Անգարա. Ֆրանսան Լիպիոյ Մէջ Մութ Գործերով Զբաղած Է – Ֆրանսան Լիպիոյ Մէջ Մութ Գործերով Զբաղած Է

Անգարա. «Ֆրանսան Լիպիոյ Մէջ Մութ Գործերով Զբաղած Է» «Ֆրանսան Լիպիոյ Մէջ Մութ Գործերով Զբաղած Է»

18 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

THE OTTOMAN MILITARY FORCES LEAD ARMENIAN MEN TO A PLACE OF EXECUTION OUTSIDE THE CITY OF KHARPOUT. Ottoman Empire, March-June 1915.

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան` Լիպիոյ ներքին գործերուն միջամտելուն համար Թուրքիոյ ուղղած մեղադրանքներուն` յայտարարելով, որ Ֆրանսան Լիպիոյ մէջ մութ գործերով զբաղած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանը Փարիզ այցելած Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հարցումին մեր երկրի` Լիպիոյ նկատմամբ վերաբերմունքին մասին Լիպիոյ մէջ Ֆրանսայի մռայլ եւ անբացատրելի քաղաքականութեան արտացոլումն է:

«Ֆրանսան Լիպիոյ մէջ մութ գործերով զբաղած է: Ֆրանսայի այդպիսի մօտեցումը Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարը ոգեւորեց զինուորական քայլերու դիմելու եւ մեծցնելու լիպիացի ժողովուրդին տառապանքը: Լիպիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ճամբուն վրայ մեծագոյն խոչընդոտը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դէմ ելլելով ապօրինի կառոյցներուն աջակցիլն է», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը թրքական ծովուժը ամբաստանեց ՕԹԱՆ-եան առաքելութիւն կատարող ֆրանսական նաւու մը դէմ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերելու յանցանքով:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու վեհաժողովէն առաջ յայտնած է. «Դաշինքին մէջ բարդ պահեր ունեցած ենք, սակայն չենք կրնար ջայլամ ըլլալ եւ չենք կրնար ձեւացնել, թէ ՕԹԱՆ-ին մէջ Թուրքիոյ խնդիր մը չկայ: Պէտք է տեսնենք զայն, այդ մասին բարձրաձայնենք եւ լուծենք զայն»:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուան պիտի ողջունէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ Լիպիոյ մէջ տագնապի կողմերուն մօտ իր ազդեցութիւնը օգտագործէ երկրին մէջ զինադադարի հաստատման եւ քաղաքական հոլովոյթի ձեռնարկման համար:

«Եթէ Միացեալ Նահանգներ յաջողին լիպիական կողմերուն մօտ իրենց ազդեցութիւնը օգտագործել յօգուտ Ռուսիոյ եւ անմիջական զինադադարի կոչ ուղղող այլ արտաքին դերակատարներուն ջանքերուն աջակցելու համար, ապա կը կարծեմ, որ ատիկա շատ դրական պիտի ըլլայ: Տեսնենք», ըսաւ Լաւրով:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – 1895

aztagdaily.com/archives/475493

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail