ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Լուսամիտ մը եղած է ան, տգէտ ու մոլեռանդ կղերականաց պինդ ատեցող, թեթեւսոլիկներու եւ իմաստակներու սուր երգիծանող

Լուսամիտ մը եղած է ան, տգէտ ու մոլեռանդ կղերականաց պինդ ատեցող, թեթեւսոլիկներու եւ իմաստակներու սուր երգիծանող, եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեանց նախանձախնդիր պաշտպան մը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Լուսամիտ մը եղած է ան, տգէտ ու մոլեռանդ կղերականաց պինդ ատեցող, թեթեւսոլիկներու եւ իմաստակներու սուր երգիծանող, եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեանց նախանձախնդիր պաշտպան մը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Լուսամիտ մը եղած է ան, տգէտ ու մոլեռանդ կղերականաց պինդ ատեցող, թեթեւսոլիկներու եւ իմաստակներու սուր երգիծանող, եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեանց նախանձախնդիր պաշտպան մը»:

28 Յունիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ հայ իրականութեան մէջ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔի լիարժէք ու լիիրաւ առաջացման, այլեւ ՄՏՔԻ եւ ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարած գաղափարի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրենց ամէնէն բուռն բանավէճերու եւ գաղափարական կռիւներու ընթացքին ալ ՄԻՇՏ ՅԱՐԳԱԾ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԱԾ ԵՆ ՀԱԿԱՌԱԿ ՏԵՍԱԿԷՏԻՆ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑՆԵՐՆ ու բոլոր ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԵԼՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ ինչպէս հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալին, այնպէս եւ մեր օրերուն ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՌՈՒԻ ՇԻՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ հայ մտքի բոլոր ասպետական ջահակիրներուն, որոնք ամենայն սկզբունքայնութեամբ անխոնջ պայքարի լծուած են ընդդէմ հայ քաղաքական ԼԵԶՈՒՆ եւ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ցեխարձակումներու եւ լուտանքներու ՏԻՂՄԻՆ ՄԷՋ ԽԵՂԴԵԼՈՒ ծառայութիւնը ընտրած ԿԵՂԾ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ․․․

Բարի լոյս՝ Յունիս 28ի այս օրը 116 տարի առաջ վախճանած ԿԱՐԱՊԵՏ ԻՒԹԻՒՃԵԱՆի գաղափարական ԿՏԱԿին, որուն անդրադարձած է Յուշատետրի այսօրուան գրառումը։

*
* *

Ինչպէս որ Հրանդ Ասատուր ատենին վկայած է «Մասիս»ի արժանաւոր հիմնադրին ու խմբագրապետին՝ Կ․ Իւթիւճեանի մասին՝

«Լուսամիտ մը եղած է ան, տգէտ ու մոլեռանդ կղերականաց պինդ ատեցող, թեթեւսոլիկներու եւ իմաստակներու սուր երգիծանող, եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեանց նախանձախնդիր պաշտպան մը։

Տէրոյենցներու, Շահնազարեան վարդապետը դատափետողներուն, ամիրայական եսութիւններուն կողմը չէ եղած. ընդհակառակն, երբ Տէրոյենց, Շահնազարեանի դէմ իր հեռոտ ու մոլեխանձ վարմունքով, կը կորսնցնէր Գերագոյն Ժողովին համարումը, Իւթիւճեան կ’ընտրուէր իբրեւ հակազդող ոգի մը եւ անոր կը յանձնուէր ազգային թերթին խմբագրութիւնը, հանրային կարծեաց թարգման ու առաջնորդ ըլլալու պատուաբեր պաշտօնը։

Իբրեւ Պատրիարքարանի Ժողովներու անդամ եւ իբրեւ խմբագիր, անվհատ ջատագովն եղած է օրինաւորութեան, եւ ինք կամ իր թերթն եթէ ո՛ր եւ է խումբի մը կողմնակալութեամբ ամբաստանուած է՝ այն ալ Սէրվիչէններու, Օտեաններու, Ռուսինեաններու, Ասլանեաններու կողմը եղած է, որք, ինչպէս յայտնի է, լուրջ ու խոհեմ յառաջդիմականութեան դասը ներկայացուցած են եւ որոց գործակից բազմած է յաճախ օրինադրական աշխատութեանց համար։ Իւթիւճեանի նկարագրին ու գրչին ծանօթ մէկ գիծն է իր խայթիչ երգիծանքն, բայց իր ամէնէն խարիչ վերադիրները, «շնորհունակ»ներու տեսակէն, ու «Թափառական Հրեայ»էն փոխ առնուած մակնդիրները, «Ռոտէն»ներու սեռէն, անարժան հովիւներու ու կեղծաւոր շահախնդիր պաշտօնեաներու համար եղած են»։

Բարի լոյս՝ կեանքի մէջ միշտ սորվելու բան գտնելու պատրաստակամ ԻՐԱՒ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք նաեւ Իւթիւճեանի «լուրջ ու խոհեմ յառաջդիմականութեան» ՈՒՂԻՆ կ՚ընտրեն եւ – իրենց ամէնէն սուր քննադատութեանց ու «խայթիչ երգիծանք»ին մէջ անգամ – ԱՐԺԷՔՆԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ կը մնան՝ հայ քաղաքական միտքը անխոցելի դարձնելու համար ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՎԱՇԽԱՌՈՒՆԵՐՈՒ թունաւոր ու հայհոյական «լեզուամտածողութեան» դէմ։

Լուսամիտ մը եղած է ան, տգէտ ու մոլեռանդ կղերականաց պինդ ատեցող, թեթեւսոլիկներու եւ իմաստակներու սուր երգիծանող, եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեանց նախանձախնդիր պաշտպան մը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail