«Ազդակ»-ի խմբագրական – Շուշին Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Յենակէտ Է

Շուշին Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Յենակէտ Է

«Ազդակ»-ի խմբագրական – Շուշին Անվտանգութեան Ապահովման Հիմնական Յենակէտ Է

08 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Շուշի ազատագրումը. 400 հոգի, կանգնած մթնշաղին, եւ բոլորի մէջքին վրայ` խաչ

ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Մայիսեան եռատօնը եւ տակաւին նոյն ամսուան մէջ յառաջիկային նշուելիք՝ Մայիս 28-ի ազգի վերականգնման տօնը այս ամսուան համար ձեւաւորած են մեր համազգային արժէքաբանութեան մէջ յատուկ իմաստ, նշանակութիւն, խորհուրդ։

Մայիս 8-ը սակայն ամէնէն շատ կը կեդրոնանայ Շուշիի ազատգրումի ունեած ռազմավարական նշանակութեան վրայ, որ ըստ էութեան դարձաւ նաեւ ամբողջ Արցախի ազատագրումի կարեւորագոյն անկիւնաքարը։ Շուշին ռազմագիտական առումով դարձաւ յենակէտը ամբող Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ այդ ճամբով նաեւ ՝Հայաստանի Հանրապետութեան։ Շուշին, ըստ էութեան երաշխաւորեց թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի հանրապետութիւններու անվտանգութիւնը։ Այդ հանգամանքով նաեւ պետականութեան շարունակականութիւնը։

Հետագայ ազատագրումները խորքին մէջ ունէին Շուշիի ռազմագիտական ելակէտը։ Իւրաքանչիւր անվտանգութեան յենակէտը ապահովում բացի պատմական հողերու ազատագրման տեսլականէն ունէր նաեւ անվտանգութեան յաւելեալ կայացման, ամրակայման խնդիր։ Ազրպէյճանը շարունակական ձեւով կը փաստէր, որ միշտ պատրաստ է ոտընձգութեան սպառնալով արցախահայութեան ֆիզիքական գոյութեան։ Ազատագրումներու շղթային շրջադարձային կէտը կարելի է համարել Շուշին, որ հունաւորեց հետագայ դիպաշարը։

Փուլային ազատագրումներու այս շղթան սահմանածեց այսօրուան փաստացի տարածքները, Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Առանց անվտանգութեան յենակէտին կարելի պիտի չըլլար ազատագրումներու յաջորդականութեան իրականացումը։

Անվտանգութեան գերակայութիւնը այսօր անշրջանցելի սկզբունք է բանակցութիւններուն։ Բանակցութիւններ, որոնք հայկական կողմին համար կայացած են ինքնորոշման իրաւունքի, ցեղասպանութեան չենթարկուելու, ,հետեւաբար անվտանգութիւնը ապահովելու անտեղիտալի սկզբունքներուն վրայ։ Արցախահայութիւնը ինքնապաշտպանուեցաւ եւ ինքնորոշուեցաւ ցեղասպանութեան չենթարկուելու համար․այլ խօսքով ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը համոզեց բոլորը, որ Պաքուն չէ հրաժարած ցեղային զտում կատարելու իր մտադրութիւններէն։ Բանակցութիւնները վերադարձան զեռօ կէտ։ Միջազգային ընտանիքը առաջադրեց հակամարտող կողմերուն միջեւ գտնուող գիծերու վրայ գործնապէս երաշխաւորել անվտանգութեան գործիքակազմերու արդիւնաւէտ աշխատիլը։ Պաքուն դարձեալ խափանեց գործընթացը։

Երբ յարձակողապաշտութիւնն ու ատելութիւնը պետական վարքագիծի մնայուն դրսեւրումներու տեսք ունին, փուլային բանակցութիւնները կը դառնան սպառնալիք անվտանգութեան։ Մանաւանդ փուլային տարբերակը (գէթ հրապարակայնացուած առաջին կէտով), որ կը խօսի յարակից տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացման մասին։Փուլայինը իր առաջին կէտով հիմնովին կը հակասէ արցախահայութեան ազատամարտի առաջնագոյն սկզբունքներուն։ Որովհետեւ առաջին կէտը արդէն իսկ կը սպառնայ արցախահայութեան անվտանգութեան՝ ցեղային զտման վարքագիծէ չհրաժարող վտանգը մօտեցնելով արցախահայութեան։

Հայկական բանակցող կողմը կը մասնակցի բանակցութիւններուն իբրեւ Արցախի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշախաւոր։ Փուլայինը սպառնալիք է մեր անվտանգութեան։

Շուշին անվտանգութեան ապահովման միջնաբերդն է․ կը յուշէ, որ արիւնով ազատագրուածը բանակցելի չէ։

Shushi-The crusaders of Shushi

yerakouyn.com/2020/05/08/շուշին-անվտանգութեան-ապահովման-հիմն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail