Դուք Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան Խորհրդանիշն էք. Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալած է Արցախի Հերոս Արկադի Տէր Թադէւոսեանը
08 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձի առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հիւրընկալած է Արցախի հերոս, Շուշիի ազատագրման գործողութեան հրամանատար Արկադի Տէր Թադէոսեանը:
«Շուշիի ազատագրումը շատ մեծ նշանակութիւն ունի բոլորիս համար: Շուշիի ազատագրումէն յետոյ ամէն մարդ գիտէր, որ` վերջ, պատերազմը պիտի յաղթենք,- շնորհաւորելով հրամանատարը` ըսած է նախագահ Սարգսեանը:- Քսանութ տարի առաջ տեղի ունեցածին տրուած են տարբեր գնահատականներ, բայց իմ գիտակցութեան մէջ Դուք Շուշիի ազատագրման օրուան խորհրդանիշն էք: Ի հարկէ, լաւ պիտի ըլլար, որ մեր միւս ընկերները եւս այստեղ ներկայ ըլլային: Եռաբլուրի ամէն մէկ մարտիկ հերոս է, անկախ անկէ` պետութիւնը զայն յայտարարա՞ծ է ազգային հերոս, թէ՞ ոչ: Անոնք բոլորը հերոսներ են:
Որպէսզի յաղթանակը մշտական ըլլայ, պէտք է ամէն օր աշխատինք, որ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Արցախը ըլլան հզօր, ուժեղ թէ՛ տնտեսութեամբ, թէ՛ պետական կառուցուածքով, թէ՛ բանակով: Ունենանք հզօր Հայաստան եւ հզօր Արցախ»:
Արկադի Տէր Թադէւոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է գնահատանքի եւ հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ Շուշիի յաղթանակը մեր ժողովուրդի միասնականութեան շնորհիւ էր: «Մենք ազգովի այդ պայքարը մղած ենք, միայն բանակը չէր: Ատիկա մեր ժողովուրդի միասնութեան յաղթանակն էր: Ապագային նոյնպէս մենք ունինք այդ միասնականութեան կարիքը` յետագայ յաղթանակներու համար»,- նշած է Արկադի Տէր Թադէւոսեան:
yerakouyn.com/2020/05/08/դուք-շուշիի-ազատագրութեան-օրուան-խոր/