ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Գուրգէն Ալէմշահ (1907-1947). Հայ երգին ու երաժշտութեան ազնուացնող՝ ազատագրող շունչը

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Գուրգէն Ալէմշահ (1907-1947). Հայ երգին ու երաժշտութեան ազնուացնող՝ ազատագրող շունչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

Գուրգէն Ալէմշահ (1907-1947).
Հայ երգին ու երաժշտութեան ազնուացնող՝ ազատագրող շունչը

Ն. Պէրպէրեան

22 Մայիս 2020

22 Մայիսի այս օրը կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ երգի եւ երաժշտութեան արարման մեծատաղանդ վարպետներէն Գուրգէն Ալէմշահի, որ լոյս աշխարհ եկաւ 113 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան հայահոծ Պարտիզակ աւանին մէջ (Նիկոմիտիա), այս երկրագունտին վրայ միայն 40 տարուան կեանք ունեցաւ, բայց իր արուեստով հայոց սերունդներուն եւ ընդհանրապէս երաժշտասէր մարդկութեան կտակեց հայկական երգարուեստին ու երաժշտութեան հմայիչ ջերմութիւնը՝ ազնուացնող ու ազատագրող շունչը ամէնուր տարածող անկորնչելի ժառանգութիւն մը։

Եւրոպական ու ամերիկեան բեմերու փնտռուած աստղը եղաւ Ալէմշահ, որ ամէնուրեք՝ գեղեցկագոյն հնչեղութեամբ լսելի դարձուց հայ երգն ու երաժշտութիւնը, ամէնէն դժուարահաճ ունկնդիրներն ու քննադատները գրաւելով հայ ոգեղէն երաժշտութեան դիւթանքով։

Գուրգէն Միքայէլի Ալէմշահ միաժամանակ թէ՛ երաժիշտ-երգահան էր, թէ՛ երգչախումբի խմբավար եւ թէ բեմադրիչ։ Հակառակ իր կարճատեւ ստեղծագործական կեանքին, Ալէմշահ յաջողեցաւ ոչ միայն բարձրարժէք ստեղծագործութիւններով հարստացնել հայկական երաժշտութեան բազմադարեան գանձարանը, այլեւ՝ կազմել, պատրաստել ու միջազգային համբաւի առաջնորդել իր ղեկավարած երգչախումբը՝ Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս»ը։

(Ալէմշահի «Ես սիրեցի» գործը՝ կատարողութեամբ սոփրանօ Մարկարիթա Թերզեանի եւ դաշնակահար Կարէն Յակոբեանի․-
https://www.youtube.com/watch?v=WOVXMb2INII&list=UUDs1PfvveFimgvQdLyeYXpA&index=1 )

*
* *

Ալէմշահ իր նախնական ուսումը ստացաւ Պոլիս, Բերայի «Մխիթարեան» վարժարանին մէջ։ 1918ին ընդունուեցաւ Վենետիկի «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1923ին, անցաւ Միլանօ, հետեւելու համար Ճ. Վերտիի անուան հեղինակաւոր Երաժշտանոցի բարձրագոյն ուսմանց։

«Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանին մէջ իր աշակերտութեան շրջանէն իսկ, Գուրգէն Ալէմշահ ուշադրութիւն գրաւեց իբրեւ դաշնամուրի շնորհալի նուագող։ Դաշնամուրի ուսուցիչ ունեցաւ փրոֆ. Ձիարտան։ Ինչպէս որ համացանցի վրայ այդ շրջանին վերաբերեալ հրապարակուած վկայութիւնները կը հաստատեն, «ազգային տօներու եւ ամավերջի հանդէսներու առիթով, երբ վարժարանի Թիէփոլեան Դահլիճին մէջ կը տրուէին նուագահանդէսներ Աւրելիանօ Փոնձիլաքուա մայեսթրոյի ղեկավարութեամբ, Գուրգէն իր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ զարդն էր այդ գեղեցիկ հանդէսներուն»։

Միլանոյի Երաժշտանոցին մէջ եւս, ուսուցիչ ունենալով ժամանակի հռչակաւոր վարպետներ Փիծծէթթին, Ռոսսին եւ Փարիպէնին, Գուրգէն Ալէմշահ արժանացաւ բոլորի սքանչացումին եւ քաջալերանքին։ «Երաժշտանոցի ուսուցիչները իր մասին արտայայտուած են միշտ գնահատական բառերով, իրենց արեւելքցի այդ աշակերտին մէջ տեսնելով բացառիկ կարողութիւն, ներշնչումի եզականութիւն եւ նիւթը ընդլայնելու արտասովոր յատկութիւն, որ գիտէ «եւրոպական թեքնիք»ին խառնել արեւելեան վառվռուն երեւակայութեան տուեալները եւ ժողովրդային մոթիֆները»։

1930ին, երաժիշտի բարձրագոյն տիտղոսներով Միլանոյի Երաժշտանոցը աւարտելով, Գուրգէն Ալէմշահ հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր ստեղծագործական իր բեղուն գործունէութեան կողքին, ձեռնարկեց «Կիլիկիա» երգչախումբի կազմութեան եւ գեղարուեստական պատրաստութեան՝ քանի մը տարուան մէջ զայն վերածելով ֆրանսահայ գաղութի հպարտութիւնը կազմող երեւոյթի։

Միաժամանակ՝ Ալէմշահ երաժշտութեան եւ դաշնամուրի ուսուցիչ նշանակուեցաւ ինչպէս Սեւրի «Մուրատեան» վարժարանին, այնպէս եւ Փարիզի իտալական երկրորդական վարժարաններուն։
1933ին Գ. Ալէմշահ անդամ ընտրուեցաւ Ֆրանսայի «Երաժշտական հեղինակներու, երգահաններու եւ խմբագիրներու ընկերակցութեան»։ Այդ տարիներուն, Ժան Վալտոն ծածկանունով, Ալէմշահ ստեղծեց եւրոպական ներշնչանքով բազում գործեր, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան երաժշտասէրներու մօտ։

1934ի Յունիս 2ին, Փարիզի հռչակաւոր Սալ Կավօ սրահին մէջ, աւելի քան հազար հայ թէ օտար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Գուրգէն Ալէմշահ իր երգչախումբով ներկայացուց ինչպէս կոմիտասեան, նոյնպէս եւ իր սեփական ստեղծագործութիւններով տպաւորիչ համերգ մը, որու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցան իր «Արեւելեան Գիշերներ»ն ու «Աւարայրի Պատերազմը» կոթողական գործը։

Գուրգէն Ալէմշահ (1907-1947). Հայ երգին ու երաժշտութեան ազնուացնող՝ ազատագրող շունչը

*
* *

1935ին, Ալէմշահ աւարտեց եւ հանրութեան ներկայացուց իր առաջին հայերէն երաժշտախառն խօսուն ժապաւէնը՝ «Հայկական Հարսանիք»ը, որ ռումբի մը ուժգնութեամբ ներգործութիւն ունեցաւ հայ երաժշտասէր հասարակութեան վրայ։

Ոչ միայն Փարիզի եւ ֆրանսական այլ քաղաքներու հայութիւնը, այլեւ Եւրոպայի տարածքին ապրող հայօճախներէն մինչեւ Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներն ու Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը հայրենաբաղձութեան իրենց ծարաւը յագեցուցին՝ հայ ժողովրդական երգն ու հոգեւոր երաժշտութիւնը պաստառ բարձրացուցած մեծարժէք այս ստեղծագործութեան շնորհիւ։

Յիշարժան նուաճում մը Ալէմշահի անունին կապուեցաւ յաջորդ տարի, 1936ին, երբ Մխիթարեանններու Վենետիկի «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, Գուրգէն Ալէմշահ իր նուագախումբով համերգներ տուաւ ինչպէս վարժարանի դահլիճին, նոյնպէս եւ Վենետիկի Սուրբ Մարկոս հրապարակին վրայ՝ գեղարուեստական իր բարձրորակ ելոյթով գերելով հանրութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով այդ առթիւ հնչեց Ալէմշահի «Հեքիաթ» համերգային պոէման. նաեւ՝ կոմիտասեան գործերու կողքին, ներկայացուեցան Ալէմշահի ստեղծած ժողովրդային երգերը։

1937ին, Փարիզի մէջ կայացած Ժողովուրդներու Երաժշտութեան մրցահանդէսի ընթացքին, Գուրգէն Ալէմշահի «Հայկական հարսանիք» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ 2րդ բարձրագոյն մրցանակի։

Այնուհետեւ, կարճ ժամանակ մը «Ալագեազ» երգչախումբը ղեկավարելէ ետք, 1939էն մինչեւ իր ապաժամ վախճանը՝ 1947ի 14 Դեկտեմբերը, Ալէմշահ կազմեց եւ ղեկավարեց «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը։

Իբրեւ խմբավար եւ երաժշտական ղեկավար, Գուրգէն Ալէմշահ համերգներով շրջագայեցաւ Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ 1947ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Աշխարհով մէկ կատարեց Կոմիտասի, Սպենդիարեանի, Չուխաճեանի, Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի, Արմէն Տիգրանեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։

Ամերիկեան իր շրջագայութեան ընթացքին էր, 1947ին, որ Տիթրոյթի մէջ սրտի կաթուածը անսպասելիօրէն վերջ տուաւ յոգնիլ չգիտցող եւ ի վերուստ հայ երաժշտական հանճարի շնորհներով օժտուած մեծն Գուրգէն Ալէմշահի կեանքին։

*
* *

Գուրգէն Ալէմշահ իր ետին ձգեց գեղարուեստական հարուստ ժառանգութիւն մը, որ մինչեւ մեր օրերը մարդու հոգին ազնուացնող ու ազատագրող իր հմայիչ ջերմութիւնը կը տարածէ ունկնդիրներուն վրայ։

Իր մեծահռչակ երգերու շարքին են՝ «Բուխարիկ»ը, «Իմ երգը», «Ես սիրեցի»ն, «Իմ եարը», «Աղուորներուն»ը, «Նազերով»ը, «Ծաղիկ էի»ն, «Իղձ»ը, «Սիրելիս»ը եւ «Պճինկօ»ն։

(Ալէմշահի «Իղձ»ը՝ կատարողութեամբ Աւագ Պետրոսեանի․-
https://www.youtube.com/watch?v=Oyh65WaFDcw )

Սիրուած եւ միշտ մեկնաբանուող խմբերգներ են Ալէմշահի ստեղծագործած «Իմ հեռաւոր հայրենիք»ը, «Հայաստան»ը, «Անուշիկ եար ճան»ը, «Մեր պարտէզում»ը, «Հունձք»ը եւ «Պլպուլն Աւարայրի»ն։

Սիմֆոնիք նուագախումբի համար Ալէմշահի ստեղծած գործերէն են՝ «Արեւելեան գիշերներ»ը, «Հեքիաթ»ը, «Երկու պատմուածք հազար ու մէկ գիշերներէն»ը եւ «Աւարայրի պատերազմը»։

Յիշատակելի են նաեւ Ալէմշահի մշակած մէկ գործողութեամբ երաժշտական պատկերները, ինչպէս «Վարդավառ»ը եւ «Ծովինար»ը։

*
* *

Գուրգէն Ալէմշահի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած այս հակիրճ անդրադարձը լաւագոյնս կ՚եզրափակէ մեծ երաժիշտին, արժանաւոր հայուն եւ ազնուական մարդ էակին արժանաւորութեան մասին հետեւեալ վկայութիւնը, որ լոյս տեսած է, անոր մահուան առիթով, «Յառաջ» օրաթերթի 1947 թուի դեկտեմբերեան համարներէն մէկուն մէջ.-

«Մարդն էր՝ սիրուն ու կորովի, սրտով վեհանձն եւ նկարագրով ազնուական, ընկերական ու միշտ լաւատես: Կեանքի հիմնական արժէք կը դաւանէր բարին ու գեղեցիկը: Արուեստագէտ մըն էր՝ կատարելագործուած, տէրն էր՝ մեր արուեստին, խորապէս ուսեալ եւ լայնօրէն օժտուած: Խորապէս համոզուած հայ երգի անշփոթելի գոյութեան ու անփոխարինելի գեղեցկութեան, իր հեղինակութիւնները մնայուն կոթողներ են իր դաւանանքին եւ արտայայտութեան նուրբ, զգայուն եւ պայծառ ներշնչումին»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail