Ասպետ Հարմանտայեան – Նոյն էր երեկ, նոյն է Այսօր – Մանկապարտէզ, տգիտութեան գագաթնակէտ,,,,,Ե՞րբ պիտի ունենաք մասնագիտացուած կառավարութիւն,,,,,
09 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Նոյն էր երեկ, նոյն է Այսօր։
Մանկապարտէզ, տգիտութեան գագաթնակէտ։
Ե՞րբ պիտի ունենաք մասնագիտացուած կառավարութիւն, ու օրինակելի տիպար մտաւորականութիւն ինչպիսին էր մեր առաջին հանրապետութիւնը։ Ազագին ժողովին որ այսօր հետեուիս, կարծես մանկապարտէզի օրերդ յիշես ու նաեւ ՀՀՇ/ՀՀԿ֊ի օրերը։ Ափսո՜ս յոյս չմնաց։ 2 Տարին եւս կորսուած է պետականութիւնը զօրացնելու։
Մայիս 8/9 Շնորհաւոր։ Շատ լաւ է որ ունինք հպարտանալու “Մահանա” մը այսօր։
Aram Serj Tovmassian – Պատասխանը արեւի պէս յստակ է։
Ա հանրապետութիւնը կերտեց Դաշնակցութիւնը եւ օրին ժողովուրդը վստահեցաւ միայն իրեն։
Միայն Դաշնակցութիւնը կրնայ վերադարձնել Հայաստանը իր փառքի օրերուն, երբ որ ժողովուրդը իր բոլշեւիկ մտածողութիւնէն ելլէ եւ դարձեալ վստահի Դաշնակցութեան :
1+1=2
Ասպետ Հարմանտայեան – Aram Serj Tovmassian
Մասամբ համաձայն եմ Արամ, բայց նրբութիւններ կան ՀՅԴ֊ի հարցով որ պէտք չէ անտեսել։
“Խօսքը առանց գործի մեռեալ Է” Ս. Զաւարեան։ Եկուր առարկայական ըլլանք։ Ի՞նչ ըրած ենք վերջին 20 տարուայ ընթացքին որ այսօր ՀՅԴ֊ն ներկայութիւն չունի Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ (ԱԺ) ու սոյն պարտութիւնը հաստատեց նաեւ Արցախի մէջ ունենալով ընկրկում։ Պէտք է այս հարցումը սեղանի վրայ դնել, լաւ մը ուսումնասիրել, պատասխանը գտնել, եւ անպայման սրբագրել։
“Պատմութիւն ունինք, սփիւռք ունինք, մեզի քուէ տուէք”, ծրագիր կամ գործ չէ։ “Բոլշեւիկի տրամաբանութիւնն է յանցաւորը” նոյնպէս։
Լաւ… ինչ ըրած է ՀՅԴ֊ն որպէսզի այդ մէկը փոխէ։ Ուրիշ տեղ պէտք չէ փնտրել սխալը ու այդպիսով շարունակել նոյն ոճը ու ճամբան։ Ժողովուրդը չէ որ սխալ է։ Ժողովուրդը իր քուէով կը դատէ առօրեայ լսածը, տեսածը մաշկի վրայ զգացածը եւայլն։
Քաղականութիւնը համոզելու գործընթացքէ։ Ժողովուրդի վստահութիւնը ձեռք կը բերուի օրինակելի տիպար աշխատանքով ու ամէնօրեայ գործով, ժողովուրդիդ խնդիրներուն ու հոգերուն ստոյգ պատասխան տալով ու իր կողքին գետնի վրայ ըլլալով, նաեւ օրինակելի ղեկավարութիւն ունենալով։
Պատմութիւն ունենալը բաւարար չէ, պէտք է ճիշդ գործերով ու ծրագրով պատմութիւն կերտել, այսօր։ Բան մը որ վերջին 20 տարիներու ընթացքին չտեսանք, դժբախտաբար։
Քննադատութիւն էր գրածս, ոչ թէ գրածիդ, այլ այսօրուայ իրավիճակին իբրեւ հետեւանք։ Ժողովուրդին քուէն նոյնպէս քննադատութիւն մըն էր որ ի նկատի պէտք է առնուի։
Լաւ կ’ըլլայ ըսենք։
ՀԱՄԱՑԱՆՑ-Ասպետ