ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մտքով ու սրտով լիաթոք շնչելու եւ անկաշկանդ թեւածելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՐԱԿը

Մտքով ու սրտով լիաթոք շնչելու եւ անկաշկանդ թեւածելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՐԱԿը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մտքով ու սրտով լիաթոք շնչելու եւ անկաշկանդ թեւածելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՐԱԿը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Մտքով ու սրտով լիաթոք շնչելու եւ անկաշկանդ թեւածելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՐԱԿը

21 Մայիս 2020

Առաւօտս հաճելի անակնկալով սկսաւ։ Դիմատետրի ընկեր մը, այս առտու, հետեւեալ գրառումն ու յղումը ղրկած էր՝

Enger Nazon hotvatznerov mezi gsorvetsne, menk al iren srdants՝ hamabatasxan yerkere gerkenk։

https://www.youtube.com/watch…

Յղումը համակարգիչիս պաստառին բերաւ տեսերիզը ԵՓՐԵՄԻՆ նուիրուած ազգային-յեղափոխական երգին կատարման՝ 30 տարուան ընկերոջս ՍԱՀԱԿ ՍԱՀԱԿԵԱՆի ոգեւորիչ մեկնաբանութեամբ։

Անակնկալ այս գրառումը եւ Սահակին յաղթ ձայնը մէջս քրքրեցին ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԿՐԱԿը, որ համաճարակի այս երկար ժամանակաշրջանին եղաւ անսպառ կորովի իմ անփոխարինելի ԱՂԲԻՒՐը՝ մտքով ու սրտով լիաթոք շնչելու եւ անկաշկանդ թեւածելու։

Բարի լոյս՝ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ, ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ուղին ընտրած եւ ինքնավստահօրէն յառաջ ընթացող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՈՒԽՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ԲՈԼՈՐ ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրենց դրօշին վրայ անարատ ու պայծառ կը պահեն ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գաղափարական լոյսն ու տեսլականը՝ յաղթահարելով հասարակական, կուսակցական թէ պետական ամէն կարգի իշխանութեանց փառքով ու հարստութեամբ, աթոռով կամ անձի պաշտամունքով գայթակղելու ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։

Բարի լոյս՝ այսօրուան աղուոր անակնկալէն անդին գացող, այլեւ մէջս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը ԱՆԽԱԽՏ ու ՀՊԱՐՏ պահող իմ բոլոր, բոլոր ընկերներուս եւ բարեկամներուս ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ, որովհետեւ ի վերջոյ բոլորս միասնաբար ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԵՆՔ՝
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ անունով հոս ու հոն թփրտացող «ներկայացուցիչներով» ղեկավարուած այսօրուան կազմակերպութիւնը ամէն վայրկեան եւ ամէն քայլափոխի կը խեղդէ ու կը սպաննէ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը բոլոր անոնց մէջ, որոնք ՄԵՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԻՆ սիրոյն՝ թէկուզ ինքնախաբէութեամբ, տակաւին կը շարունակեն իբրեւ անուն մնալ այս խլեակ կազմակերպութեան․․․ պատանդ բռնուած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ անուանացանկին վրայ։

ԹԵՐԱՀԱՒԱՏՆԵՐը կրնան փորձել եւ թող համարձակին գործադրել փորձել ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ հրամայականը շեշտող իրերայաջորդ Հ․Յ․Դ․ Ընդհանուր Ժողովներու – 1972ի Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհ․ Ժողովէն սկսեալ – Որոշումները, որպէսզի անձամբ հաստատեն ու ՀԵՌԱՑՈՒԵԼՈՒ գնով ՀԱՄՈԶՈՒԻՆ, որ այս՝ միայն կեղեւով Հ․Յ․Դ․ անունը կրող կազմակերպութեան մէջ․․․ ՏԵՂ ՉՈՒՆԻՆ այլեւս։

Իսկ Հ․Յ․Դ․ Ծրագիրն ու Կանոնագիրը իբր թէ «վկայակոչելով», բայց իսկութեան մէջ վարձկան բանակի յատուկ իրենց մշակած «ծրագիր»ն ու «կանոնագիր»ը Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՈՅԻ անուանական կնիքով պարտադրելով՝ այլասերածները փաստօրէն վերջին, մահացո՛ւ հարուածը կը փորձեն հասցնել մեր կուսակցութեան՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԻՆ ՄՏՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆ ու ԱԶԱՏ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ արմատէն պոկելու եւ չորցնելու զուր երազով։

Բարի լոյս՝ ԵՓՐԵՄՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՈՎ իրենց պարտքը կատարող ու անցնող ՀԱՒԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Մտքով ու սրտով լիաթոք շնչելու եւ անկաշկանդ թեւածելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՐԱԿը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail