ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՊԵՏՕ (Աղեքսանդր Պետրոսեան, 1870-1896) Ֆետայական Զոհաբերութեան եւ Յեղափոխական Միասնութեան մարտունակ դարբինը

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՊԵՏՕ (Աղեքսանդր Պետրոսեան, 1870-1896) Ֆետայական Զոհաբերութեան եւ Յեղափոխական Միասնութեան մարտունակ դարբինը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

ՊԵՏՕ (Աղեքսանդր Պետրոսեան, 1870-1896).
Ֆետայական Զոհաբերութեան եւ Յեղափոխական Միասնութեան մարտունակ դարբինը

20 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յունիսի այս օրերուն, 1896ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցուած, չար թշնամու գնդակով»…

Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զինակիցներուն հետ նահատակուեցաւ անզուգական Պետօն։

Ամբողջ Յունիս ամիսը, այդ տարի՝ 1896ին, օրհասական օրեր բաժին հանեց Վան-Այգեստանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրական գաւառի հայութեան։

Կարմիր Սուլթանը վճռած էր արեան մէջ խեղդել հայոց ազգային-ազատագրական շարժման զէնք, զինամթերք եւ մարտական ուժ հասցնող արեւելեան սահմանեզրի հայութիւնը։

Զէյթունէն, Սասունէն, Տրապիզոնէն եւ Կարինէն ետք, կարգը եկած էր Վասպուրականի հայութեան։

Եըլտըզի պալատէն արձակուած էր ընդհանուր կոտորածի հրահանգը։

Միայն մէկ ընտրանք ունէր հայութիւնը.- Անխուսափելի մահուան դէմ կուրծք ցցել, զէնք վերցնել եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղել՝ քաջ գիտակցելով, որ իրեն կը սպասէր անհաւասար ուժերով ճակատում մը, ուր ստոյգ մահուան վտանգին դէմ իրեն կը մնար զէնքի ուժով պաշտպանուելու եւ փրկուելու միակ յոյսը։
Եւ այդպէ՛ս տեղի ունեցաւ Վանի առաջին ինքնապաշտպանութիւնը։

Ազատութիւն կամ մահ։

Ամբողջ շաբաթ մը հայահոծ Այգեստանը դիմադրեց թրքական կանոնաւոր զօրքին եւ անոր միացած քիւրտ ասպատակողներու գրոհներուն։

Մինչ գաւառային շրջաններուն մէջ, յատկապէս յեղափոխական կազմակերպութենէ զուրկ գիւղերու պարագային, անզէն հայութիւնը հազարներով կոտորուեցաւ, անդին՝ Վան-Այգեստանի մէջ, հայ յեղափոխական երեք կուսակցութեանց միացեալ ուժերով մղուած ինքնապաշտպանական կռիւներուն շնորհիւ, հայութիւնը փրկուեցաւ ստոյգ կոտորածէ։

Բայց ահաւոր էր դաւադրութիւնը եւ եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսներու պիղատոսեան հայեացքին տակ, նոյնիսկ մեղսակցութեամբ, Վանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւը կազմակերպած ու յաջողութեամբ պսակած հայ յեղափոխականներէն պահանջուեցաւ հեռանալ շրջանէն։

Այդ պահանջին, յատկապէս դուրսէն եկած յեղափոխական գործիչներու հեռացման յորդորներուն, ձայնակցեցան նաեւ նոյնինքն Վանի հայութեան հոգեւոր առաջնորդը, ազգային իշխանութեանց պատասխանատուները եւ ազգի երեւելի ջոջերը։

Հայ յեղափոխականները՝ արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի ու դաշնակցական Պետոյի միացեալ ղեկավարութեամբ, իրենց զէնքերով, հեռացան Վասպուրական աշխարհէն՝ սահմանը հատելու եւ Պարսկաստան անցնելու նպատակով։

Բայց թրքական զօրքերը գաղտնի հրահանգ ունէին հետապնդելու նահանջող հայ մարտիկները եւ կոտորելու զանոնք ճամբու ընթացքին՝ ընդհանրապէս հայ անզէն բնակչութեան դիմադրական կորովը ջախջախելու նպատակով։

Նահանջի ճանապարհին եւս հայ յեղափոխականները ինքնապաշտպանական քաջարի կռիւ մղեցին, քանի մը օր շարունակ ետ մղեցին թրքական զօրքերը ու կրցան ճեղքել անոնց պաշարման օղակները։ Բայց թրքական զօրքին շարունակ օգնութեան հասան քրտական ցեղախումբերը, որոնցմէ յատկապէս Մազրիկ ցեղը, Շարաֆ բէկի գլխաւորութեամբ, իսկական պատուհասը դարձաւ արդէն ուժասպառ դարձած եւ զինամթերքը սպառած հայ յեղափոխականներուն։ Եւ այդպէ՛ս, անհաւասար ուժերով մղուած մարտերու մէջ, հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ մինչեւ վերջին շունչ կռուեցան ու զոհուեցան։

Եւ այդպէ՛ս, յեղափոխական երգի սրտաճմլիկ բառերով, մինչեւ իր արեան վերջին կաթիլը կռուելով նահատակուեցաւ քաջարի յեղափոխականը՝ ՊԵՏՕ անուն անմահը։

ՊԵՏՕ (Աղեքսանդր Պետրոսեան, 1870-1896) Ֆետայական Զոհաբերութեան եւ Յեղափոխական Միասնութեան մարտունակ դարբինը

*
* *

Աւազանի անունով Աղեքսանդր Պետրոսեան՝ Պետօ ծնած էր Կարս, 1870ին, չքաւոր ընտանիքի մը յարկին տակ։

1890ին, երբ նոր կը կազմուէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, Պետօ քսանամեայ ուսուցիչ էր Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Անմիջապէս միացաւ նորակազմ կուսակցութեան եւ ուղղուեցաւ դէպի Թաւրիզ, Պարսկաստան, հոնկէ Երկիր անցնելու համար։

Պետօ Վան հասաւ 1890ի վերջերուն՝ իբրեւ նէօքար (ծառայ) ծպտուած. ոտքին տրեխներ եւ գլխուն՝ բուրդէ փափախ, ինչպէս որ կը վկայէ «Դրօշակ», 1896ին, յետ մահու Պետոյին նուիրուած իր առաջնորդող յօդուածով։

Պետօ այդպէս աննկատ շրջեցաւ Վասպուրական աշխարհով մէկ։ Մօտէն ծանօթացաւ եւ անձամբ իր մորթին վրայ կրեց հայ գեղջուկին բաժին ինկած չքաւոր կեանքի դաժանութիւնն ու կեղեքումները։ Ամբողջ երկու տարի այդպէս գործեց եւ ծայրագոյն գաղտնապահութեամբ, Այգեստանի եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ, հիմը դրաւ դաշնակցական կառոյցներու։

Եւ ամէն անգամ, որ թուրքերու, քիւրտերու եւ մինչեւ իսկ յեղափոխութենէն սարսափող հայերու կողմէ նկատուած ըլլալու կասկածը ունեցաւ, Պետօ իր տեսքն ու արհեստը փոխեց. եղաւ փերեզակ կամ բուրդ մանող, բայց անվհատ շարունակեց սեփական ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ մօտէն շփուելու, յատկապէս երիտասարդներուն հասնելու եւ զանոնք իր յեղափոխաշունչ ոգիով ներգրաւելու ընդյատակեայ աշխատանքը։

Պետոյի յեղափոխական գործունէութեան համար գլխաւոր դարձակէտ հանդիսացաւ 1892ին անոր մասնակցութիւնը Հ.Յ.Դ. Առաջին Ընդհանուր Ժողովին, Թիֆլիսի մէջ, ուրկէ Վան վերադարձաւ՝ իբրեւ շրջանի մօտ Հ.Յ.Դ. լիազօր ներկայացուցիչը եւ արդէն կովկասահայ երիտասարդներէ բաղկացած յեղափոխականներու սեփական խումբով, զէնքով ու զինամթերքով։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մեծ էր նրա բարոյական ուժը․ չարչի յեղափոխականների չափով չէր կարելի չափել նրան

*
* *

Դաշնակցական գործիչներու երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Ռուբէն Տէր-Մինասեան եւ Արամ Մանուկեան, հետագային գրուած իրենց յուշերուն մէջ, վկայակոչելով 1890ականներու սկզբնաւորութեան Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութեան յեղափոխական կազմակերպման մէջ ներդրում ունեցած առաջին գործիչները, կ՚առանձնացնեն եւ յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտեն Պետոյի ունեցած մեծակշիռ դերակատարութիւնը։

Պահպանողական վանեցիներու մէջ յեղափոխական մարտունակութեան ոգին արթնցնելու եւ, մանաւա՛նդ, մեղկ ու սնափառ յեղափոխականներէն վանեցիներու ունեցած հիասթափաթիւնը յաղթահարելու առումով՝ Պետօ ուղղակիօրէն հրաշք գործեց Վասպուրականի մէջ վեցամեայ իր գործունէութեան շրջանին։

Հայ Յեղափոխականի Ամբողջական Տիպար մը հանդիսացաւ ՊԵՏՕ։ Արժանաւորապէս մարմնաւորեց ամէն կարգի զրկանքներու դիմացող եւ ամէնէն օրհասական պահերուն անգամ յեղափոխական իր ոգեւորութիւնը վառ պահող Հայ Յեղափոխականը։

Պատահաբար չէր, այլ իր նկարագրին ուժով եւ գաղափարական անկոտրում հաւատքին շնորհիւ էր, որ Պետօ կրցաւ շատ արագ իր շուրջ համախմբել սկիզբը Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութեանց միացած, բայց յետոյ անոնցմէ հիասթափուած ու մէկ կողմ քաշուած Այգեստանի երիտասարդութիւնը։ Այդպիսին էր աննման Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), որ միացաւ Դաշնակցութեան եւ դարձաւ Պետոյի աջ բազուկը, իսկ անոր նահատակութենէն ետք, միեւնոյն ոգիով եւ ուղիով, շարունակեց անոր սկսած մեծ գործը։

Յեղափոխական ցուցամոլութեան դէմ իր անհաշտ պայքարին եւ խստակեաց ու խստապահանջ վարքուբարքին շնորհիւ էր, նաեւ, որ Պետօ յաջողեցաւ միջ-կուսակցական համերաշխութեան հողը պատրաստել Վասպուրականի հայութեան մէջ։

Նոյնպէ՛ս, հայկական յեղափոխութեան արմատաւորումին եւ ամրապնդումին համար, Պետօ ռազմավարական հիմնական կարեւորութիւն ընծայեց գաւառի եւ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործին։

Այդ պատճառով ալ, թէեւ Դաշնակցութիւնը ուշ մտաւ Վան, բայց եղաւ առաջինը, որ զինեց ու մարտականօրէն կազմակերպեց Վասպուրականի գաւառային շրջանները։

Պետօ երկար չապրեցաւ։ Իր անձին օրինակով յեղափոխական շարժում առաջացնող եւ մարտունակ կազմակերպութիւն ստեղծող անզուգական գործիչը հազիւ 26 տարեկան էր, երբ 1896ի Յունիսի այս օրերուն, որոշապէս Յունիս 20էն 24 երկարած հայ յեղափոխականներու նահանջի օրերուն, ինկաւ զէն ի ձեռին, յանուն հայ ժողովուրդի ու Երկրի պաշտպանութեան։

*
* *

Պետոյի մահով` անոր սկսած գործը ոչ միայն կանգ չառաւ, այլեւ յաւելեալ թափով ու ոգեւորութեամբ յառաջ մղուեցաւ։

Ինչպէս որ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» օրին գրեց.-
«Դու ընկար ընկերներիդ հետ, անվհա՛տ գործի՛չ, ձեր մարմինները պատառ-պատառ, ձեր ոսկորները ցիրուցան են՝ «Հանգի՜ստ ոսկերացդ» չենք կարող ձեզ ուղղել, բայց տեսէ՛ք, ձեր ընկերները ոգեւորուած ձեր հերոսական կեանքով ու մահով, չտեսնուած կատաղութեամբ հարուածներ են թափում արիւնարբու թշնամու գլխին. տեսէ՛ք, գազանը հոգեվարքի մէջ է, եւ հեռու չէ այն օրը, երբ հայ ազգը ցնծութեան մէջ կը մաղթի՝ «Հանգի՜ստ ձեր բազմատանջ հոգիներին, ազատութեան նահատակնե՛ր»։

ՊԵՏՕ զտարիւն մարմնաւորումներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայաստանի ազատագրութեան յեղափոխական կռուին զինուորագրուած գաղափարի մարտիկներու այն սերունդին, որ անկրկնելի շատ ու շատ հերոսներու արեամբ հարթեց հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան ուղին։
Ազգի ու հայրենիքի ազատագրութեան համար մղուած հերոսական պայքարին ու յարատեւ կռուի ճանապարհին ինկած այդօրինակ հերոսներու ԱՒԱՆԴով է, որ ազգերը կը նուաճեն իրենց պայծառ գալիքը։

*
* *

«Դրօշակ»ի առաջնորդողին վերապահենք եզրափակիչ վկայութիւնն ու ՊԵՏՕ ազգային արժէքին գնահատանքը․-
«Ո՞վ էր Պետօն, ինչո՞վ էր նա աւելի թանկագին մեր սրտերին։
«Կան գործիչներ, որոնք անփոխարինելի են իրենց կռուելու հմտութեամբ եւ անվեհերութեամբ․ կան այնպիսիները, որոնք լաւ ուժեր միացնող ու կազմակերպութիւններ առաջ բերող են․ կան կրակի մէջ առաջին նետուողները եւ այլն․․․

«Սակայն կան եւ անձնուրացներ, որոնք իրենց անընկճելի ոգեւորութեամբ, անսահման հաւատքով ու անկեղծ սիրով դէպի Ս․ Գործը՝ յեղափոխական կազմակերպութեան հաստատուն պատուանդանն են կազմում։

«Այսպէ՛ս էր Պետօն․ նա իր ամբողջ գործունէութեան շրջանում մարմնացեալ ոգեւորութիւն էր։ Ոչինչ չէր կարող նրան թուլացնել։ Կեանքի ձախողութիւնները, կրած հալածանքները աւելի էին ամրացնում նրա ոգին, աւելի մեծ ուժով էին նրան առաջ մղում։
«Մեծ էր նրա բարոյական ուժը․ չարչի յեղափոխականների չափով չէր կարելի չափել նրան»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail