ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ – «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Գ.
26 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
- Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով
Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները - Բոլոր Դասագիրքերը Պէտք է Համապատասխանեն 6500 Պատերազմ Տեսած
Հզօր Երկրի Մը Եւ Անոր Հերոս Ժողովուրդին Անկոտրում Ոգիին
Պօղոսեանի առաջին յօդուածը, լոյս տեսած 8 յունիս 2019-ին. «Դասագիրքը ո՛չ թէ զուտ պատմութիւն է, այլեւ «պատմութեան դաս»» խորագիրով (18): Երկրորդը՝ 9 օգոստոս 2019-ին «Տրդատ Ա.-ի դասերը» (19): Երրորդը՝ 27 փետրուար 2020-ին «Տրդատ Ա.-ի ծննդեան 2000 ամեակին ընդառաջ» (20): Չորորդը՝ 12 մարտ 2020-ին՝ «Ինքնիշխանութեան այլընտրանքը խամաճիկութիւնն է» (21): Ստորեւ կ՛ամփոփեմ առաջին յօդուածին գլխաւոր միտքերը՝ արեւմտահայերէն, ուր Պօղոսեան կը փաստէ, որ վերեւ նշուած Մհեր Յակոբեանին մատնանշած խորհրդային նախկին վարքագիծը հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մասին, անընդունելի կերպով մինչեւ օրերս տակաւի՛ն կը շարունակուի:
Պօղոսեան կարդալէ ետք այժմու համալսարանական (ԲՈՒՀ) դասարաններու «Հայոց պատմութիւն» գիրքը (Հրաչիկ Սիմոնեանի խմբագրութեամբ, Երեւանի Պետական Համալսարանի 2012-ի հրատարակութիւն), զարմանքով` շատ յուսախաբ կ՛ըլլայ: Յայտնելով, որ թէեւ ինք պատմաբան չէ, սակայն, կարեւորելով դասագիրքերուն ազգային քաղաքական դաստիարակիչ դերը, չէր կրնար անտարբեր մնալ, ուստի կ՛որոշէ ներկայացնել քանի մը նկատողութիւն:
1. Այդ գիրքին 62-րդ էջին մէջ գրուած է. «…Հռոմը եւ Պարթեւիստանը ճանչցան Մեծ Հայքի անկախութիւնը, Տրդատ Ա.-ի ինքնավար իրաւունքները եւ իրենց զօրքերը հեռացուցին անոր սահմաններէն»:
– Այստեղ տրամաբանական հարց կը յառաջանայ. եթէ ճանչցած են պետութեան անկախութիւնը, ապա այդ պետութիւնը ինքնավա՞ր է, այսինքն՝ կը շարունակէ մնալ վասալական կարգավիճակով, թէ՞ այլեւս ինքնիշխան է, առաւել նաեւ, որ թշնամին իր զօրքերը սահմաններէն հեռացուցած է – կ՛ըսէ Պօղոսեան:
2. Նշուած է, որ Տրդատ Ա-ը «պէտք է մեկնի Հռոմ եւ արժանանայ կայսերական արքունիքի հաւանութեանն ու հաստատմանը»:
– Անհասկանալի է, թէ Տրդատ թագաւորին ինչու պէտք էր այդ «հաւանութիւնն ու հաստատումը», չէ՞ որ ինքը արդէն Մեծ Հայքի թագաւոր հռչակուած էր եւ բոլորը գիտէին այդ մասին, առաւել եւս, որ հռոմէական բանակը խայտառակ, ջախջախիչ պարտութիւն կրած էր 62-ի Հռանդեայի ճակատամարտին: Ինչո՞ւ ուրեմն նշուած է այդ՝ դասագիրքին մէջ եւ աւելացուած, որ «Իր զօրքերու մնացորդները փրկելու նպատակով Պետոսը կնքեց զինադադար, (ոչ թէ պարտութ-հաշտութիւն*) որու համաձայն հռոմէացիները զինաթափուեցան, յանձնեցին գերիներն ու աւարը, ապա անցնելով հայոց բանակի նիզակներէ պատրաստուած նուաստացուցիչ «լուծին» տակէն՝ ահաբեկուած Կապադովկիա փախչեցան»: Ապա գրուած է. «Պատերազմը շարունակելու եւ յաղթանակի հասնելու նպատակով Ներոնը վերստին Հռոմի արեւելեան զօրքերուն գլխաւոր հրամանատար կարգեց արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած Գորպուլոյին (Gnaeus Domitius Corbulo 7-67*): Նկատի ունենալով հայ-պարթեւական ուժերուն գերակշռութիւնը՝ Գորպուլոն ձեռնպահ մնաց ռազմական գործողութիւններէն եւ առաջարկեց կնքել հաշտութեան պայմանագիր: Հայերուն պահանջով հաշտութիւնը կնքուեցաւ Հռանդեայի մէջ՝ հռոմէական զօրքերուն պարտութեան վայրին մէջ»:
(Յստակօրէն՝ դասագիրքը դարձդարձիկ կերպով կը մերժէ հայոց բացարձակ ու շռնդալից յաղթանակը: Այս մտայնութիւն-խայտառակութիւնը կրկնուեցաւ Արցախի մասամբ ազատագրումէն ետք, երբ հայութեան ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ օրուան մեր իշխանութիւնները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ՝ վերածեցին ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ, այն ալ անյաջող…Ահա այսպիսի մեղկ ու պարտուողական վարքագիծը՝ դաստիարակութիւնը ցարդ կը շարունակուի –ՅՉ):
3. Այնուհետեւ կը նշուի, որ «65-ին Տրդատ Ա.-ը իր ընտանիքով եւ 3 հազար հեծեալ շքախումբով մեկնեցաւ Հռոմ: Հռոմի գլխաւոր հրապարակին՝ ֆորումին մէջ, Տրդատ Ա.-ը հանդիսաւորութեամբ օծուեցաւ Մեծ Հայքի թագաւոր»:
– Ինչո՞վ կը բացատրուի, որ Տրդատ Ա. Հռոմ մեկնեցաւ իր ընտանիքով եւ 3 հազար հեծեալ շքախումբով: Այդ մասին ոչ մէկ խօսք կայ, այն ալ ինը ամիս, նաեւ «այդ ուղեւորութեան ծախսերը պարտաւորուեցաւ վճարել կայսերական արքունիքը»: Ինչո՞ւ Ներոն կայսրի այս շռայլութիւնը, որ ծանօթ էր իր ամբարտաւանութեամբ: ի՞նչ կ՛ընէր Տրդատ թագաւորը այդ ինը ամիսը Հռոմէական կայսրութեան մէջէն անցնելով, ինչո՞վ զբաղուած էր անոր բազմամարդ շքախումբը՝ հրամանատարները եւ խորհրդականները՝ մասնագէտները: Ո՛չ մէկ խօսք:
4. Այնուհետեւ գիրքին մէջ կընշուի. «Տրդատ Ա-ին յատկացուած մեծ գումարը եւ անոր հետ Մեծ Հայք եկած բազում արհեստաւորները սոսկ կայսերական «պարգեւ» չէին, այլ ռազմատուգանք՝ հռոմէական զօրքերուն պատճառած վնասները փոխհատուցելու համար: Այդ գումարով ու արհեստաւորներուն օգնութեամբ վերականգնուեցան Արտաշատը, Գառնիի ամրոցը, որուն առընթեր կառուցուեցաւ Միհր չաստուածի տաճարը եւ այլն»:
– Այս ամէնը շարադրելէն ետք ի՞նչ եզրակացութիւն կը կատարուի: Ո՛չ մէկ. քար լռութիւն: Այսպիսի հակասական շարադրանք հաւանաբար, հիմնուած է հռոմէական պատմիչներուն տեղեկութիւններէն (կամ՝ դասագիրքի խմբագիրին գիտակից կուրութենէն, անտեսելով Հռոմի դէմ հայկական ջախջախիչ՝ կատարեալ յաղթանակը, վնասուց հատուցումով միասին*): Այդ մասին կը վկայեն նաեւ այլազգի պատմաբաններու տեղեկութիւնները, որոնք էապէս չեն տարբերիր հայ պատմաբաններու տեղեկութիւններէն: Այստեղ, անհրաժեշտ է նշել, որ հռոմէական պատմիչները յայտնի են իրենց կանխակալութեամբ, պատմական դէպքերը միակողմանիօրէն՝ միայն յօգուտ Հռոմի ներկայացնելու մտայնութեամբ:
Կը կարծեմ, թէ նշուած հարցումներուն պատասխանը կու տայ ֆրանսական արդի գրականութեան հիմնադիր Ֆրանսուա Ռապլէն (François Rabelais, 1494-1553, գրող, բժիշկ, մարդաբան, նախկին վարդապետ եւ յունագէտ*), որ իր հանճարեղ՝ «Կարկանդուան եւ Փանդակրուէլը» (Gargantua et Pantagruel*) երկին մէջ, 16-րդ դարուն կը գրէ (անգլերէնի թարգմանութեան գիրք III էջ 313-314*). «Ես կը յիշեմ, որ տեղեկացուած ու պերճախօս հեղինակ մը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Արքայ Տրդատը Ներոնի ժամանակ այցելած է Հռոմ, ուր անոր ընդունած են արտակարգ հանդիսաւորութեամբ, շուքով եւ շքեղութեամբ՝ ծերակոյտին եւ ժողովուրդին հետ յաւէրժ բարեկամութիւն հաստատելու համար: Այդ հրաշալի քաղաքին մէջ չէ մնացած տեսարժան վայր մը, որ անոր ցոյց չեն տուած:
«Անոր մեկնումին առթիւ, կայսրը բազմաթիւ թանկարժէք եւ արտասովոր նուէրներ ընծայած է եւ, բացի այդ, իր սէրը ամբողջութեամբ արտայայտելու եւ վկայելու նպատակով սրտանց կը խնդրէ, որ Տրդատ ընտրէ յատկապէս Հռոմի մէջ իրեն հաւնած լաւագոյն բանը, երդուելով կը խոստանայ, որ ոչինչ պիտի մերժէ, ինչ որ հիւրը կը ցանկայ ունենալ: Հիւրը, սակայն, կը խնդրէ կատակերգու մը (միմոս), որուն տեսած էր թատրոնին մէջ եւ, թէեւ ինքը չէր հասկնար դերասաններուն խօսակցութիւնը, այդ միմոսը, նշաններով եւ մարմնի շարժումներով հասկցուցած էր թատրոնին կատարումը: Հիւրը կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչու ընտրած է այդ միմոսին, քանի որ իր հպատակութեան տակ կ՛ապրին տարբեր լեզուներ խօսող ժողովուրդներ, որոնց պատասխանելու եւ անոնց հետ խօսելու համար կարիքը ունի բազմաթիւ թարգմաններու…»:
– Պատմաբանները, իհարկէ, անմիջապէս կրնան ըսել, թէ այս գրական երկ է եւ չի կրնար աղբիւրագիտական նշանակութիւն ունենալ, առաւել եւս զայն դարձնել լուրջ գիտական եզրակացութեան հիմք: Եթէ այդպէս է, ստիպուած կ՛ըլլամ ըսելու, որ հանճարեղ Ֆ. Ռաբլէնը եղած է իր ժամանակի ամենակրթուած մարդոցմէ մէկը եւ չէր կրնար որեւէ փաստի առնչութեամբ իր գրողի երեւակայութեանը յենիլ: Բացի այդ, ան կը նշէ, որ «հեղինակի մը գիրքէն», այն ալ «տեղեկացուած եւ պերճախօս», քաղած է այդ ամէնը, այսինքն՝ ինք ունեցած է իր աղբիւրը: Ով է այդ հեղինակը, ես չեմ գիտեր, կը կարծեմ՝ պատմաբանները եւ գրականագէտերը աւելի տեղեակ են:
Միայն ա՛յս դասագիրքին նշուած փաստերուն ծանօթանալէ ետք, կը կարծեմ, կարելի է առաջադրուած բոլոր հարցումներուն տալ ճշգրիտ պատասխաններ:
Առաջին՝ Հռանդեայի պայմանագիրը նախ եւ առաջ Տրդատ Ա-ի դիւանագիտական մեծ յաղթանակն էր ա՛յն առումով, որ կրցած է ճակատամարտին տարած յաղթանակը պսակել հաշտութեան (երկարատեւ*) պայմանագիրով:
Երկրորդ, Տրդատ Ա-ը կրցած է Գորպուլոյին պարտադրել իր սեփական բոլոր պահանջները, իսկ Գորպուլօն ծանօթ է, որ պատահական մարդ չէր, այլ Ներոն կայսրի՝ արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած ներկայացուցիչը եւ ռազմական յաղթանակներով հանրայայտ զօրավարը:
Երրորդ, Տրդատ Ա-ը Գորպուլոյին պարտադրած է Հռանդեայի պայմանագիրը կնքել յատկապէս Հռանդեայի մէջ՝ հռոմէական զօրքին պարտութեան վայրին մէջ, ինչ որ ինքնին խօսուն փաստ է:
Չորրորդ, հասկանալի կը դառնայ, թէ ինչու Տրդատ Ա. կը համաձայնի այցելել Հռոմ եւ թագ ստանալ (իր սեփական թագը, որ այս առիթով Հռոմ կը ղրկէ*), այլ ոչ թէ օծուիլ, որովհետեւ Հռոմ մեկնելով Տրդատը կը ցուցադրէ իր անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, այլ ո՛չ թէ ինքնավար իրաւունքները:
Հինգերորդ, կը կարծեմ հասկանալի է, որ Հայաստանին նոյնպէս անհրաժեշտ էր ունենալ այնպիսի՛ դաշնակից երկիր, ինչպիսին էր Հռոմէական կայսրութիւնը, այնպէս, ինչպէս Հռոմը կ՛ուզէր ունենալ Հայաստանի նման դաշնակից: Ինչպէս նշուած է «Հայկական Հանրագիտարանին» մէջ, թէ. «ինչպիսի ճիգեր գործադրած է Ներոնը անոր Հռոմի մշտական բարեկամը դարձնելու համար» (հատոր 9, էջ 557):
Վեցերորդ, պարզ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ Տրդատ Ա-ի ուղեւորութիւնը տեւեց ինն ամիս. Ան Հռոմ մեկնած էր ոչ թէ ժամանցի համար, այլ, կարելի է ենթադրել, Հռոմի կայսրութեան ռազմական, տնտեսական, մշակութային յաջողութիւններուն ծանօթանալու նպատակով, բնականաբար, ատոնք իր թագաւորութեան մէջ իրականացնելու համար:
Եօթերորդ, պարզ է նաեւ, թէ ինչո՛ւ Տրդատը Հռոմ այցելեց 3 հազար հեծեալի ուղեկցութեամբ: Այդ շքախումբի խնդիրը ոչ միայն անոր անվտանգութիւնը ապահովելն էր, այլեւ այն ինչ, որ կարելի չէր իրականացնել՝ ծանօթանալ հռոմէական ռազմարուեստին, եւ նաեւ ցուցադրել հայկական այրուձին, որ այն ժամանակ արդէն յայտնի էր ճակատամարտեր վարելու իր բարձրարուեստ կարողութիւններով եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ Հռոմին զգուշացնելու, որ Հայաստանի դէմ պատերազմ սկսելու պարագային ան գործ կ’ունենայ այդպիսի մակարդակի զօրքի հետ:
Ութերորդ, չափազանց էական է կատակերգուին դրուագը, որ առաջին հայեացքով կրնայ այնքան կարեւոր չթուիլ: Այդ խնդրանքով, Տրդատ Ա Ներոնին դիւանագիտական լեզուով կ՛ուզէր հասկցնել, որ այնպէս, ինչպէս Ներոն յայտնի էր իր արուեստասիրութեամբ, նոյնպէս, ինքը անոր չի զիջիր: Անուղղակի կերպով նաեւ նշելով, որ ինչպէս Ներոնը, նոյնպէս ինքն ալ իր տիրապետութեան տակ ունի այլալեզու ժողովուրդներ: Այսինքն՝ ինքը ոչինչով պակաս է Ներոնէն:
Կարճ խօսքով, որքան կարելի է դատել դասագիրքին մէջ շարադրուած փաստերէն եւ ծանօթանալով նաեւ Ռապլէի տեղեկութեան, կը մնայ եզրակացնել, որ Ներոն Տրդատ Ա-ը Հռոմ հրաւիրած էր ոչ թէ օծելու, այլ հայցելու հայոց արքային ներողամտութիւնը (տարիներով պատերազմելով եւ Հայաստանի քաղաքները քանդելուն համար*) եւ ձեռք բերելու դաշնակից պետութիւն:
Կ՛ուզեմ վերստին հայցել պատմաբաններուն ներողամտութիւնը վերեւ նշուած եզրակացութիւններուն համար եւ յայտնել, որ բնաւ այն կարծիքին չեմ, որ ատոնք գիտականօրէն ամբողջապէս հիմնաւորած են եւ անխոցելի: Միաժամանակ, չեմ կրնար չնշել, որ դասագիրքը, համալսարանական, թէ՝ դպրոցական, կարելի չէ շարադրել նման ձեւով: Դասագիրքը, մասնաւորապէս պատմութեան դասագիրքը, բոլորովին այլ չափանիշեր պէտք է ունենայ եւ կարողանայ հետաքրքրաշարժ կերպով ներկայացնել պատմական իրողութիւնները:
«Ընդհանուր առմամբ, դասագիրքին այս հատուածը հրաշալի կերպով ցոյց կու տայ, թէ՝ ԻՆՉՊԷՍ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ՛ ՇԱՐԱԴՐԵԼ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ: Իմ համոզումով, դասագիրքը ո՛չ թէ զուտ պատմութիւն է, այլեւ «պատմութեան դաս»՝ մէկ կողմէ պէտք է ներկայացուին յաղթանակի դասերը, միւս կողմէ՝ պարտութեան դասերը եւ երբե՛ք կարելի չէ զայն դարձնել թուականներու շտեմարան: Ի դէպ, պատմութեան դասերը, որոնք թէ՛ դիւանագիտական են, թէ՛ մարտավարական, թէ՛ ռազմավարական եւ այլն, կրնան չափազանց օգտակար ըլլալ Նոր Հայաստանի բոլոր իշխանաւորներուն, որոնք մեր նախկին աշակերտներն ու ուսանողներն են» – կ՛եզրակացնէ Պօղոսեան:
Ի՛նչ կը նշանակէ իր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ 6500 մեծ ու փոքր ճակատամարտեր, պատերազմներ ունենալ, որոնցմէ էր Հռանդեայի այս փառաւոր յաղթանակը: Կը նշանակէ, որ եղած ենք գործնապէս ազատատենջ: Մի՛շտ յուսահատական, յուզումնալից եւ տխուր ոճով աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կ՛ըսուի, որ Հայաստանը՝ այո, կռուախնձոր եղած է: Սակայն, իրական ու գիտական վերլուծող տեսակէտը հպարտութեամբ կ՛ըսէ, որ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՅՆՔԱ՛Ն ՀԶՕՐ ԵՂԱԾ Է, ՈՐ 6500 ԱՆԳԱՄ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԵՂԱԾ Է, ԿԱՄ՝ ԻՆՔԶԻՆՔ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՅԱՋՈՐԴ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ, ՎԵՐՋԻՆԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԱՄԲ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ: Այս պատճառով է, որ տասնեակ պատմական ազգեր անհետացած են, Հայ ազգը՝ ոչ: Եւ այժմու հայ ժողովուրդը կը կրէ գրեթէ անփոփոխ՝ առ նուազն 9000 տարիներու իր նախնիներուն նո՛յն ծիները:
28 յունիս2020
Շար. 3 եւ վերջ
* Լուսաբանութիւնները իմս:
(1) http://www.aztagdaily.com/archives/475492
(2) https://youtu.be/9Jh_ijRq69U
(3) http://www.aztagdaily.com/archives/475615
(4) https://top-news.am/?p=10621&l=am
(5) https://hy.wikipedia.org/wiki/Մհեր_Հակոբյան
(7) https://akunq.net/am/?p=30682
(9) «Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները Զ.», «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, 28 Սեպտեմբեր 2019:
(10) «Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները Ը.», «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, 25 Հոկտեմբեր 2019:
(11) Black Athena: The archaeological and documentary evidence, Martin Bernal, 1987, Rutgers university press,New Jersey, 736 pages.
(12) http://www.aztagdaily.com/archives/466803
(13) http://www.aztagdaily.com/archives/473538
(12) http://www.aztagdaily.com/archives/475615
(13) https://www.panarmenian.net/eng/details/212678/
(14) http://www.aztagdaily.com/archives/449348
(15) http://www.aztagdaily.com/archives/450664
(16) https://www.youtube.com/watch?v=VP0Ec_0pv9E
(17) https://hy.wikipedia.org/wiki/Վալերի_Պողոսյան
(18) https://www.aravot.am/2019/06/08/1048658/
(19) https://www.aravot.am/2019/08/09/1059333/
(20) https://www.aravot.am/2020/02/27/1096482/
(21) https://www.aravot.am/2020/03/12/1099221/
aztagdaily.com/archives/476679