Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Արձագանգած է Չեխիոյ Ծերակոյտի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման
22 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Մայիս 20-ին Չեխիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման: Այս մասին կը հաղորդէ “tert.am”-ը՝ վկայակոչելով «Անատոլու» գործակալութիւնը։
«Երէկ Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտին մէջ ընդունուած որոշումը ցոյց կու տայ, որ 2017-ին պետութիւններու յարաբերութիւններուն վնաս հասցուցած խեղաթիւրուած մտածելակերպը կը շարունակէ գործել Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ նշած են նաեւ, որ «որոշումը ընդունուած է «Քորոնա» համաճարակի դէմ պայքարի ժամանակ, երբ շատ քիչ թիւով ծերակուտականներ ներկայ եղած են քուէարկութեան, ինչ որ եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ այդ երկրին մէջ նենգ մտածելակերպի առկայութիւնը»:
yerakouyn.com/2020/05/22/թուրքիոյ-ագն-ն-արձագանգած-է-չեխիոյ-ծեր/