«Չինաստանէն Կիպրոս Օժանդակութիւն Փոխադրող Օդանաւը Յարմար Պահու Դիմում Չներկայացուց Մեր Օդային Տարածքը Օգտագործելու» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարության մամլո խոսնակ Համի Աքսոյ

«Չինաստանէն Կիպրոս Օժանդակութիւն Փոխադրող Օդանաւը Յարմար Պահու Դիմում Չներկայացուց Մեր Օդային Տարածքը Օգտագործելու» Կ՛ըսէ Աքսոյ

16 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ, պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ Չինաստանէն Կիպրոս մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւի մը իր օդային տարածքէն անցնիլը արգիլելու քայլին մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Օդանաւը թրքական օդային տարածքը օգտագործելու դիմում չներկայացուց յարմար ժամանակին»:

Ան նշեց, թէ իր երկիրը Կիպրոսի Հանրապետութեան նկատմամբ իր քաղաքականութեան հիմամբ այդ երկրի օդանաւերուն կամ այդտեղ ուղղուող օդանաւերուն դիմաց կը փակէ իր օդային տարածքը եւ չ՛արտօներ իր օդակայանէն թռիչքն, ու հոն էջքը:

Աքսոյ ըսաւ, որ Թուրքիան միայն բացառապէս դէպի Կիպրոս հիւանդներ, աղէտեալներ կամ բժշկական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւերուն կ՛արտօնէ թրքական օդային տարածքը օգտագործել` պայմանով որ նախապէս դիմում ներկայացուցած ըլլան:

Ըստ անոր, խնդրոյ առարկայ օդանաւը բացառութիւն նկատելու համար բաւարար ժամանակ չկար, «եւ եթէ այդ թռիչքին համար յարմար ժամանակին դիմում ներկայացուած ըլլար, կարելի էր մարդասիրական նկատառումներով բացառութիւն շնորհել»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ Թուրքիան չէ արտօնած սեփական օդային տարածքով Չինաստանէն Կիպրոս բժշկական սարքաւորումներ տեղափոխող օդանաւի թռիչքը:

«Թուրքիոյ այս քայլին իբրեւ հետեւանք օդաչուն փոխած է ուղղութիւնը, որովհետեւ չունէր բաւարար վառելանիւթ», յայտարարած է Կիպրոսի փոխադրամիջոցի, հաղորդակցութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարար Եաննիս Քարուսոսը:

Օդաչուն հարկադրաբար էջք կատարած է Մոսկուայի մէջ: Օդանաւը կը տեղափոխէր 36 թոն բժշկական սարքեր եւ այլ ապրանքներ:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

aztagdaily.com/archives/472979

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail