Պաղեստին Կը Սպառնայ Ջնջել Իսրայէլի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բոլոր Համաձայնութիւնները
08 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը կը մերժէ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմընի այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն պատրաստակամութիւն յայտնած է ճանչնալու Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանի տարածքներու բռնակցումը, եւ կը խոստանայ այդ պարագային դուրս գալ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններէն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմընի յայտարարութիւնը, թէ բռնակցման մասին որոշումը Իսրայէլինն է, սուտ է, որովհետեւ ատիկա հիմնուած է «Դարու գործարք»-ի եւ ամերիկեան քարտէսներու վրայ», յայտնած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա:
«Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ բռնակցման իրաւունք չունին, ինչ որ նաեւ ոչ օրինական է եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքին: Նախագահ Մահմուտ Ապպաս ընդգծած է, որ Իսրայէլի եւ Ամերիկայի հետ բոլոր համաձայնութիւններն ու պայմանաւորուածութիւնները պիտի ջնջուին, եթէ Իսրայէլ բռնակցման մասին յայտարարէ», աւելցուցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի բանբերը:
Միւս կողմէ, 30 ապրիլին Օմանի Քաթարի ու Քուէյթի եռեակի, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի եւ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչները տեսաժողով մը ունեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ` շեշտելով Իսրայէլի բնակեցման ու բռնակցումի քաղաքականութեան անօրինականութիւնը:
Պատուիրակութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան վարմունքը կ’ոտնահարէ ՄԱԿ-ի որոշումները եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները` զգուշացնելով, որ իսրայէլեան անօրինական քայլերը չդադրելու պարագային պիտի յանգեցնեն մէկ պետութեան իրողութեան եւ յաւելեալ տագնապի ու տառապանքի եւ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան առիթներու ականահարման:
www.aztagdaily.com/archives/472390