ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 8 Օգոստոս 1992. Արծուաշէնի կորուստին անդարմանելի խոցը, չսպիացող վէրքը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
8 Օգոստոս 1992.
Արծուաշէնի կորուստին անդարմանելի խոցը,
չսպիացող վէրքը
Ն. Պէրպէրեան
08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020
Օգոստոս 8ի այս օրը, 28 տարի առաջ, Հայաստանն ու հայութիւնը կորսնցուցին հայակերտ Արծուաշէնը, որ Արցախեան Ազատամարտի ամբողջ տեւողութեան հերոսաբար մաքառած էր ազերիական ասպատակումներուն դէմ, բայց պատերազմի վերջին փուլին ինկաւ թշնամիի գրաւման տակ։
Արծուաշէնը համեմատաբար նորակերտ գիւղ է, որ ունի 4 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ կը գտնուի Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի արեւելեան կողմը։ Գիւղը կառուցած են Շամշատինէն տեղափոխուած հայեր՝ 1854 թուականին։
Ժամանակի ընթացքին գիւղը զարգացման կարեւոր ճամբայ կտրած է եւ վերածուած է աւելի քան չորս հազար հայ բնակչութեամբ բարգաւաճ՝ քաղաքատիպ աւանի, ուր մինչեւ Արցախեան Ազատամարտի բռնկումը կը գործէին չորս գործարաններ։
Ռազմագիտական կարեւոր դիրք ունեցող Արծուաշէնի գրաւման համար ատրպէյճանական զօրքերը իրենց ասպատակումները սկսան 1989 թուականին, բայց ամբողջ երեք տարի բախեցան արծուաշէնցիներու հերոսական դիմադրութեան եւ ետ շպրտուեցան։
1991ի Սեպտեմբերին Հայաստանի վերանկախացման հետեւած ամիսներուն, երբ խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումէն օգտուելով՝ Ատրպէյճան կը փորձէր բիրտ ուժով իր վերանկախացեալ պետութեան սահմանները ընդարձակել Հայաստանի հաշւոյն, յարձակումները սաստկացան Արծուաշէնի վրայ։
Օգոստոս 1992ի սկզբնաւորութեան արդէն դժուարացած էր գիւղին ինքնապաշտպանութիւնը եւ զանգուածային սպանդի վտանգը ստուգապէս կը սպառնար արծուաշէնցիներուն։
Այդ օրհասական պայմաններուն մէջ կայացուեցաւ Արծուաշէնը թշնամիին թողնելու եւ հազարաւոր արծուաշէնցիներու կեանքը ստոյգ մահէ փրկելու ծանր որոշումը։
Արծուաշէնցիները հեռացան շուրջ 150ամեայ իրենց կերտած գիւղէն ու հաստատուեցան 3 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ճամբարակի մէջ, որ հայկական զօրքերու պաշտպանութիւնը կը վայելէր։ Ճամբարակի մէջ վերջնականապէս տեղաւորուած արծուաշէնցիք, իրենց բնօրրան Արծուաշէնի անկման քսանամեակին, յատուկ յուշարձան բարձրացուցին Արծուաշէնի յիշատակին։
Արծուաշէնի վերջին գիւղապետ Մամիկոն Խեչոյեանի բնորոշումով՝ «Ամենաթանկ բանը մարդու համար հարազատի կորուստն է, իսկ մենք կորցրել ենք մայր հողը՝ մեր Արծուաշէնը, ինչը յանձնուել է Ադրբեջանին: Արծուաշէնցիները, լքելով իրենց բնակավայրը, այսօր հիմնականում ապրում են Գեղարքունիքի մարզում եւ չեն լքել մեր հայրենիքը»։
Իսկ արծուաշէնցի պատմաբան Եուրա Ղուլեանի վկայութեամբ՝ «Արծուաշէնի անկումը մեր յաղթանակած երկրի, մեր յաղթանակած բանակի միակ պարտութիւնն էր: Արծուաշէնն ունենալով 150 տարուայ պատմութիւն, երբեք չի կորցրել իր հայկականութիւնը եւ այնտեղ երբեք օտարը չի ապրել: Արծուաշէնի կորուստը համահայկական կորուստ է, մեզ կը հասկանան նրանք, ովքեր հայրենի հողի կորուստ են ունեցել»։
*
* *
Արծուաշէնի անկման յաջորդած 28 տարիներու ընթացքին, իրենց ձեռներէցութեան եւ աշխատունակութեան շնորհիւ, արծուաշէնցիները յաջողած են տեղահանի իրենց կեանքի պայմանները բարելաւել, բայց տակաւին ունին օժանդակութեան ու հոգատարութեան սուր կարիք։
Այդ դժուարութեանց անդրադառնալով՝ արծուաշէնցիներու ներկայացուցիչները դիտել կու տան.- «Արծուաշէնը իրաւաբանօրէն Հայաստանին է պատկանում, բայց օկուպացուած (գրաւուած) է Ադրբեջանի կողմից: Ինչ վերաբերում է արծուաշէնցիների իրաւական կարգավիճակին, ապա վերջինները համարւում են ներքին տեղահանուած եւ, ի տարբերութիւն Սումգայիթի, Բաքուի հայութեան՝ չունեն փախստականի կարգավիճակ»։
2015ի տուեալներով՝ Արծուաշէնէն տեղահանուածներուն 80 տոկոսը այսօր կ՚ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, յատկապէս Ճամբարակի մէջ։ Մնացեալները աւելի քան 10 տոկոս, արտագաղթած են Ռուսաստանի տարբեր շրջաններ, իսկ փոքր տոկոս մըն ալ արտասահման։ Հայաստան մնացած են արծուաշէնցի 719 ընտանիքներ, որոնց 664ը Ճամբարակի, իսկ 55ը տարբեր շրջաններու մէջ։
Բայց արծուաշէնցիները չեն մոռցած եւ չեն կրնար մոռնալ իրենց հայրերուն կերտած Արծուաշէնը եւ այսօր ալ, ցաւով ու ընդվզումով, կը նշեն.-
«Ժամանակին Արծուաշէնը պաշտպանելու համար պէտք էր 11.000 զինուոր, սակայն այդ ժամանակ ընթանում էր Ղարաբաղեան պատերազմը եւ այդքան ուժեր հայկական կողմը չէր կարող յատկացնել Արծուաշէնի պաշտպանութեան համար, բոլոր ուժերը կենտրոնացած էին Ղարաբաղում»։
Թէեւ 28 տարի անցած է Արծուաշէնի յանձնումէն ու կորուստէն ասդին, բայց ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ աշխարհով մէկ հայրենի հող կորսնցուցած իրաւատէր հայութիւնը դեռ չէ հաշտուած եւ չի կրնար հաշտուիլ «կատարուած իրողութեան» հետ։
Նոյնիսկ այսօր, երբեմնի հայապատկան Արծուաշէնէն տեղահանուած հայութեան համայնքային ու քաղաքական ներկայացուցիչները ընդվզումով կ՚անդրադառնան այն փաստին, թէ օրին Հ.Հ. իշխանութիւնները ստիպուեցան դիմելու Արծուաշէնի յանձնման քայլին, որպէսզի Թուրքիոյ կողմէ բանեցուած ճնշումին կարենային դիմադրել։
*
* *
Արծուաշէնը թէեւ հայկական ու հայաբնակ հող եղած է միշտ, բայց խորհրդային լուծի տակ վարչականօրէն անիկա նուէր տրուած էր Ատրպէյճանի։
1989ին հայ ազատամարտիկները, իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայկական Բանակի ռազմիկները հերոսաբար դիմադրեցին թշնամի բոլոր յարձակումներուն՝ Արծուաշէնի վրայ։ Ինչպէս որ արծուաշէնցիք կը վկայեն՝
«Արծուաշէնի պաշտպանութիւնն իրականացրել են Վանաձորի 016 մոտոհրաձգային գնդի տղաներն, ովքեր այդ օրերին մի քանի հազար մարդու կեանք կարողացան փրկել` ապահովելով նրանց դուրսբերումն արդէն օղակուած Արծուաշէնից:
«Ի դէպ, Օգոստոսի 7ին (1992ին) գնդի 12 զինուոր մնաց փակուած օղակում: Նրանց դիերը հայկական կողմին յանձնելիս՝ ադրբեջանցի գնդապետներից մէկն ասել էր.- «Կռուեցին մինչեւ վերջին փամփուշտը: Նրանք ձեր ազգի պարծանքն են»:
«Ադրբեջանցիներն արծուաշէնցիներին իրենց բնակավայրը լքելու համար ընդամէնը մէկ ժամ էին տուել, արդիւնքում Արծուաշէնից տեղահանուեց մօտ 700 ընտանիք` մօտ 2000 մարդով»…
Նման պայմաններու մէջ կատարուած Արծուաշէնի կորուստը մինչեւ այսօր ցաւով ու ընդվզումով կը համակէ միտքն ու սիրտը պահանջատէր հայութեան, որ հայրենի հողի կորուստին անդարմանելի խոցը եւ չսպիացող վէրքը կը կրէ կուրծքին։
Մեր խոցն ու վէրքը սակայն արգելք չեղան բնաւ, որ ԳԵՏԱՇԷՆի նուիրուած երգին բառերով՝ ազգովին գուրգուրանք հայրենի հողի իւրաքանչիւր մասունքի ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴին։
ԳԵՏԱՇԷՆ
Խօսք եւ երաժշտութիւն՝ Գուսան Հայկազունի (Գագիկ Նազարեան)
Բազմել ես լեռներին, ունես հազար շէն,
Արծիւներին բոյն ես, չքնաղ Գետաշէն,
Բարբարոս ցեղերին անարդար սանձող,
Դու քաջերի օրրան իմ քաջ Գետաշէն։
կրկն. Չորս կողմդ անդունդ է, ճամփէքդ փակուած,
Երկնքում սեւ ու մութ ամպեր կուտակուած,
Կողքիդ հայկական շէներն են լքուած,
Դու կաս ու կը մնաս յաւերժ Գետաշէն։
Ջահել տղերք դու քիչ ունես Գետաշէն,
Բայց ծերերդ էլ ոչ մի բանով պակաս չեն,
Ամէն մի կին մի ֆիդայի տնաշէն,
Քեզ յաղթել չի լինի իմ քաջ Գետաշէն։
կրկն. Չորս կողմդ անդունդ է, ճամփէքդ փակուած…
Դու պիտի դիմանաս ու կանգուն մնաս,
Հակառակ թշնամուդ պիտի շէնանաս,
Մայր Հայաստանին պիտի միանաս,
Արցախի դարպասն ես ամրոց Գետաշէն։
կրկն. Չորս կողմդ անդունդ է, ճամփէքդ փակուած…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ