«Այսրյորդանանի Եւ Յորդանանի Հովիտին Վրայ Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Յայտարարումը Շաբաթներու Հարց Է» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
09 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն նշեց. «Այսրյորդանանի եւ Յորդանանի հովիտին վրայ իսրայէլեան գերիշխանութեան յայտարարումը շաբաթներու հարց է»` աւելցնելով, որ կը հասկնայ իսրայէլեան աջին կեցուածքը, թէ չի կրնար Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պաղեստինեան պետութեան մը կազմութեան համաձայնիլ:
«Տրամաբանական չէ ակնկալել, որ Իսրայէլ հրաժարի Գալիլիայէն եւ Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերէն», շեշտեց Ֆրիտմըն` մերժելով այն խօսքը, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը կը սպաննէ խաղաղութիւնը, որովհետեւ պաղեստինցիներուն աւելի մեծ տարածք կը տրամադրէ, քան ինչ որ անոնք ունին այսօր:
«Իրենք Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ կապ ստեղծեցին, այն ենթադրութեամբ, որ օր մը միացեալ պաղեստինցի ժողովուրդ ըլլայ: Ասիկա մեծ ձեռքբերում է, եւ Իսրայէլ ստիպուած չէր զիջիլ իր գերիշխանութեան տակ գտնուող հողերը», ըսաւ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
«Այսօր մեծ առիթ մը գոյութիւն ունի, եւ երկիրներու մեծամասնութիւնը այդ մէկը կը հաստատեն: Միակը, որ հին ճամբուն կառչած կը մնայ, հին ճամբուն պատկանելով պարծենալու համար կը կատարէ ատիկա: Սակայն ձախողեցաւ: Աշխարհի երկիրներու մեծամասնութիւնը չդատապարտեց ծրագիրը, ընդհակառակը շատերէ, նաեւ արաբական շրջանակէն, հոյակապ արձագանգներ ստացանք», յայտնեց ան:
aztagdaily.com/archives/472481