«Քորոնա»-ն Օտարներու Նկատմամբ Ատելութեան Ջրհեղեղ Պատճառեց», Կ՛ըսէ Կութիերես
09 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտնեց. «Քորոնա»-ն կը շարունակէ օտարներուն նկատմամբ ատելութեան եւ այլամերժութեան զգացումներու, զանոնք քաւութեան նոխազ դարձնելու եւ խուճապի ջրհեղեղ մը պատճառել»:
«Օտարներու դէմ զգացումի ալիք բարձրացած է առցանց եւ փողոցներուն մէջ: Հակասեմական դաւադրութեան տեսութիւններ տարածուած են, եւ իսլամներու դէմ «Քորոնա»-ին առնչուած յարձակումներ գործուած են», աւելցուց ան:
Կութիերեսի համաձայն` գաղթականներ ու տեղահանուածներ «վատաբանուած են իբրեւ ժահրին աղբիւրը, ապա զրկուած են բժշկական դարմանումէ»:
Մինչ այդ «նուաստալի ծաղրանկարներ երեւան եկած են, ըստ որոնց, տարեցները, որոնք ժահրէն ամէնէն շատ խոցելին են, «նաեւ` ամէնէն զոհաբերուելիքը», ըսաւ ան:
Աւելի՛ն, «լրագրողներ, քննադատներ, առողջապահութեան փորձագէտներ, մարդասիրական աշխատանք տանողներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ թիրախներու կը վերածուին պարզապէս իրենց պաշտօնը կատարելնուն համար», նշեց Կութիերես:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց «համատարած ջանք ի գործ դնելու աշխարհի տարածքին ատելութեան խօսքին վերջ տալու համար»:
Կութիերես նաեւ լրատուամիջոցներուն, մասնաւորաբար ընկերային ցանցի ընկերութիւններուն, կոչ ուղղեց` ցեղապաշտական եւ այլ վնասակար գրութիւնները վերցնելու:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ դաշինքը կը պատրաստուի համաճարակի հաւանական երկրորդ ալիքին: «Փորձագէտները կ՛ըսեն, որ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքին: Ուստի մենք այժմ նախագիծ կը մշակենք, որպէսզի կարողանանք օգնել եւ աջակցիլ անդամ պետութիւններուն եւ գործընկեր երկիրներուն», ըսաւ Սթոլթենպերկ:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Քրիսթոֆ Քասթաներ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի սահմանները ծայրայեղ պարագային փակ պիտի մնան մինչեւ 15 յունիս:
11 մայիսին մեկուսացման դրութեան մեղմացումէն ետք երկրի սահմանները փակ պիտի մնան մինչեւ հետագայ յայտարարութիւն:
Բացի ատկէ, վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ ըսած է, թէ երկիրը երկուշաբթի, 11 մայիսէն սկսեալ պիտի սկսի աստիճանաբար վերցնել սահմանափակումները, որոնց մէկ մասը ի զօրու պիտի մնայ փարիզեան շրջանին մէջ, ուր տակաւին ժահրով վարակումներ կան:
«Երկուշաբթի օրուընէ մենք աստիճանաբար պիտի վերցնենք մեկուսացման դրութիւնը, սակայն երկիրը բաժնուած է երկու մասի, մանաւանդ որ ժահրը որոշ շրջաններու մէջ, յատկապէս Իլ տը Ֆրանս շրջանին մէջ աւելի արագ կը տարածուի», նշեց ան:
Ֆրանսայի այլ մասերու մէջ միջնակարգ դպրոցները, սրճարանները եւ ճաշարանները կրնան բացուիլ յունիսի սկիզբը, եթէ վարակման մակարդակը ցած մնայ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը, ափրիկեան 47 երկիրներու մէջ իր կատարած հետազօտութիւններու տուեալներուն վրայ հիմնուելով, հաղորդեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարի քայլերու անարդիւնաւէտութեան պարագային Ափրիկէի մէջ համաճարակին պատճառով կրնայ առաջին տարուան ընթացքին 29 միլիոնէն 44 միլիոն մարդ ժահրով վարակուիլ եւ շուրջ 83.190 հոգի մահանալ :
Կազմակերպութիւնը նաեւ զգուշացուց, որ ժահրը կրնայ տարիներ շարունակ մնալ Ափրիկէի ցամաքամասին վրայ:
Վերջին տուեալներու համաձայն, ամբողջ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է աւելի քան 3,9 միլիոն հոգի, եւ 270.740 անձեր մահացած են:
aztagdaily.com/archives/472491