ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 30 Մայիս 1918. Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց պետականութեան քաղաքական ամրագրումը

30 Մայիս 1918. Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց պետականութեան քաղաքական ամրագրումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 30 Մայիս 1918. Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց պետականութեան քաղաքական ամրագրումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

30 Մայիս 1918.
Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց պետականութեան քաղաքական ամրագրումը

Ն. Պէրպէրեան

Հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան եւ քաղաքական մտածողութեան նոր ժամանակներու կիզակէտը կը բանաձեւէր մեծն Պարոյր Սեւակ 1968ին, երբ Մայիսեան Հերոսամարտի յիսնամեակին առիթով կը սթափեցնէր հայրենի հայութեան ազգային յիշողութիւնը՝ պատգամելով, որ «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։

Ըստ էութեան՝ Սեւակեան պատգամը շատ աւելի՛ն կը խտացնէր քան «Մայիս 28»ի պատմական նշանակութեան եւ ազգային արժէքին հանդէպ խորհրդայիններու կողմէ տասնամեակներ տեւած ուրացման վերջ տալու կոչը։

Հայ ազգային լինելութեան եւ ինքնահաստատման երթին լիարժէքօրէն տէր կանգնելու կտակը յաւերժացնող պոռթկում էր Սեւակի պատգամը։

Այո՛, հայոց նորագոյն պատմութեան Մայիս 1918ի վերջին օրերուն ուսանելի Պահերը ոգեկոչելով՝ անպայման պէտք է ընդգծել, որ ՄԱՅԻՍ 28ի արժէքը կը կայանայ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ դարակազմիկ դարձակէտ մը արեամբ նուաճելու եւ իրաւունքի զօրութեամբ ամրագրելու անվիճելի փաստին մէջ։

Միայն Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ռազմաճակատներուն վրայ կենաց-մահու կռիւ մղող հայութիւնը չէր, որ ՄԱՅԻՍ 28ին մէկ մարդու պէս ծառացաւ եւ յաղթանակ նուաճեց։

Հանուր հայութիւնը, Արարատեան դաշտէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Պոլիս, մինչեւ Մոսկուա եւ Փարիզ ու մինչեւ Ամերիկա, Մայիս 1918ին միասնական պայքարի տարերքը շղթայազերծեց՝ յանուն հայ ժողովուրդի եւ հայրենի հողի վերջին բեկորին պաշտպանութեան ու փրկութեան։

ՄԱՅԻՍ 28ն շրջեց պատմութեան գլխիվայր անկումի ընթացքը՝ հայ ժողովուրդը կանգնեցնելով իր հաստատակամ ու ամրապինդ ոտքերուն վրայ, համաթրքական ցեղասպան հարուածին դէմ ինքնապաշտպանութեան իր կռիւը յաղթանակով պսակելով։

*
* *

Հակառակ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի փառահեղ յաղթանակներուն՝ Մայիս 1918ի վերջին օրերուն հայոց հինաւուրց հայրենիքի մեծագոյն մասը տակաւին հայաթափուած ու բռնագրաւուած կը մնար՝ հայասպանութեան կիրքով մոլեգնած թրքական պետութեան արիւնախում զօրքերու եաթաղանին տակ։
Աւելի՛ն. նոյնիսկ Ալեքսանդրապոլը դեռ չէր ազատագրուած անարգ թշնամիէն։

Հայոց ազգային ազատագրութեան, Հայաստանի անկախութեան նուաճման եւ հայոց պետականութեան կերտումի մեծ կռիւը նոր կը սկսէր յաղթական հերոսամարտներու աւարտին։

Փաստօրէն Մայիս 29ին, Արարատեան դաշտի հայութեան համար, նոր կը սկսէր Ազգի եւ Հայրենիքի բուն կռիւը։ Այդ օր զօրավար Սիլիկեան հետեւեալ խօսուն ռազմակոչով կը դիմէր յաղթանակած մեր ժողովուրդին.-

«Հայե՛ր։ Մեր քաջարի զօրքերի հերոսական գործունէութիւնը շարունակւում է, եւ թիւրք զօրքերը նահանջում են։
«Մենք պէտք է յետ առնենք Ալեքսանդրապոլը, որը այնպէս նենգօրէն գրաւեցին թիւրքերը։

«Մեր բոլորիս մտքերը ամբողջովին պէտք է սեւեռած լինեն դէպի Ալեքսանդրապոլը. մենք պէտք է յետ առնենք այն եւ ապա միայն թիւրքերի հետ բանակցութեան մէջ մտնենք հաշտութիւն կնքելու համար։

«Մեզ բոլորիս շատ լաւ պէտք է յայտնի լինի, թէ ո՛ր աստիճանի գրգռուել է անկուշտ եւ միաժամանակ թոյլ թիւրք կառավարութեան ախորժակը։ Նա պահանջում է ամբողջ Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Ալեքսանդրապոլի եւ Էջմիածնի գաւառները՝ Էջմիածին վանքի հետ միասին եւ Երեւանի, Նախիջեւանի գաւառների մեծ մեծ մասը։

«Միթէ՞ մենք պէտք է տանենք այդպիսի անարգանք։ Միթէ՞ հեշտ ու հանգիստ սրտով պէտք է տանք թշնամուն մեր հայրենի հողերը, որ կերակրել, կերակրում են եւ պիտի կերակրեն մեզ, եւ մեր սրբատեղին՝ Սուրբ Էջմիածինը։

«Ո՛չ, երբեք, հա՛յ ժողովուրդ, դու չպիտի թոյլ տաս այդպիսի անարգանք։

«Եւ այդ անարգանքը, տեղի չի ունենայ, եթէ մենք հասնենք մինչեւ Ալեքսանդրապոլ։

«Քի՛չ է մնացել մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, հարկաւոր է միայն օգնել խրամատներում գտնուող մեր քաջերին, եւ մի երեք-չորս օրից յետոյ մենք կը հասնենք մեր նպատակին։

«Արդ, ուրեմն, մի՛ դանդաղէք, հայե՛ր, շտապով խմբուեցէ՛ք խիտ ու համերաշխ շարքերով, վռնտեցէ՛ք թշնամուն մեր հայրենի արիւնաներկ հողից, եւ թո՛ղ ձեզ հետ լինի մեր յետնորդների օրհնութիւնը։

«Դէպի՛ զէնք բոլորդ։
«Դէպի՛ Ալեքսանդրապոլ»։

*
* *

Մինչ Արարատեան դաշտի հայութիւնը նահանջող թրքական զօրքին հալածելու եւ հայրենի հողի ազատագրման պայքարը յառաջ մղելու ոգեւորութեան մէջ էր, անդին Թիֆլիս կեդրոնացած արեւելահայ ազգային-քաղաքական ղեկավարութիւնը լարուած ամէն ճիգ կը թափէր, որպէսզի Անդրկովկասի վրայ եւ Պաքուի ուղղութեամբ արշաւող թրքական զօրքին յաւելեալ գին չվճարէր հայոց արիւնէն եւ հայրենի մեր հողերէն։

Թիֆլիսէն դիտուած՝ Արարատեան դաշտի յաղթանակները հայ քաղաքական մտքին համար կարիքը ունէին քաղաքական եւ իրաւական ամրագրումի, որպէսզի ռազմական ուժերու նոր դասաւորումով՝ ցեղասպան թշնամին չփորձէր ի նպաստ իր ախորժակներուն շրջել Մայիսեան Հերոսամարտին ռազմական յաղթանակի արդիւնքը…

Մանաւանդ որ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ Սէյմի լուծարումով ու մեր երկու հարեւաններու անկախութեանց հռչակումով՝ հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով, ռուս զօրքի Անդրկովկասէն հեռանալէն ետք, դարձեալ առանձին ու լքուած կը գտնէր ինքզինք թրքական սպառնալիքին դիմաց։

Ռազմաքաղաքական այդ հաշուարկներուն հետեւանքը եղաւ Մայիս 30ի այս օրը, 102 տարի առաջ, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին հրապարակած հետեւեալ կարճ յայտարարութիւնը.
«Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ազրբեջանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրեն յայտարարում է հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառներով թողնելով մօտիկ օրերը կազմել հայոց ազգային կառավարութիւն՝ Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարական բոլոր ֆունկցիաները՝ հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»։

Այսպիսի՛ն եղաւ Հայաստանի անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան «պատմական» հռչակումը, որ խորքին մէջ անկախութեան յայտարարութիւն մը ըլլալէ առաջ եւ վեր՝ ռազմաճակատներու վրայ հայութեան նուաճած յաղթանակին փաստացի արձանագրութիւնն էր։

Մայիս 28ին չյայտարարուեցաւ Հայաստանի անկախութիւն, ոչ ալ Մայիս 30ի Թիֆլիսի Հայ Ազգային Խորհուրդի յայտարարութիւնը Հայաստանի անկախութեան հռչակումը կը կատարէր, ոչ ալ կ՚աւետէր հիմնումը Հայաստանի ժողովրդավարական Հանրապետութեան։

Նոյնիսկ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումի կոչ չէր…

Բայց Մայիս 30ի այդ յայտարարութիւնը ըստ ամենայնի հիմքը դարձաւ Հայաստանի լիարժէք անկախութեան, ժողովրդավարական Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումին եւ հայոց ազգային պետականութեան կառուցումին։

Յայտարարութեան հիման վրայ՝ Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդի բաղադրութեամբ, կազմուեցաւ նոր ժամանակներու հայոց պետական անդրանիկ օրէնսդիր ժողովը՝ Հայաստանի Խորհուրդը։

Նոյնպէս՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ, կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութիւնը։

30 Մայիս 1918. Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց պետականութեան քաղաքական ամրագրումը

*
* *

Մայիսի 30ին իր գագաթնակէտին հասաւ ծանր երկընտրանքը հայ ժողովուրդի քաղաքական կամքին՝ շարունակե՞լ Սարդարապատեան յաղթարշաւը, թէ՞ իրատես ըլլալ, Պաթումի մէջ զիջումներու երթալ եւ, թրքանպաստ պայմանները ընդունելով, ստորագրել «հաշտութեան» խայտառակ դաշնագիրը, որպէսզի Ազգի եւ Հայրենիքի վերջին բեկորը նախ փրկուէր թրքական պատուհասէն, ապա՝ ամրանար եւ ամբողջացման իր ուղին հարթէր։

Ինչպէս Ս. Վրացեան կը նշէ, Երեւանի «Ազգային Խորհուրդն ալեկոծւում էր… ոմանք առաջարկում էին հաշտուել կացութեան եւ ընդունել Բաթումի դաշնագրի պայմանները, ուրիշները – գլխաւորապէս դաշնակցականները – պահանջում էին չեղեալ համարել զօր. Նազարբէկեանի հեռագիրը հաշտութեան մասին, զօրքերի ընդհանուր հրամանատար նշանակել զօր. Սիլիկեանին եւ շարունակել պայքարը…

«Վճիռ տալը անչափ դժուար էր. վտանգը շատ էր մեծ։ Հայկական զօրքերի ընդհանուր քանակը, այդ օրերին, հասնում էր 30 ոչ-լրիւ գումարտակների, մինչդեռ Թիւրքիան շարժման մէջ էր դրել 5 դիվիզիա (3րդ, 5րդ, 9րդ, 11րդ եւ 36րդ), այսինքն՝ 50 գումարտակ եւ ի վիճակի էր նորանոր ուժեր հասցնելու։ Հայ զինուորների թիւը 12.000ը չէր անցնում. թիւրքերն առաջ էին քաշել 35.000 կռուող։
«Ազգ. Խորհուրդը չկարողացաւ միակամութիւն երեւան բերել եւ զօր. Սիլիկեանին մնաց ենթարկուել զօր. Նազարբէգեանի հրամանին։

«Պատերազմը վերջացաւ»…

Այսուհանդերձ՝ ընթացքի մէջ գտնուող Առաջին Աշխարահմարտի եւ Պաքուի համար շարունակուող պատերազմի պայմաններուն մէջ, հակառակ Պաթումի դաշնագրին, հայկական զօրքերը բնաւ չհամակերպեցան հայրենի հողերու զիջումին եւ նպաստաւոր ամէն առիթ օգտագործեցին, որպէսզի ընդարձակեն նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Այդ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ 1919ի սկիզբները եւ հայոց յաղթարշաւի քայլերուն պսակումը եղաւ այն, որ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիս 28ի պետական առաջին տօնակատարութեան՝ 1919ին, արդէն համաժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրուած հայոց խորհրդարանին առջեւ, Հ.Հ. երկրորդ վարչապետ Ալ. Խատիսեան կատարեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման համար գործելու իր կառավարութեան պատմական յայտարարութիւնը։

Հետեւաբար, ինչպէս որ Ս. Վրացեան հետագային պիտի նշէր՝
«Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան օրը իսկապէս պէտք է համարուէր Մայիս 30ը։ Հակառակ դրան, համարւում է Մայիս 28ը, այսինքն՝ այն օրը, երբ Ազգ. Խորհուրդը վճռեց հաշտութեան պատուիրակութիւն ուղարկել Պաթում։ Անուղղակի կերպով, այս օրն էլ կարող է համարուել անկախութեան սկզբնաւորութիւն, որովհետեւ թիւրքերը հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու համար նախապայման էին դրել անկախութեան յայտարարութիւնը։ Ընդունելով թիւրքերի պայմանը՝ Ազգ. Խորհուրդը դրանով իսկ հաստատած էր լինում անկախութեան փաստը»։

Այդ է «հիմնաւորում»ը Հայաստանի անկախութեան նուաճումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին ուղղուած «Թուրքին նուէրը» ըլլալու անհեթեթ մեղադրանքին, որ օրին հնչեց Արամի ղեկավարութենէն դժգոհ Անդրանիկի կողմէ, եւ որ շուտով հակա-ՄԱՅԻՍ 28 յանկերգի վերածուեցաւ՝ խորհրդային ուրացման շուրջ 70ամեայ երկար ժամանակաշրջանին, խորհրդահայ պաշտօնական գաղափարախօսութեան եւ անոր սփիւռքեան հինգերորդ շարասիւնին քարոզչութեամբ։

*
* *

Խորքին մէջ մեր ժողովուրդը ՄԱՅԻՍ 28 կ՚անուանէ 1918ի Մայիս ամսուան վերջին օրերու՝ պատկերաւոր ըսուած՝ մարգարտաշար ամբողջ զարդաշղթան, որ խորհրդանշեց նախ աւարտը հայոց գերեվարեալ ու պետականազուրկ Ազգի եւ Հայրենիքի անկումային ընթացքին ու մահամերձ վիճակին, ապա՝ սկիզբը դրաւ հայութեան՝ իբրեւ քաղաքական էակի՝ «հրաշափառ յարութեան» եւ նոր ժամանակներու կշռոյթով վերականգնման ու ինքնահաստատման յաղթական երթին։

Եւ հայ ժողովուրդի զաւակներէն բոլոր անոնք, որոնք ազգային թերարժէքութեան բարդոյթով, քաղաքական ստրկամիտ համակերպումով կամ գաղափարական խոտորումներով, թուրքեւռուսական մեծապետական կապտումներու, հալածանքներու եւ մահացու հարուածներու սպառնալիքին տակ, ուրացան ու փորձեցին նսեմացնել դարաշրջան բացող իմաստն ու արժէքը ՄԱՅԻՍ 28ին, ժամանակին թաւալումին հետ եւ ի տես պայքարունակ հայութեան անկոտրում կամքին՝ օր առ օր վերարժեւորեցին պատմական նշանակութիւնը 1918ի մայիսեան օրերու պսակին։

Նոյնիսկ խորհրդային լուծի տակ սկսաւ սրբագրումը ՄԱՅԻՍ 28ի ամօթալի այդ ուրացումին։

Առաջին քայլ մը նետուեցաւ 1968ին, երբ խորհրդային իշխանութիւնները ստիպուեցան արտօնել կառուցումը Սարդարապատի յուշահամալիրին։ ՄԱՅԻՍ 28ի իրողական վերարժեւորման այդ առաջին քայլը պաշտօնապէս սահմանափակուեցաւ միայն Մայիս 25ի ոգեկոչումով՝ իբրեւ հպարտառիթ թուականը Սարդարապատի ճակատին վրայ հայոց հերոսամարտի յաղթական աւարտին, առանց սակայն արժանին մատուցելու ՄԱՅԻՍ 28ի դարակազմիկ յաղթանակին անբաժան բաղադրիչներուն՝

– Նախ՝ հայութեան ռազմական յաղթարշաւը ամրապնդող Մայիս 26ի եւ 27ի յաղթանակներուն՝ Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ։
– Ապա՝ նոյնինքն Մայիս 28ին թրքական բանակի ջախջախիչ պարտութեան եւ ընդհանուր նահանջին։ Բայց մանաւանդ՝ հերոսական այդ յաղթանակները իմաստաւորող ու քաղաքականօրէն պսակող Հայաստանի անկախութեան կերտումին։

1968ին հետեւած երկու տասնամեակները, համաշխարհային տարողութեամբ Պաղ Պատերազմին աստիճանական դադրեցման հետ, հայ իրականութեան մէջ յառաջ բերին ազգային մեր յիշողութիւնը տարբեր կարգի կաշկանդումներէ ձերբազատելու ինքնաճանաչման յարաճուն շարժում մը։

Եթէ սփիւռքեան ափերու վրայ այդ շարժումը դրսեւորուեցաւ, 1970ականներու երկրորդ կէսին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ ուժական պայքարին շղթայազերծումով, ապա հայրենի հողի վրայ անիկա պոռթկաց, յատկապէս 1987-1988ին Արցախի ազատագրութեան անդառնալի պահանջատիրութեամբ, իբրեւ առաջին փուլը ՄԱՅԻՍ 28ով նուիրականացած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անկորնչելի հանգանակին վերարժեւորման։

Եւ 1989ի Մայիսին, Հայաստանի վերջին խորհրդային իշխանութեան օրով, նետուեցաւ պաշտօնական երկրորդ քայլը 70ամեայ Ուրացման վերջ տալու յաղթարշաւին, երբ Ազգային Տօն հռչակուեցաւ ՄԱՅԻՍ 28ը։ Սահմանափակումի ծանր շուքը կը յամենար տակաւին։ ՄԱՅԻՍ 28ը հռչակուած էր Ազգային, բայց ոչ Պետական տօն, թէեւ քաղաքականօրէն մանուկն անգամ ի վիճակի էր տեսնելու անհեթութիւնը «ազգային»ի եւ «պետական»ի այդօրինակ զանազանումին՝ գաղափարախօսական բառախաղին։

Պէտք էր սպասել տարի մը եւս, որպէսզի Մայիս 1990ին ընտրուած Խորհրդային Հայաստանի օրէնսդիր ժողովը՝ Գերագոյն Խորհուրդի վերջին կազմը, որ քաղաքանապէս վերջ տուաւ խորհրդային Կոմկուսի միակուսակցական տիրապետութեան, Օգոստոս 1990ին իր որդեգրած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով՝ ամբողջական վերարժեւորման առաջին պաշտօնական քայլը նետէր ՄԱՅԻՍ 28ի Ուրացման վերջակէտ դնելու ուղղութեամբ։

ՄԱՅԻՍ 28ի ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ու ԱՐԺԷՔԻՆ ամբողջական վերարժեւորումը տակաւին կը շարունակուի։

Որովհետեւ նոյնինքն ՄԱՅԻՍ 28ի ՄԵԾ ԵՐԹԸ տակաւին կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի մինչեւ ամբողջացումը ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի ՆՈՒԱՃՈՒՄԻՆ։

30 Մայիս 1918. Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց պետականութեան քաղաքական ամրագրումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail