Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստը

Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստը

Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստը

19 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համանախագահութեամբ՝ այսօր՝ Յունիս 19-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առած է ԱՀ եւ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը, որուն ներկայ են նաեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարանների նախագահներ՝ Արթուր Թովմասեանն ու Արարատ Միրզոյեանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Մինչ օրակարգային հարցերուն անցնիլը՝ Արայիկ Յարութիւնեան եւ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած են ելոյթներով:

Նախագահ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ ըսած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգո՛յ վարչապետ,

Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդներու յարգարժա՛ն անդամներ,

Քանի որ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցիմ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին, նախ, պիտի ուզէի ողջունել աւանդական դարձած այս ձեւաչափը: Անիկա կարեւորագոյն ձեւաչափ ու հարթակ է մեր միացեալ հայրենիքի ու ընդհանրապէս հայ ազգի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներու լուծման ուղիներու շուրջ մտքերու փոխանակման, մօտեցումներու յղկման եւ ջանքերու համատեղման համար: Արդէն նկատելի են այս ձեւաչափով աշխատանքներու առաջին ձեռքբերումները, եւ համոզուած եմ, որ ժամանակի ընթացքին այդպիսի ձեռքբերումները անընդհատ պիտի աւելնան՝ բարձրացնելով հայրենիքի անվտանգութեան մակարդակը:

Հայոց միացեալ հայրենիքը այսօր կ՝ապրի աննախադէպ անվտանգային մարտահրաւէրներու պայմաններու մէջ, որ պայմանաւորուած է առաջին հերթին «քորոնա» ժահրի հարուցած անորոշութիւններով, իսկ անորոշութիւնը ինքնին գլխաւոր անվտանգային սպառնալիքն է ամէնուր: Ի թիւս սովորական դարձած երկարաժամկէտ վտանգի, այժմ մենք պարտաւոր ենք ոչ միայն արդիւնաւէտ կերպով պաշտպանելու հանրութեան կեանքն ու առողջութիւնը, այլ նաեւ՝ չէզոքացնելու առկայ իրավիճակով պայմանաւորուած կողմնակի վտանգները բոլոր բնագաւառներու մէջ: Այդ տեսանկիւնէն կարեւոր կը համարեմ ներդաշնակ ու միասնական աշխատանքը բոլոր հնարաւոր հատուածներուն միջեւ՝ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու գերատեսչութիւններէն մինչեւ քաղաքացիներ ու տարբեր բնոյթի կազմակերպութիւններ: Վստահ եմ՝ միայն պետական լիազօր մարմիններու արդիւնաւէտ համակարգմամբ ու հասարակութեան հաւաքական ջանքերով մենք պիտի կարենանք դիմագրաւել առկայ մարտահրաւէրները՝ միեւնոյն ժամանակ օգտուելով ճգնաժամի ընձեռած հնարաւորութիւններէն:

Անշուշտ, «քորոնա» ժահրի անտեսանելի սպառնալիքին դէմ պայքարելու ընթացքին պէտք չէ տկարացնենք մեր զգօնութիւնը յատկապէս Ատրպէյճանէն բխող տեսանելի վտանգին հանդէպ: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները տասնամեակներ շարունակ գոյաբանական սպառնալիք կը ներկայացնեն ոչ միայն Արցախի, այլեւ՝ Հայաստանի ողջ բնակչութեան նկատմամբ: Կողմնակից ըլլալով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման՝ մենք միեւնոյն ժամանակ հարկադրուած ենք ամէն օր պատրաստ ըլլալու պատերազմի: Ըլլալով մէկ միասնական հայրենիքի եւ նոյն անվտանգային համակարգի անբաժանելի մասերը՝ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները լիովին կը կիսեն խաղաղութեան հասնելու եւ պատերազմի պատրաստուելու մօտեցումներն ու ջանքերը: Ատիկա կ՝ենթադրէ միասնական ջանքերով ե՛ւ ռազմական ներուժի շարունակական բարելաւում, ե՛ւ ընկերային-տնտեսական կարողութիւններու զարգացում, ե՛ւ արտաքին քաղաքական լայն գործիքակազմի կիրառում հայ ժողովուրդի իրաւունքներու եւ շահերու պատշաճ պաշտպանութեան նպատակով, ե՛ւ, ինչու չէ, տեղեկատուական կամ հոգեբանական անվտանգութեան պատշաճ երաշխաւորում:

Անվտանգութեան փոխազդող համակարգի գլխաւոր յենասիւներէն մէկն ալ պարէնային ու ուժանիւթի անվտանգութիւնն է, ուր եւս ձեռքբերումները նշանակալի են, սակայն նոր ընելիքներ միշտ կան՝ միջավայրային մարտահրաւէրներու եւ մեր նպատակներու ու հնարաւորութիւններու ուժգին փոփոխութեան զուգահեռ: Մեր խնդիրն է ապահովել հնարաւորինս ինքնաբաւ ու ճկուն պարէնային եւ ուժանիւթի համակարգ բոլոր իրավիճակներուն համար՝ երաշխաւորելու համար ռազմական ու ընկերային-տնտեսական անվտանգութեան ամրութիւնն ու կայունութիւնը: Այդ եւ շարք մը այլ առումներով ռազմավարական նշանակութիւն ունին նաեւ ենթակառուցուածքները, եւ ուրախ եմ, որ համատեղ արդէն կը մեկնարկենք Արցախը Մայր Հայաստանին կապող երրորդ մայրուղիի շինարարութիւնը:

Յարգելի՛ ներկանէր,

Եթէ հակիրճ ձեւակերպելու ըլլանք, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները կամ հայոց միացեալ հայրենիքը խնդիր ունի շարունակաբար բարելաւելու իր ռազմավարական դիմադրողականութիւնն ու ազդեցութիւնը առկայ եւ գալիք անվտանգային միջավայրերուն մէջ, որպէսզի կարենայ արդիւնաւէտօրէն դիմագրաւել բազմոլորտ, բազմաշերտ, բազմապիսի եւ բազմաժամկէտ մարտահրաւէրները: Այդ պատասխանատու գործառոյթը դրուած է առաջնահերթօրէն անվտանգութեան խորհուրդներուն մէջ ընդգրկուած կառոյցներուն վրայ, ուստի մենք պարտաւոր ենք կիրառելու բոլոր արդիւնաւէտ ձեւաչափերն ու մեթոտները մեր համազգային առաքելութիւնը պատուով կատարելու համար:

Բարի աշխատանքային ընթացք կը մաղթեմ մեր բոլորին»:

Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստը

yerakouyn.com/2020/06/19/երեւանի-մէջ-տեղի-կ՝ունենայ-հայաստանի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail