«Թուրքերը Պէտք Է Ծունկի Գան Հայերուն Եւ Քիւրտերուն Առջեւ» Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի
22 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Ժամանակակից աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներ ստիպուած պիտի ըլլան ծունկի գալ իրենց իշխողներու, պետութիւններու եւ հասարակութեան վայրագութիւններուն համար: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի անդամ, Ազատական¬ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի:
«Այսպէս, սպիտակամորթ ամերիկացիները պէտք է ծունկի գան ո՛չ միայն ափրիկեցի¬ամերիկացիներուն առջեւ, այլ նաեւ անոնց ոչնչացուցած հնդիկներուն: Բրիտանացիները` հնդիկներուն, չիներուն, ափրիկեցիներուն առջեւ: Պելճիքացիները` ափրիկեցիներուն, յատկապէս Քոնկոյի ժողովուրդին առջեւ: Ֆրանսացիները` ափրիկեցիներուն եւ վիեթնամցիներուն առջեւ: Գերմանացիներն ու ճափոնցիները` ամբողջ աշխարհին առջեւ: Թուրքերը` քիւրտերուն եւ հայերուն առջեւ: Արաբները` քիւրտերուն: Լեհերը, շուէտները, ֆրանսացիները, գերմանացիները եւ մոնկոլները` ռուսերուն առջեւ: Պարսիկները` դրացի ժողովուրդներուն առջեւ:
«Քաղաքական նկատառումներէ մեկնելով, չին այն պաշտօնատարները, որոնք «մշակութային յեղափոխութեան» տարիներուն ոչնչացուցած են իրենց համաքաղաքացիները, պէտք է ծունկի իջնեն: Ռուս պոլշեւիկները պէտք է ծունկի գան ռուս ժողովուրդին առջեւ այն փաստին համար, որ խորհրդային վարչակարգի 73 տարիներուն ընթացքին անոնք այդքան մեծ տառապանք ու վիշտ բերին:
«Ատիկա պիտի ըլլայ տեսակ մը խոստովանութիւն եւ քաւութիւն միլիոնաւոր մարդոց ոչնչացման համար», գրած է Ժիրինովսքի:
aztagdaily.com/archives/475769