ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 23 Յուլիս 1828․ Ջաւախքի հայութեան ժամանակակից պատմութեան սկզբնաւորումը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
23 Յուլիս 1828․
Ռուսական զօրքը գրաւեց Ախալքալաքը.
Ջաւախքի հայութեան ժամանակակից պատմութեան սկզբնաւորումը
23 Յուլիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Յուլիսի այս օրերուն, 192 տարի առաջ, պատմական Հայաստանի հինաւուրց Գուգարաց աշխարհը կ՚ապրէր բախտորոշ, այլեւ դարաշրջան բացող պահեր։
Ճիշդ 23 Յուլիսի այս օրը, 1828 թուին, երիտասարդ եւ ռազմունակ զօրավարի մը՝ Իվան Պասկեվիչի հրամանատարութեամբ, ռուսական զօրքը յաջողեցաւ կոտրել անառիկ բերդաքաղաք Ախալքալաքի թուրք զօրքերուն բուռն դիմադրութիւնը եւ գրաւեց զայն։
Պասկեվիչի համար Ախալքալաքի գրաւումը սոսկ կայան մըն էր դէպի տաք ջուրեր Ռուսաստանի յաղթական յառաջխաղացքի երկար ճամբուն վրայ։ Յունիսին արդէն Պասկեվիչ կրցած էր գրաւել Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն յառաջապահ միջնաբերդը նկատուած Կարսը եւ հայեացքը ուղղած էր դէպի Կարին (Էրզրում), որու գրաւումը տապարի հարուած մը պիտի ըլլար թուրքերու մահամերձ կայսրութեան համար։
Իսկ հայ ժողովուրդին համար Ախալքալաքի ազատագրումը թուրքեւքրտական տիրապետութենէն շատ աւելին կը նշանակէր, քան Ռուսաստանի ծաւալապաշտութեան հաշւոյն ռազմական նուաճում մը։ Խաներու եւ թուրք-քիւրտ պէկերու դարաւոր բռնատիրութեան տակ արդէն մեռնող հայութեան համար, ինչպէս Կարսի եւ Պայազէտի, այնպէս ալ Ախալքալաքի մէջ թուրքերու պարտութիւնը պատմական նոր դարաշրջան մը բանալու յուսադրիչ բոլոր ազդանշանները ունէր։
Մանաւանդ որ նոր աւարտած էր ռուս-պարսկական պատերազմը, Փետրուարին կնքուած էր Թիւրքմէնչայի հաշտութեան դաշնագիրը եւ, Երեւանի ու Նախիջեւանի հետ, ամբողջ Արեւելեան Հայաստանը ձերբազատուած էր խաներու դաժան լուծէն։ Ինչպէս ռուս-պարսկական պատերազմին, նոյնպէս եւ անոր անմիջապէս հետեւած ռուս-թրքական պատերազմին հայ ժողովուրդը աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ կամաւորական շարքերով։ Ռուսաստանի յաղթարշաւին, հետեւաբար, հայ քաղաքական միտքը կը նայէր իբրեւ գրաւականը ազգային ազատագրութեան իր տենչերու մօտալուտ իրականացումին։
Իսկ Ախալքալաքի գրաւումը, որ նախերգանքն էր Օսմանեան Կայսրութեան հիւսիս-արեւելեան ծայրամասի այդ սանճաքի կեդրոնին՝ Ախալցխայի հետագայ գրաւումին, Օգոստոս ամսուն, աւելիով ոգեւորութիւն կը ներշնչէր ազատատենչ հայութեան։
Մանաւանդ որ Ախալցխայի գրաւման պարագային այլեւս ոչինչ կրնար արգելակել դէպի Կարին ռուսական զօրքերու յառաջխաղացքին, ինչ որ իրապէս ալ պատահեցաւ։
*
* *
Ռուսներուն Անդրկովկաս մուտքը, անշուշտ, չդիմաւորուեցաւ միայն հայերուն բնորոշ յոյսի եւ ոգեւորութեան ալիքով։
ոչ միայն մահմետական բնակչութիւնը, այլեւ վրացի որոշ իշխանական տուներ բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ այսօրուան քաղաքական վերլուծաբանները, եթէ կ՚ուզեն սպառիչ բացատրութիւնը գտնել այժմու ռուսեւվրացական հակադրութեանց կամ վրացեւթրքական գործակցութեանց, կրնան լուսաբանութեան օգնող շատ ու շատ նախադրեալներ գտնել 1820ականներու պատմութեան մէջ։
Բայց զօրավար Պասկեվիչին եւ նոյնինքն ռուսական զօրքին բախտը բերաւ, որ հայ ժողովուրդը անվերապահ նուիրումով ու մարտունակութեամբ իր զօրակցութիւնը բերաւ ռուսական յաղթարշաւին։ Նոյնը կարելի չէ ըսել, սակայն, հայ ժողովուրդին վերապահուած պատմութեան դառն խաղերուն մասին, որոնք շարունակաբար մահ ու աւեր, տեղահանութիւն եւ հալածանք բաժին հանեցին մեր ժողովուրդին՝ նաեւ ռուս իշխանաւորներու մեղքով։
Ամէն պարագայի, 23 Յուլիս 1828ին, ռուսական զօրքը մեծ դժուարութեամբ գրաւեց Ախալքալաքը։ Հակառակ զօր. Պասկեվիչի ունեցած թնդանօթներու եւ զինուորներու թիւի առաւելութեան, ինչպէս եւ հակառակ նախորդ՝ 1800ականներու սկիզբները թուրք-պարսկական ու թուրք-ռուսական պատերազմներու հետեւանքով բերդի պարիսպներուն կիսաքանդ վիճակին, պաշարուած թուրքերը ցուցաբերեցին կատաղի դիմադրութիւն։
Անոնք կտրականապէս մերժեցին անձնատուր ըլլալու Պասկեվիչի կոչը։ Ընդհակառակն՝ հեգնանքով պատասխանելով ռուս զօրավարի կոչին, անոնք դիտել տուին, որ իրենք չեն նմանիր Կարսը պաշտպանող զօրքին, անձնատուր չեն դառնար եւ մինչեւ վերջին շունչ պատրաստ են կռուելու…
Այդպէս ալ եղաւ։ Թէեւ միայն հազարի կը հասնէր համրանքը պաշարուած թուրքերուն, որոնք իբրեւ ծանր զէնք ունէին միայն չորս թնդանօթներ, այսուհանդերձ՝ բերդը իրապէս անառիկ դիրք ունէր, իսկ դիմադրողները լեցուած էին բերդը չյանձնելու վճռականութեամբ։ Անոնք կրցան երկու անգամ ետ մղել Պասկեվիչի գրոհները։
Իսկ իր ասպարէզին մէջ միայն յաղթանակ նուաճած ռուս զօրավարը, իր թնդանօթներու առաւելութեամբ, օգտուելով բերդաքաղաքի կիսաքանդ պարիսպներուն պաշտպանողական տկարութիւններէն, ինչպէս նաեւ ռուս թէ հայ զինուորներու մարտունակութենէն, ի վերջոյ Յուլիս 23ին գրաւեց Ախալքալաքը։
Հազար դիմադրողներէն 700ը մեռան, իսկ 300ը գերի տարուեցան։
Պասկեվիչ իր ուժերը վերաթարմացուց եւ պատրաստուեցաւ յաջորդ գրոհին՝ սանճաքի կեդրոն Ախալցխայի վրայ, որ պիտի աւարտէր Օգոստոսին։
Այդպէ՛ս վերջ գտաւ հայոց հինաւուրց, բայց 15րդ դարէն սկսեալ թրքացման դատապարտուած Գուգարաց Տան հազարամեակներու պատմութեան հին շրջանը։
*
* *
Մեծ Հայքի հիւսիս-արեւելեան ծայրամասին՝ Ախալքալաքի Սարահարթին վրայ վրայ, Կուր գետի վտակ Փարվանա գետի ձախ ափին կը գտնուէր Գուգարաց Աշխարհը, որ պատմական Հայաստանի 15 գաւառներէն 13րդն էր։ Միաժամանակ՝ պատմական Հայաստանի 4 բդեշխութիւններէն մէկն էր, որ կիսանկախ կարգավիճակ կը վայելէր եւ հիմնական նշանակութիւն ունէր հայոց թագաւորութեան պաշտպանութեան համար։
Ք.Ե. 3րդ դարուն, երբ Հայաստանը ինկաւ պարթեւական տիրապետութեան տակ, պարսիկները ամբողջ Ջաւախքի հետ Ախալքալաքն ալ միացուցին Վրացական մարզպանութեան եւ այդպէս սկսաւ հայաբնակ օճախի վրացական առընչումը։
Թուրք-թաթար-մոնկոլ ասպատակողներու հետ Ախալքալաք իր կարգին կիսեց ամբողջ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի սեւ ճակատագիրը, գրաւուեցաւ ու կոտորուեցաւ, կողոպտուեցաւ ու քանդուեցաւ, մինչեւ որ միջին դարերուն՝ պարսիկ խաներու եւ թուրք պէկերու միջեւ մնայուն կռուախնձոր դառնալով, 17րդ դարուն լրիւ քարուքանդ եղաւ։
Թուրքերը նոր բերդաքաղաք կառուցեցին Ախալքալաքի մէջ եւ աստիճանաբար թրքացուցին շրջանը, մինչեւ որ 1800ականներու սկզբնաւորութեան եւ յատկապէս 1828ի ռուս-թրքական պատերազմին վերջ գտաւ թրքական տիրապետութիւնը Ջաւախքի վրայ։
Պատմութենէն ծանօթ է, նաեւ, որ զօր. Պասկեւիչի յաղթական արշաւանքներուն հետեւանքով լրիւ քարուքանդ եղաւ թուրքերու կառուցած Ախալքալաքի ամրոցն ալ։
1828ի ռուս թրքական պատերազմը շարունակուեցաւ, թէ՛ Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան եւ թէ եւրոպական տարածքներուն վրայ, մինչեւ 1829ի Սեպտեմբերը, երբ կնքուեցաւ Ադրիանուպոլսոյ հաշտութեան դաշնագիրը Օսմանեան Կայսրութեան եւ Ցարական Ռուսաստանի միջեւ։
Մինչ ռուսները այդ դաշնագրով թուրքերուն վերադարձուցին այնքան դժուարութեամբ նուաճուած Կարսն ու Պայազէտը, Արտահանն ու Կարինը, նոյնը չըրին Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի՝ ընդհանրապէս Ջաւախքի պարագային։ Ջաւախքը անցաւ ռուսական տիրապետութեան՝ վարչական նոր սահմանագծումի ենթարկուած անդրկովկասեան երկու մեծ նահանգներէն մէկուն մէջ առնուելով։
Եւ պատահեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան արդի շրջանի մեծ գաղթերէն մէկը, երբ ազատագրուած Արեւմտահայաստանը պարպող ռուս զօրքի նահանջին հետ՝ Կարնոյ հայութիւնը աւելի քան 30 հազարով գաղթեց դէպի հիւսիս-արեւելք՝ Ջաւախք, ուր եւ կառուցեց նոր աւաններ, այդ շարքին եւ այժմու Ախալքալաքը։
Այդպէ՛ս սկսաւ Ջաւախքի հայութեան պատմութեան արդի շրջանը եւ ա՛յդ է բացատրութիւնը, թէ ինչո՛ւ աւելի քան 90 տոկոսով հայաբնակ է Ջաւախքը, իսկ շրջանի հայութիւնը բնախօսական ամէն պատճառ կը տեսնէ՝ ինքզինք անբաժանելի մասը նկատելու մայր Հայաստանին ու հայութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ