Լիպիոյ Մէջ Ռմբակոծում` Թուրքիոյ Եւ Իտալիոյ Դեսպանատուներուն Ուղղութեամբ

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Լիպիոյ Մէջ Ռմբակոծում` Թուրքիոյ Եւ Իտալիոյ Դեսպանատուներուն Ուղղութեամբ

09 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Spirituel home of armenians, Adiyaman, Western Armenia

Ուաշինկթըն Հաֆթարի Ուժերուն Թրիփոլիի Դէմ Յարձակումը Կը Նկատէ «Վատ Լուր»

Միացեալ Նահանգներ «վատ լուր» նկատեց Խալիֆա Հաֆթարի ուժերուն կողմէ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ յարձակումը:

Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի հարցերու արտաքին գործոց փոխնախարար Հենրի Ուեսթ յայտնեց, որ իր երկիրը չի զօրակցիր Լիպիոյ ազգային բանակին Թրիփոլիի դէմ գործողութիւններուն` զգուշացնելով, որ յարձակումը ուշադրութիւն կը շեղէ «ՏԱՀԵՇ եւ Քայիտա կազմակերպութիւններուն» դէմ պատերազմի առաջնահերթութենէն:

Լիպիոյ ազգային բանակը երէկ յայտարարեց, որ վար առած է Թրիփոլիի արեւմուտքը թռիչք կատարող թրքական անօդաչու սարք մը:

Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի Զաուիաթ Տահման շրջանը, ուր կը գտնուի Թուրքիոյ դեսպանատունը, ենթարկուած է ռմբակոծումի, որուն պատճառով մահացած է երեք անձ, եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը:

Շրջանը ռմբակոծուած է «Կրատ»¬ներով: Թրքական լրատուամիջոցներն ու Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան պաշտօնեաները կը նշեն, որ ռմբակոծումը կատարած է Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարը:

Լիպիոյ համաձայնական կառավարութիւնը յայտնեց, որ Լիպիոյ Ազգային բանակի արձակած ռումբերը Թուրքիոյ եւ Իտալիոյ դեսպաններուն կեցութեան վայրերուն շատ մօտ ինկած են, ինչ որ դիւանագիտական առաքելութիւնները պաշտպանել պահանջող միջազգային օրէնքի խախտում է:

Իտալիան, իր կարգին, բուռն կերպով դատապարտեց ռմբակոծումը:

Turkey ignores own history

aztagdaily.com/archives/472480

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail