Ապտակ Թուրքիոյ Երեսին. Էրտողան Կը Հակազդէ. «Տեղ Պիտի Չտանք Հայերուն եւ Յոյներուն»

Ապտակ Թուրքիոյ Երեսին. Էրտողան Կը Հակազդէ. «Տեղ Պիտի Չտանք Հայերուն եւ Յոյներուն»

13 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ԿԵԱՎՈՒՐ-երը ԵՒ ՄԵՆՔ:

LES FORCES MILITAIRES OTTOMANES CONDUISENT DES HOMMES ARMÉNIENS VERS UN LIEU D’EXÉCUTION EN DEHORS DE LA VILLE DE KHARPOUT. Empire ottoman, mars-juin 1915.

Եր­կու­շաբ­թի՝ 11 ­Մա­յի­սին, ­Յու­նաս­տա­նի, ­Կիպ­րո­սի, Ե­գիպ­տո­սի, Ֆ­րան­սա­յի եւ Ա­րա­բա­կան ­Միա­ցեալ է­մի­րու­թիւն­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը դա­տա­պար­տե­ցին ­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ, յատ­կա­պէս ­Կիպ­րո­սի հո­րատ­ման ծո­վա­յին գօ­տի­նե­րուն վրայ եւ ­Յու­նաս­տա­նի դէմ։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ «Ազատ օր»-էն։

­Հինգ եր­կիր­նե­րու միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշո­ւած է, թէ ­Թուր­քիա ա­պօ­րէն հո­րա­տում­ներ կը կա­տա­րէ ­Կիպ­րո­սի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ծո­վա­յին տա­րածք­նե­րուն վրայ։

Ա­նոնք, բուռն կեր­պով դա­տա­պար­տե­ցին նաեւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ յու­նա­կան օ­դա­յին եւ ծո­վա­յին սահ­ման­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան բռնա­բա­րում­նե­րը եւ գաղ­թա­կան­նե­րու խա­ղա­քար­տը օգ­տա­գոր­ծե­լու փոր­ձե­րը՝ ­Յու­նաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը ա­պօ­րէն կեր­պով հա­տե­լու նպա­տա­կով։ ­Միա­ժա­մա­նակ, յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը դա­տա­պար­տո­ւի ­Լի­պիոյ մէջ թրքա­կան ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Ջ­ղա­յին եւ գրգռիչ կեր­պով, նա­խա­գահ Էր­տո­ղան փոր­ձեց հա­կազ­դել 5 եր­կիր­նե­րու միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեան։ Ան պնդեց, որ ­Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ պաշտ­պա­նել իր ի­րա­ւունք­նե­րը եւ շա­հե­րը ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի, Է­գէա­կա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի վրայ։

Ջ­ղագրգ­ռու­թեան պոռկ­թում ու­նե­նա­լով, այս ան­գամ թուրք նա­խա­գա­հը թի­րախ դար­ձուց «հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը» (lobby) եւ յայտ­նեց.- «­Տեղ պի­տի չտանք Փ.Ք.Ք.ին, ոչ ալ ­Ֆե­թո­յա­կան­նե­րուն, մէկ ա­ւե­լի՝ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն, չա­րի­քի բո­լոր այն ու­ժե­րուն, ո­րոնք յա­ռաջ կու գան ­Ծո­ցի եր­կիր­նե­րէն»։

GENOCIDE ARMENIAN -turc15-1895 erzurum-victims – Genocide perpetrated by the Ottoman Empire, today Turkey

yerakouyn.com/2020/05/12/ապտակ-թուրքիոյ-երեսին-էրտողան-կը-հակա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail