ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Եսայի Բաբայի Ջանփոլատեան (1859-1918). Մեծահարուստ գործարարի, ազգօգուտ բարերարի եւ յարգուած հասարակական գործիչի մոռցուած դէմք մը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Եսայի Բաբայի Ջանփոլատեան (1859-1918).
Մեծահարուստ գործարարի, ազգօգուտ բարերարի եւ յարգուած հասարակական գործիչի մոռցուած դէմք մը
30 ՅՈՒԼԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Հայոց Օրատետրի Յուլիս 30ի էջին կը յայտնուի ազգօգուտ բարերարի, հասարակական գործիչի եւ մեծահարուստ գործարարի ոչ-հանրայայտ, թերեւս նաեւ մոռցուած դէմքը Եսայի Բաբայի Ջանփոլատեանի։
Համացանցի հանրագիտական աղբիւրները ընդհանրապէս ժլատ են 161 տարի առաջ՝ 30 Յուլիսի այս օրը ծնած արժանաւոր հայուն մասին իրենց հաղորդած տեղեկութեանց մէջ։
Այդուհանդերձ՝ Wikipedia Ազատ Հանրագիտարանի հայկական խմբագրութեան կայքէջէն համադրուած հետագայ հակիրճ կենսագրականը ինքնին բաւարար է, որպէսզի ընթերցողը սրտամօտ ընդունի Եսայի Ջանփոլատեանը եւ իր յիշողութեան մէջ արժանի տեղը տայ անոր։
Այդ առումով կը բաւէ ընդգծել, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն սեւ ու դաժան՝ Արհաւիրքի տարիներուն, 1915-1917 թուականներուն, Եսայի Ջանփոլատեան ղեկավար մասնակցութիւն բերած է Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած հայ գաղթականներու հաւաքման ու պատսպարման փրկարար գործին մէջ։
«Ջանփոլատեաններու տոհմը սերած է Սալմաստ գաւառի Դիլման գիւղէն։ Տոհմի հիմնադիրներէն մէկը՝ Յովհաննէս Մանուկեան, ֆիզիկական մեծ ուժի տէր մարդ եղած է, որուն գերբնական հնարաւորութիւններով ժամանակին հիացած է խանը եւ զայն նշանակած է զօրապետ։
«Խանը յաճախ կը կրկնէ եղեր, որ Յովհաննէս Մանուկեանի «ջանը փոլատ է» (հոգին պողպատ է)։ Հետագային Յովհաննէս փոխած է իր ազգանունը եւ դարձուցած Ջանփոլատեան։ Խանը բռնի կերպով Յովհաննէսի աղջկան տարած է իր հարէմը։
«1878 թուականին` Ռուս-թրքական պատերազմէն յետոյ, Յովհաննէսի ընտանիքը տեղափոխուած է Արեւելեան Հայաստան եւ հաստատուած Դարալագեազի Սոյլան գիւղը։ Յովհաննէսի որդին՝ Մանուկը Դարալագեազի մէջ պատահաբար յայտնաբերած է հանքեր, որոնք եւ դարձած են Ջանփոլատեաններու հարստութեան սկիզբը»։
*
* *
Եսայի Ջանփոլատեան ծնած է Շարուր-Դարալագեազ գաւառի Փարչի (Պորշարուր) գիւղը, 30 Յուլիս 1859ին։
Հայրը՝ Բաբայը եղած է շրջանի յաջողակ գործարարներէն մէկը, որ 1870 թուականին կրցած է ձեռք բերել Դարալագեազի աղի հանքերը եւ թափ տալ լայն ծաւալով ու ընդգրկուն առեւտրական գործունէութեան։
Եսայի 1879ին աւարտած է Նախիջեւանի գաւառային ուսումնարանը եւ նոյն թուականէն բնակութիւն հաստատած է Երեւան։ Ուսումը աւարտելով՝ Եսայի Ջանփոլատեան լծուած է առեւտրական ու հանքային աշխոյժ գործունէութեան։ Երեւանի մէջ ստացած է արժանաւոր վաճառականի իր առաջին կոչումը։
Պատմաբան Թադեւոս Յակոբեան իր «Երեւանի պատմութիւնը» բազմահատոր գիրքին մէջ կը նշէ.- «Եսայի Ջանփոլատեանի տարեկան եկամուտը կազմել է 12.000 ռուբլի, իսկ եկամուտը ունեցուածքի արժէքին 20%ն էր։ Եսայի Ջանփոլատեան հիմնականում առեւտուր է արել Պարսկաստանի հետ։ 1900 թուին, երբ պարսից Շահը եկել է Երեւան, Շահի յատուկ հրամանագրով պարգեւատրել է Ջանփոլատեանին «Առիւծ եւ Արեւ» շքանշանով՝ առեւտրային բարձրակարգ գործունէութեան համար»։
Իբրեւ քաղաքական եւ մշակութային գործիչ՝ Ջանփոլատեան մեծապէս նպաստած է Երեւանի զարգացումին։
Նոյն աշխատութեան մէջ Թադեւոս Յակոբեան կը գրէ.- «Ձիաքարշի շինարարութեան հարցը օրակարգի մէջ է դրւում 1890ական թուականներին։ Քաղաքային Վարչութիւնը մի քանի թերթերում ազդարարում է այդ ձեռնարկման մասին։ 1897 թ. Մայիսի 29ին Ջանփոլատեանը դիմում է Քաղաքային Վարչութեանը՝ յայտնելով, որ պատրաստ է ստանձնելու Աստաֆեան փողոցում ձիաքարշ անցկացնելու գործը։ Ըստ պայմանագրի՝ նա պարտաւորւում էր ձիաքարշի 1-2 գիծ անցկացնել՝ մօտ 4-6 մ. երկարութեամբ։ Այն պէտք է ձգուէր Աստաֆեանից մինչեւ Մանթաշ։ Ջանփոլատեանի առաջարկը չընդունուեց, սակայն ձիակառքն անցկացուեց»։
1903ին Ջանփոլատեան գնած է Երեւանի առաջին պետական գաւառական ուսումնարանի շէնքը, իսկ 1906-1907ին Է. Տէր-Գրիգորեանի ջանքերով անիկա վերակառուցուած է՝ դառնալով թատրոնի ու շարժանկարի շէնք։
«Իլիւզիոն» շարժանկարի թատրոնը, որ երեւանցիներուն աւելի յայտնի էր Ջանփոլատեանի թատրոն անունով, բացուեցաւ 1907ի Փետրուար 20ին։ Հոն ելոյթ ունեցած է Կոմիտաս՝ իր «Գուսան» երգչախումբով։ Հիւրախաղերով հոն կու գային բազմաթիւ թատերական խումբեր Թիֆլիսէն, Պաքուէն, Ռուսաստանէն եւ Ուքրաինայէն։ 1913ին, Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հոն բեմադրուեցաւ Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերան՝ երաժիշտին մասնակցութեամբ։ Այս թատրոնին մէջ խաղացած են այնպիսի դերասաններ, ինչպիսիք են Սիրանոյշ, Յովհաննէս Աբէլեան, Ժասմէն, Մարի Զապէլ, Յովհաննէս Զարիֆեան, Արամ Վրոյր եւ ուրիշներ։
*
* *
Եսայի Ջանփոլատեան ունեցած է նաեւ բարեսիրական գործունէութիւն։ Ան կարեւոր նուիրատուութիւն կատարած է հին եկեղեցիներու վերանորոգումին («Սուրբ Խաչ» եկեղեցի), հովանաւորած է դպրոցներ եւ հիմնադրամներ, թոշակ յատկացուցած է կարիքաւոր աշակերտներու, աջակցած է«Նոր Մամուլ» պարբերականին եւ «Կռան» գրակական-հասարակական ամսագրի հրատարակութեան։
Ջանփոլատեան աշխոյժ եղած է նաեւ քաղաքական կեանքի մէջ։
1915-1916 թուականներուն, ան ընտրուած է Համահայկական Առաջին Համագումարի պատգամաւոր եւ Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է Համագումարի աշխատանքներուն։ Համագումարի հիմնական խնդիրներէն էր գաղթական հայերու համար օգնութիւն կազմակերպելը, որուն լիարժէք մասնակցած է Ջանփոլատեան։
Վերադառնալով Հայաստան՝ ան Էջմիածնի մէջ հանդիպած է Եղեռնէն փրկուածներու հետ եւ, իր հնարաւորութեանց սահմանին մէջ, անոնց համար ապահոված է բնակարան եւ աշխատանք։
Գաղթականներու մէկ մասին ալ բնակեցուցած է իր տունը։
Եսայի Ջանփոլատեան վախճանած է 1918 թուականին՝ 59 տարեկան հասակին, բծաւոր տիֆէ վարակուած։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ