ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 13 Յունիսէն 13 Յուլիս 1878. Պերլինի Վեհաժողովին գումարումը, Կայսերապետական Աշխարհակարգի կազմաւորումը եւ «Երկաթէ Շերեփ»ի դասը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
13 Յունիսէն 13 Յուլիս 1878.
Պերլինի Վեհաժողովին գումարումը, Կայսերապետական Աշխարհակարգի կազմաւորումը եւ «Երկաթէ Շերեփ»ի դասը
Ն. Պէրպէրեան
Յունիսի այս օրերուն, 142 տարի առաջ, ռազմաքաղաքական հիմերը դրուեցան արդի ժամանակներու մարդկութեան Համաշխարհային նորօրինակ Կարգին։
Թէեւ այդ ժամանակ Համաշխարհային Կարգ հասկացութիւնը դեռ իր տարազումը չէր ստացած քաղաքագիտութեան մէջ, այդուհանդերձ՝ այդ օրերէն թափ առաւ երկրագունդի ամբողջ մարդկութիւնը ՀԱԿԱԿՇՌԵԼԻ եւ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ դարձնելու մեծապետական, այլեւ կայսերապետական մրցավազք մը։
Եւ 1878ի 13 Յունիսէն մինչեւ 13 Յուլիսը երկարող միամսեայ ժամանակաշրջանին, կայսերական Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինը դարձաւ ժամադրավայրը այսպէս կոչուած «Հին Աշխարհ»ի մեծ տէրութեանց գագաթի «Վեհաժողովին»։
«Վեհաժողով» կոչուեցաւ արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական քարտէսին հիմերը դրած 1878ի Պերլինի Համաժողովը, որովհետեւ անոր գլխաւոր մասնակիցներն ու տիրական դէմքերը թագաւոր կամ ցար էին, սուլթան կամ իշխան, փոխարքայ կամ արքունի մեծ վեզիր, բանակի զօրավար կամ պալատական դիւանակալ…
Այդ օրերուն «Հին Աշխարհ»ը դեռ ամբողջապէս թօթափած չէր քաղաքական աւատապետութեան լուծը եւ մեծ, միջին թէ փոքր պետական ածուներու ժողովուրդներուն ճակատագիրը մեծապէս կախեալ կը մնար միապետներու կամքէն ու կամայականութենէն, որովհետեւ ի վերջոյ «անտառի օրէնք»ը կ՚իշխէր եւ իրաւունքը կը պատկանէր ուժեղին։
Այդպէ՛ս, Պերլինի Վեհաժողովը պատմութեան անցաւ իբրեւ աշխարհի ճակատագիրը մեծապետական ուժերու նեղ շրջանակին մէջ վճռելու, մեծապետական հակամարտութիւններն ու մրցապայքարները դիւանագիտական սեղանի շուրջ կարգաւորելու միջազգային վարքագծին ամէնէն դասական եւ բարացուցական նմոյշը, այլեւ՝ բնորդը։
*
* *
Արդէն 142 տարի անցած է Պերլինի Վեհաժողովէն ասդին, մարդկութիւնը անցած է երկու Աշխարհամարտներու արհաւիրքէն, հիմնայատակ կործանած է քաղաքական աւատապետութիւնը եւ հասարակական նոր ուժեր գրաւած են աշխարհի ճակատագիրը ղեկավարելու դիրքերը։
Ստեղծուած է միջազգային Օրէնքի եւ Իրաւունքի համաշխարհային համակարգ մը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կեանքի կոչուած է եւ հարիւրաւոր ազգեր ու ժողովուրդներ տիրացած են պետական անկախութեան եւ միացած են նորակազմ երկիրներու եւ պետութիւններու մեծ ընտանիքին։
Բայց եթէ ժամանակաշրջանի եւ պայմաններու հիմնական տարբերութիւններէն անդին սեւեռող քննական հայեացքի տակ բերուի մերօրեայ աշխարհի ճակատագիրը տնօրինելու միջազգային վարքագիծը, անպայման տեսանելի պիտի դառնայ այն դաժան իրականութիւնը, որ փոխուած են միայն դերակատարներն ու խաղականոնները, նոյնը մնացած է բուն խաղը՝ Ազգերու եւ Ժողովուրդներու մեծամասնութեան հետ ըստ կամս վարուելու մեծապետական ուժերու ինքնակեդրոն մրցապայքարը, որուն դասական տիպիկ դրսեւորումը հանդիսացաւ Պերլինի Վեհաժողովը։
Յատկապէս հայոց պատմութեան մէջ տխրահռչակ իր տեղը ունի 1878ի Պերլինի Վեհաժողովը, որուն ամիս մը տեւած աշխատանքներու աւարտին, 13 Յուլիսին, կնքուեցաւ այսպէս կոչուած Պերլինի Դաշնագիրը։
Ա՛յն Դաշնագիրը, որ գլխիվայր շրջեց Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը, անոր հայանպաստ 16րդ յօդուածը փոխարինելով 61րդ յօդուածով։
Հայկական Հարցի միջազգայնացման առաջին քայլը նետուեցաւ Պերլինի Վեհաժողովին մէջ։ Մեծապետական ուժերու ազդեցութեան գօտիներու սահմանագծման եւ ազգ-պետութիւններու իրաւական ձեւաւորման դիւանագիտական մրցադաշտը դարձաւ Պերլինի Վեհաժողովը, որ 19րդ դարը յատկորոշած ընկերային յեղափոխութիւններու եւ ազգային-ազատագրական պայքարներու ենթախորքով՝ իբր թէ կարգ ու կանոն մտցուց միջազգային յարաբերութեանց մէջ։
Միջազգային քաղաքականութիւնը յուզող շատ ու շատ հարցերու շուրջ, Պերլինի Վեհաժողովի ընթացքին, մեծապետական ուժերը յանգեցան տուեալ պահուն այսպէս կոչուած հնարաւորը կամ կարելին իրականացնելու համախոհութեան եւ համաձայնութեան։
Մեծն Բրիտանիա եւ Կայսերական Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա, Ցարական Ռուսաստան եւ Օսմանեան Կայսրութիւն «հին աշխարհ»ին վրայ իրենց հաստատած իրողական տիրապետութիւնը փաստօրէն «օրինականացուցին»՝ իրաւական Դաշնագրով «ամրագրեցին»։
Այդպէ՛ս էր, որ աշխարհաքաղաքական մեծ ու փոքր հարցերու կարգաւորման շարքին, Պերլինի Դաշնագիրը միջազգային վիճելի հարցի քաղաքական կարգավիճակ տուաւ Հայկական Հարցին՝ անոր որոշակի տեղն ու կշիռը ճշդելով աւելի ընդգրկուն «Արեւելեան Հարց»ի շրջագիծին մէջ։
*
* *
Պատմական ծանօթագրութեամբ, Պերլինի Վեհաժողովի գումարման պահուն նոր աւարտած էր 1877-1878ի Թուրք-Ռուսական պատերազմը, որ ընդգրկած էր Պալքաններէն մինչեւ Հայկական Նահանգները տարածուած աշխարհագրական ծաւալուն շրջանը։
Պատերազմը կորսնցուցած՝ Օսմանեան Թուրքիան Մարտ 1878ին, Սան Սթեֆանոյի մէջ, Ցարական Ռուսաստանի հետ կնքած էր զինադադարի եւ հաշտութեան դաշնագիր մը, հիմնական զիջումներ կատարելով ի նպաստ ռուսական յաղթական կողմին։
Այդ զիջումներու շարքին էր Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրին առաջին կէտերէն հանդիսացող 16րդ յօդուածը, որուն համաձայն՝ Ռուսաստան իրաւունք կը ստանար մօտէն հսկելու եւ ի հարկին միջամտելու, որպէսզի Սուլթանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ բարեկարգումները ձեռնարկէր Հայկական Նահանգներուն մէջ, վերջ տալով հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուող հարստահարումներուն, կեղեքումներուն եւ կոտորածներուն, որոնք հետամուտ էին բուն Հայաստանի հայաթափումին։
Անշուշտ Սուլթանական Թուրքիան համակերպած չէր իր պարտութեան եւ այդ պայմաններուն մէջ կատարած զիջումներուն՝ յատկապէս Պալքաններու շրջանէն ներս։
Սուլթանի կառավարութիւնը գաղտնի բանակցութեանց մէջ մտած էր Մեծն Բրիտանիոյ եւ Կայսերական Գերմանիոյ հետ, որոնք հաշտ աչքով չէին հետեւիր Ցարական Ռուսաստանի դէպի տաք ջուրեր հասնելու քաղաքական յաղթարշաւին։
Բրիտանական եւ գերմանական շահագրգռութիւնները դասաւորուեցան այնպէս, որ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրէն քանի մը ամիս ետք՝ անոնք ընդլայնուած օրակարգով վեհաժողով մը գումարելու գաղափարը մէջտեղ նետեցին եւ իրականացուցին Պերլինի միամսեայ Վեհաժողովը, որու աւարտին ստորագրուած Դաշնագրին մէջ միայն 61րդ յօդուածի տեղը գրաւեց Հայկական Հարցը՝ Հայկական Նահանգներու բարեկարգման պահանջը Սուլթանի կառավարութեան խղճի պարտքը հռչակելով եւ եւրոպական մեծ տէրութեանց յանձնելով հեռուէն վերահսկելու իրաւասութիւնը…
*
* *
Միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսման առումով վնասակար չեղաւ Պերլինի Վեհաժողովը։ Նաեւ ու յատկապէս համեւրոպական քաղաքականութեան առումով, իր գործած սխալներով ու անարդարութիւններով՝ Պերլինի Վեհաժողովը պատմութեան անցաւ, ըստ ամենայնի, իբրեւ մեծապետական շահամոլութեան, գաղթատիրութեան եւ կարճատեսութեան տխրահռչակ բեմադրութիւն մը։
Վեհաժողովի գումարման նախաձեռնեց գերման վարչապետ Պիսմարք, որ իր վարչապետական նստավայրին՝ երբեմնի կայսերական Րացուիլ ապարանքին մէջ, հիւրընկալեց համագումարին լիիրաւ մասնակից վեց մեծ տէրութեանց պատուիրակութիւնները – Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան։
Լրացուցիչ՝ միայն իրենց ճակատագրին առընչուող օրակարգով գումարուած նիստերուն, Վեհաժողովին ներկայ գտնուելու իրաւունք ստացան Յունաստանի, Ռումանիոյ, Սերպիոյ եւ Մոնթենեկրոյի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները։
Վեհաժողովին գլխաւոր օրակարգը Պալքանեան Թերակղզիի աշխարհաքաղաքական նոր սահմանագծումն ու իրաւակարգումն էր։ Բայց պարզապէս պատրուակ ու շարժառիթ էր Պալքաններու խռովայոյզ վիճակը։ Վեհաժողովի սեղանին վրայ դրուած բուն խնդիրը Օսմանեան Կայսրութեան՝ «Հիւանդ Մարդուն» արագընթաց տկարացումին եւ փլուզումին հետեւող ԱՒԱՐԸ իրենց միջեւ բաժնուիլն էր, մանաւանդ որ տարածաշրջանէն ներս Ցարական Ռուսաստանը արագ թափով կ՚ուժեղացնէր իր դիրքերը՝ իր ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնումով, արեւմուտքէ՛ն, դէպի Պալքաններ ու Սեւ Ծով եւ, հարաւ-արեւելքէ՛ն, դէպի Արեւմտահայաստան ու Պարսկաստան։
Անշուշտ Պալքանները, ազգայնական զարթօնքի եւ սլաւոնական-ուղղադաւան ինքնահաստատման բուռն շարժումներու վարակիչ մթնոլորտին մէջ, ինքնին ստեղծած էին միջազգային առումով պայթուցիկ իրավիճակ մը, որ եթէ մէկ կողմէ անխուսափելի դարձուցած էր թրքական տիրապետութեան թօթափումը, միւս կողմէ ալ, սակայն, վտանգի ենթարկած էր Աւստրօ-Հունգար Կայսրութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ «շահերը» Պալքաններու եւ ընդհանրապէս ամբողջ Արեւելքի մէջ։
Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիա բուռն հակազդեցութիւն ունեցաւ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրին դէմ։ Անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարեց Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»ուն։ Գաղտնի գործարքի մէջ մտաւ Սուլթանի կառավարութեան հետ եւ, կանխի՛կ, Կիպրոսը նուէր ստանալով՝ ահազանգ հնչեցուց Պալքաններուն սպառնացող սլաւոնական վտանգին դէմ։
Ռուսական վերելքով հանգիստ չէր նաեւ Գերմանիան. ոչ այնքան Պալքաններու եւ տաք ջուրերու ուղղութեամբ Ռուսաստանի յառաջխաղացքին, որքան Եւրոպայի մեծապետական հաւասարակշռութեան խախտումին եւ Մեծն Բրիտանիոյ թշնամանքը իր վրայ հրաւիրելու մտավախութեամբ։
Պիսմարք անհրաժեշտ հոտառութիւնը ունէր, որպէսզի արագ շարժէր եւ պահպանէր կացութեան տէրը ըլլալու իր առաւելութիւնը։
Այդպէս ալ եղաւ։
*
* *
Կայսերական Գերմանիոյ «Երկաթեայ Վարչապետ»ը՝ Պիսմարք նախաձեռնեց Պերլինի Վեհաժողովին գումարումը եւ անձամբ ղեկավարեց անոր աշխատանքները՝ աշխարհի ճակատագիրը միասնաբար ղեկավարելու ընդհանուր համախոհութիւն մը առաջացնելով եւրոպական մեծ տէրութեանց միջեւ։
Բայց ի՞նչ գնով։
Պերլինի Վեհաժողովին մասնակից Մեծն Բրիտանիոյ պատուիրակութեան ղեկավարը՝ վարչապետ Տ՚իզրայէլի Լոնտոն վերադարձին իր քաղաքացիներուն յայտարարեց, թէ «ձեզի կը բերեմ խաղաղութեան եւ հաշտութեան դաշնագիր մը, որ միաժամանակ պատուաբեր է»…
Պատմաբանները համաձայն չեն Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետի գնահատումին։
Ընդհակառակն՝ Պերլինի Դաշնագիրը դժգոհ ձգեց ոչ միայն Պալքանեան թերակղզիի քրիստոնեայ ժողովուրդները, ուղղադաւան ըլլան անոնք թէ կաթոլիկ, այլեւ՝ Օսմանեան Կայսրութենէն ազատութիւն ու անկախութիւն, նոյնիսկ սոսկական բարենորոգումներ պահանջող միւս բոլոր ազգերը։
Սան Սթեֆանոյի մէջ կեանքի կոչուած կիսանկախ եւ միացեալ մեծ Պուլկարիան, որ Պալքաններու քրիստոնեայ ազգութեանց համակեցութեան եւ հետագայ անկախացման երաշխիքը պիտի ըլլար, վերստին մասնատուեցաւ եւ ամբողջապէս դրուեցաւ օսմանեան տիրապետութեան տակ։
Հետեւաբար, Տ՚իզրայէլիի յաւակնոտ արժեւորումը այդպէս ալ մնաց… միայն ծերունազարդ դիւանագէտի մը պարծենկոտ յայտարարութիւնը։
Եւ Պիսմարք շատ լաւ կ՚անդրադառնար, որ պարզապէս աւարի բաժանման շուրջ գոյացած համախոհութիւն էր իր ձեռք բերած… յաջողութիւնը Պերլինի Վեհաժողովի աւարտին։
Ազատութիւն եւ արդարութիւն պահանջող ժողովուրդներու ձայնը պարզապէս խեղդուած էր մեծ տէրութեանց նեղ-շահամոլոլական յաղթագոռ ելոյթներու ճնշումին տակ։
Աւելի՛ն. պատմաբաններու ընդհանուր եզրակացութեամբ, Պերլինի Վեհաժողովը պարզապէս ծառայեց Պալքանեան վառօդի տակառը առժամաբար… ծածկելու նպատակին։
Եւ այսօր, Պերլինի Վեհաժողովի բացումէն 142 տարի ետք, որքան դիպուկ իր ախտաճանաչումը կը պահպանէ նոյնինքն Պիսմարքի մարգարէական նախատեսութիւնը՝ Պալքաններու մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց դրսեւորած ընչաքաղցութեան եւ կարճատեսութեան հետեւանքին վերաբերեալ․
– «Եւրոպան այսօր վառօդի տակառ մըն է, իսկ անոր ղեկավարները նման են զինարանի մը մէջ ծխող մարդոց… մէկ հատիկ փոքր կայծ մը կրնայ առաջացնել այնպիսի պայթիւն մը, որ պիտի սպառէ բոլորս… Չեմ կրնար ըսել ձեզի, թէ այդ պայթիւնը ե՞րբ պիտի պատահի, բայց կրնամ ըսել, թէ ո՛ւր… Պալքաններու մէջ անիծեալ ապուշ բան մը պիտի առաջացնէ այդ պայթիւնը…»։
Դժբախտաբար իրականացաւ Պիսմարքի նախատեսութիւնը։
Ամբողջ մարդկութեան գլխուն պայթեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը՝ աշխարհակործան իր հետեւանքներով։
Իսկ հայ ժողովուրդը ծանրագոյն գինը վճարեց Մեծապետական Խաղին՝ զոհ երթալով թրքական պետութեան ծրագրած ու գործադրած 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան, որուն մտայղացումը շատոնց կատարած էր ցեղասպանը եւ կը սպասէր, պարզապէս, զայն գործադրելու «յարմար պահուն»։
Պերլինի Վեհաժողովին ծանրակշիռ դասերը այսօր եւս կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը եւ պարբերաբար պէտք է բանալ անոր ծալքերը, որպէսզի վաղը դարձեալ չիյնանք օրհասական հարուածի տակ։
*
* *
Այսօրուան պայմանները հիմնովին բարեփոխուած են անշուշտ։
Եթէ 142 տարի առաջ, Հայկական Հարցի միջազգայնացման առաջին քայլը նետելու պահուն, հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը իբրեւ Միջազգային Իրաւունքի լիարժէք իրաւատէր դեռ հաստատուած չէին, այսօր արդէն գոյութիւն ունի եւ միջազգային ճանաչում կը վայելէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը – անոր ընդմէջէն եւ՝ հայ ժողովուրդը։
142 տարի առաջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնն էր, որ Ռուս-Թրքական պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ցարական Ռուսաստանի խրախուսանքով եւ եւրոպական տէրութեանց հաւանութեամբ՝ յատուկ պատուիրակութիւն մը կազմած էր Խրիմեան Հայրիկի գլխաւորութեամբ, որպէսզի ներկայացնէր Հայկական Նահանգներու բարեկարգման պահանջները, որոնց առանցքը հայութեան տեղական ինքնակառավարման իրաւունքին ամրագրումն էր վերջին հաշուով։
Խրիմեան Հայրիկ միայն թուղթէ շերեփ ունէր իր ձեռքին, որուն միջոցաւ հնարաւոր չէր Պերլինի Վեհաժողովի Հերիսայի Կաթսայէն հայ ժողովուրդին հասանելի բաժինը վերցնել…
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ աշխարհասփիւռ Հայկական Սփիւռքով՝ հայ ժողովուրդը այսօր ունի անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի Համաշխարհային Նոր Կարգի «հերիսայի կաթսայ»էն կարենայ երկաթէ շերեփով վերցնել իրաւունքի եւ արդարութեան իր անբռնաբարելի բաժինը։
Կը բաւէ, որ իրաւատիրութեան եւ պահանջատիրութեան ճակատին վրայ դեդեւումներ, խոտորումներ եւ նահանջ չարձանագրենք՝ համազգային մեր տենչերուն եւ շահերուն լիարժէք տէր կանգնող ազգային սեփական պետականութիւնը կերտելով, անոր շուրջ բոլորուելով եւ վերածնեալ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման անսակարկ նուիրուելով։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ