ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ․- Խալիլի ձին ընկաւ, Խալիլն էր տակը ողջ. յարձակուանք եւ բռնեցինք զԽալիլ, ես եւ Յարութիւն թեւերէն, Անդրանիկ գլխի մազերէն: Ես եւ Յարութիւն զարկինք խանչալներով եւ Անդրանիկ կտրեց զգլուխ գազանին: Սասնոյ ժողովուրդ շունչ առաւ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ․- «Խալիլի ձին ընկաւ, Խալիլն էր տակը ողջ. յարձակուանք եւ բռնեցինք զԽալիլ, ես եւ Յարութիւն թեւերէն, Անդրանիկ գլխի մազերէն: Ես եւ Յարութիւն զարկինք խանչալներով եւ Անդրանիկ կտրեց զգլուխ գազանին: Սասնոյ ժողովուրդ շունչ առաւ»։
18 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ Ազատութեան եւ Արդարութեան անձնուէր ՄԱՐՏԻԿՆԵՐուն, որոնք սարսափ տարածող եւ տմարդի ամէնէն անարգ միջոցներով ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆը ճզմել՝ բարոյալքել փորձող ԹՇՆԱՄԻԻՆ գիտեն եւ կրնա՛ն ՊԱՏԺԵԼ նոյն ՍԱՐՍԱՓի զէնքերով եւ թոյներով։
Մայիս 18ի այս օրը, 120 տարի առաջ, ԱՆԴՐԱՆԻԿ, ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ եւ ՍՊԱՂԱՆՑԻ ՄԱԿԱՐ, զինակից իրենց ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՎ՝ կռուի դաշտ իջան եւ վրիժառու մահապատիժի ենթարկեցին թրքական բանակի քիւրտ հրամանատար ՊՇԱՐԷ ԽԱԼԻԼը, որ ամիսներ առաջ՝ իր զինուորներով ԱՂԲԻՒՐ ՍԵՐՈԲը դաւադրաբար թունաւորած, սպաննած, գլուխը կտրած եւ զայն, ցիցի վրայ դնելով, Բաղէշի փողոցներուն մէջ ցուցադրած ու մեր ժողովուրդը սարսափի մատնած էր։
Յուշատետրը համառօտ ներկայացուցած է հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ՎՍԵՄ ՃԱԿԱՏին անջնջելիօրէն դրոշմուած ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆը՝ անարգ թշնամին անպատիժ չթողնելու, այլեւ ոսոխի տարածած ՍԱՐՍԱՓի արեան բաղնիքին մէջ նոյնինքն ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԵՌՈՐը խեղդելու ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՄԲ․․․
Բարի լոյս՝ ՆԵՆԳ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾը անպայման պատժելու եւ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴը դաւադրաբար սպաննողին ու գլխատողին ԳԼՈՒԽը կտրելու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ՝ հակառակ ուղղութեամբ սարսափի մատնելու եւ սանձելու համար նոյնինքն ԿԱՐՄԻՐ ՍՈՒԼԹԱՆն ու անոր կուրօրէն հետեւող թուրք թէ քիւրտ ամբոխը։
ՈՍՈԽԸ ՊԱՏԺԵԼՈՒ իր ՎՃՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ շնորհիւ է, որ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆը յաջողեցաւ – ԴԱՐԱՒՈՐ ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ հետեւանքով ստրկացուած եւ բարոյալքուած ՀԱՅ ՌԱՅԱՅԻՆ մէջ – ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ Հայկեան Աղեղէն արձակուած անկասելի ՆԵՏԻՆ սլացքով դարեր կտրած-անցած եւ, բոլոր անկումներով հանդերձ, անխորտակ մնացած ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌՈՒԻ ՈԳԵՂԷՆ ԱՄՐՈՑԸ։
Բարի լոյս՝ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ ՊԱՏԻԺին գաղափարական ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ հաւատացող ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ յառաջամարտիկներուն, որոնք հայ ժողովուրդին անկորնչելի ԱՒԱՆԴ յանձնեցին ԿՏԱԿԸ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ