուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ այդ գումարէն հինգ անգամ աւելին` շուրջ 37,5 եւրօ:

Ան նոյն ատեն կոչ ուղղեց բոլոր գործընկերներուն` աջակցութիւն ցուցաբերելու:

Նոր Զելանտայի մէջ երկրորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակում չարձանագրուեցաւ, իսկ Հարաւային Քորէայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան վարակման 3 պարագաներ, որոնք երկրորդ օրն ըլլալով արտասահմանէն վերադարձածներուն կարգին էին: Նոյն ատեն արձանագրուեցան մահուան 2 պարագաներ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 10.804-ի, իսկ մահացածներունը` 254-ի: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 685 եւ մահուան 139 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 163.860-ի, իսկ մահացածներունը` 6831-ի:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1614 եւ մահուան 64 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 127.659-ի, իսկ մահացածներունը` 3461-ի: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 462 եւ մահուան 9 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 15.192-ի, իսկ մահացածներունը` 146-ի: Օմանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 98 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 2735-ի, մահացածներունը` 12-ի: Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան վարակման 10.102 եւ մահուան 95 պարագաներ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 155.370-ի, իսկ մահացածներունը` 1451-ի:

Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.212.955-ի, իսկ մահացածներունը` 69.925-ի: Վրաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 604-ի, իսկ մահացածներունը 9-ի: Աւստրալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 6800-ի, իսկ մահացածներունը` 96-ի:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

aztagdaily.com/archives/472261

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail