ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում – Ոչ եւս է ընկեր ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ․ Բարի ժպիտով ու խիստ հայեացքով ՋՂՈՒՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշապատում․
Ոչ եւս է ընկեր ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ․
Բարի ժպիտով ու խիստ հայեացքով
ՋՂՈՒՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը
28 Օգոստոս 2020 Ն․ Պէրպէրեան
Կեանքէն հեռացաւ գլխագիր ՄԱՐԴ մը։
Հայկազ Թրթռեան ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀՕՐ, ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉի եւ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿի իւրայատուկ ՏԻՊԱՐ էր։
Ընդհանրապէս բեմերէ եւ լուսարձակներէ հեռու ապրեցաւ ան, բայց արթուն պահակի իր ՀՍԿՈՂ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆը միշտ զգալի դարձուց եւ յարգանք վայելող ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ դարձաւ։
Յատուկ հաւատքով եւ գուրգուրանքով Հայկազ Թրթռեան հայրական հոգածութեան միշտ արժանացուց ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴին յանձնառու գաղափարապաշտութիւնը, յեղափոխական յանդգնութիւնը եւ բարոյական խստապահանջութիւնը՝ իր միտքն ու հոգին տեւաբար բաց պահելով ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՇՈՒՆՉ վերաթարմացնող ԽՕՍՔին ու ԳՈՐԾին առջեւ։
ԳՐԻՉ եւ ՊԱՏԳԱՄ ունէր ու պատրաստ եւ յանձնառու՝ ՃԻՇԴին ու ԱՐԴԱՐին պաշտպանութեան համար գաղափարական կռուի դաշտ նետուելու։
Այդպիսի՛ն էր, ՋՂՈՒՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆի ներշնչո՜ղ տիպար էր ընկեր Հայկազ Թրթռեան։
*
* *
Պուրճ Համուտի «Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ»ի 8րդ դասարանի աշակերտական օրերէս մինչեւ աւարտական 11րդ կարգի լրումը՝ հայոց պատմութեան դասատու ՈՒՍՈՒՑԻՉ ունեցայ պարոն Թրթռեանը։
ԴԱՍին հետ ՊԱՏԳԱՄ փոխանցող հայ ուսուցիչն էր ան, որ իր հոգածութեան յանձնուած սերունդին մէջ յատուկ ջերմեռանդութեամբ կը մշակէր հայ յեղափոխական շարժման ԱՐԺԷՔՆԵՐը։
Դարերու երկայնքին հայ ժողովուրդին մղած ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ պայքարը ընկեր Հայկազ վերածեց պատանեկան ու վաղ-երիտասարդական տարիքի գաղափարական մեր դեգերումները առաջնորդող ՈՒՂԻի, ներշնչմա՛ն աղբիւրի։
Միտք ու նկարագիր մշակելու ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ կոչումը ունէր ընկեր Հայկազ եւ բնաւ ՔԱՐՈԶԻՉ մը չեղաւ՝ մտակաղապարումի եւ բարոյախօսութեան մաշած յանկերգներ ծամծմող վարժապետներու օրինակով։
Ընդհակառակն՝ դասարանէն ներս թէ դուրս, ուշադիր հետեւող էր իր աշակերտներու վարմունքին ու պահուածքին․ անհանդարտ կամ կարգազանց աշակերտին երկար-բարակ քարոզ չէր տար, այլ՝ երբեմն մեղմ ժպիտով, երբեմն ալ խիստ հայեացքով գիտէր ենթակային մէջ սերմանել ինքնազսպումի եւ ինքնակարգապահութեան զգացողութիւնը։
Այդպէ՛ս, Հայկազ Թրթռեան ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ մեր սերունդներուն մէջ մշակեց որքան ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ԱՆՀԱՏը, այնքան եւ ԾԱՌԱՅԱՆՈՒԷՐ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏը։
*
* *
Աւելի քան կէս դար, 1966-67էն մինչեւ 2020, որուն մեծ մասը իրարմէ հեռու ապրելով հանդերձ՝ ինք Պէյրութ, Միացեալ Նահանգներ ու պարբերաբար Քեսապ, իսկ ես Պէյրութ եւ Աթէնք – միջանկեալ՝ Հայաստան -, ընկեր Հայկազի եւ իմ միջեւ զարգացաւ ուսուցիչի եւ աշակերտի իւրօրինակ ու մնայուն մտերմութիւն մը, որուն կիզակէտը իրարմով ՀՊԱՐՏԱՆԱԼՈՒ մեր փոխադարձ կապուածութիւնն էր։
Շատ արագ ընթացաւ աշակերտական գրասեղաններէն իմ անցումս դէպի «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթի խմբագրութիւն եւ սփիւռքահայ մամուլի ընտանիքէն ներս հրապարակագրական ներկայութեան հաստատում։
Ընկեր Հայկազ, հեռուէն, ուշադիր հետեւեցաւ ու իւրովի հսկեց դաշնակցականի իմ կազմակերպական, գաղափարական ու քաղաքական կազմաւորումիս, յատկապէս Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհ․ Ժողովի որոշած յեղափոխական եւ ընկերվարական մեր աւանդները վերանորոգելու զօրաշարժին փարելու եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու ինքնահաւատարմութեանս։
Եւ ամէն անգամ, որ կուսակցական խորհրդաժողովներու կամ հրապարակային ձեռնարկներու առիթով կը հանդիպէինք իրարու՝ ընկեր Հայկազ, գնահատանքի իր ժուժկալութենէն հրաժարելով, քաջալերական խօսքերով կը յորդորէր, որ նոյն թափով շարունակեմ, միաժամանակ՝ կը յայտնէր դաստիարակի եւ ուսուցիչի իր հպարտութիւնը։
Անշուշտ անսահման էր խստապահանջ ընկեր Հայկազի քաջալերանքին արժանանալու հպարտութիւնս, որ տասնամեակներուն հետ աւելիով խորացաւ՝ մանաւանդ երբ Հ․Յ․Դ․ օրգան «ԴՐՕՇԱԿ»ի նախ օգնական խմբագիր, ապա եւ գլխաւոր խմբագիր նշանակուեցայ ու այդ պատասխանատուութեան վրայ գործեցի 25 տարի անընդմէջ։ Ամբողջ այդ ժամանակաշրջանին ընկեր Հայկազ Թրթռեան թէ՛ «ԱՍՊԱՐԷԶ»ի էջերէն իւրովի իր զօրակցութիւնը հրապարակեց, թէ՛ չափազանցումներս ուղղելու իր նուրբ նկատողութիւնները կատարեց։
Յատկապէս Հայ Դատի ՈՒԺԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐին նկատմամբ նորահաս մեր սերունդները ոգեւորելու հրապարակագրական ու դաստիարակչական գործին լծուեցաւ ամենայն խանդավառութեամբ ու յանձնառութեամբ։
Շեշտակի ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ջատագով հանդիսացաւ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ համահայկական եւ համադաշնակցական ԶԱՐԹՕՆՔին՝ արձանագրուած իւրաքանչիւր քայլափոխին տալով ԶԳԱՍՏ ու ՈՂՋՄԻՏ գնահատական, ամէն կարգի խարխափումներն ու սայթաքումները կանխելու եւ սրբագրելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ թելադրելով։
ՋՂՈՒՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆի իր նկարագիրը ընկեր Հայկազ պահպանեց եւ մեզ առաջնորդող ՈՒՂԵՑՈՅՑի վերածեց մինչեւ իր վերջին շունչը։ Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան Շրջանի ընկերները կը վկայեն, թէ 2018ի Շրջանային Ժողովին ան ինչպէ՛ս ամբողջ հասակով ծառացաւ պատասխանատուի իրենց դիրքն ու հանգամանքը չարաշահող այն բոլոր կուսակցականներուն դէմ, որոնք իրենց ինչ-ինչ հաշիւներուն եւ շահերուն սիրոյն կը փորձեն, նուիրումի եւ պատասխանատուութեան այնքան մեծ վաստակ ունեցող դաշնակցականներու նկատմամբ, Հ․Յ․Դ, Կանոնագիրը իրենց ձեռքին իբր գործիք ու զէնք գործածել՝ կարգապահական պատիժներ տնօրինելով քուէներու ԱՃՈՒՐԴ սարքելու համար, որպէսզի կարենան ապահովել պաշտօններու եւ դիրքերու վրայ իրենց վերընտրութիւնը եւ հանգամանքի չարաշահումները․․․
Այդպիսի՛ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՐԱԿով նուիրեալ մըն էր Հայկազ Թրթռեան։
Այդպէ՛ս, ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՏԱՃԱՐը մաքուր եւ անպիղծ պահելու իր խօսքն ըսաւ ու անցաւ-գնաց ընկեր Հայկազ Թրթռեան՝ դաշնակցական հաւատաւորներուն եւ նուիրեալներուն ՀՈԳԱՏԱՐ, այլեւ ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋ ՀԱՅՐՈՒԹԻՒՆ ընելով։
*
* *
Կարելի չէ ամբողջական ուրուագծումը կատարել ընկեր Հայկազ Թրթռեան ՏԻՊԱՐին՝ առանց շեշտադրումի արժանացնելու – թէկուզ հպանցիկ կերպով – անոր ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀԱՅՐ ըլլալու նահապետի բացառիկ արժանիքը։
Ամէն անգամ, որ Լոս Անճելըս այցելած եմ, ուր 1990էն ի վեր յաճախակի հրաւիրուած եմ ընտանեկան եւ ընկերական հարազատութեան բերումով, անպայման առիթը ստեղծած ենք ընկեր Հայկազի հետ իր տան մէջ սեղանակից ըլլալու, եւ մեր հանդիպումները հինգէն վեց ժամ տեւողութեամբ իսկական «ժողովներ» եղած են Հայաստանն ու Հայութիւնը, Դաշնակցութիւնն ու գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը յուզող մեծադիր հարցերու շուրջ։
Այդ հանդիպումները աւանդութիւն դարձան՝ գաղափարական եւ ընկերական մեր հարազատութիւնն ու մտերմութիւնը վերանորոգելու, նաեւ ու մանաւանդ քննարկումներ եւ գաղափարական բանավէճեր զարգացնելու՝ ընկեր Հայկազի զաւակներուն եւ անոնց սերնդակից դաշնակցական կամ գաղափարակից երիտասարդներու հետ։
Գաղափարական արժէքներու եւ կուսակցական բարքերու խաթարման ու այլասերման դէմ պաքարող ընկեր Հայկազի աչքին՝ նորահաս սերունդի դաշնակցական ինքնաճանաչման ու ինքնահաւատարմութեան ամրապնդումին կը ծառայէր ՈՒՍՈՒՑԻՉի եւ ԱՇԱԿԵՐՏի միջեւ արմատաւորուած գաղափարական փոխ-հարստացման մեր օրինակը, որովհետեւ իր անձին օրինակով ԽՕՍՔի եւ ԳՈՐԾի միասնութիւնը ապրեցնող ընտանիքի հայր եղաւ Հայկազ Թրթռեան։
Կը վկայե՛մ․
Կեանքիս մէջ չեմ հանդիպած ընկեր Հայկազի օրինակով հօր մը, որ արկածի հետեւանքով գլուխէն ծանր հարուած ստացած երիտասարդ իր որդին վերականգնելու ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿՌԻՒ մղէ՝ մարմնական եւ գիտակցական հաշմութեան դէմ։
Ընկեր Հայկազ ոչ միայն գամուած մնաց իր զաւկի հիւանդանոցային սնարին մօտ՝ անոր վիրահատման ու ապաքինման ամբողջ տեւողութեան, այլեւ շարունակ անոր ականջին յուշեց ու պատմեց՝ մանկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւն անոր ապրած կեանքին մեծ ու մանր յուշերով, գիտելիքներով եւ զգացողութիւններով վերակենդանացուց ուղեղին բջիջները, որպէսզի գիտակցութիւնն ու յիշողութիւնը վերադարձնէ իր հատորին։
*
* *
Երբ օրեր առաջ ընկեր Հայկազի անդրանիկ որդին հեռաձայնով փոխանցեց հօր մահուան գոյժը՝ յատուկ շեշտեց, որ ինձ ընտանիքին հարազատը նկատելով` ուզած էին անձամբ տեղեակ պահել։
Հարազատի այդ ընկալման զիս արժանացնելով՝ ընկեր Հայկազ անմոռանալի եւ անջնջելի վերջին դրոշմով մը հարստացուց յիշողութեանս պաստառը։
Ահա հողին կը յանձնուի գաղափարական իր արժէքներով սերունդ հասցուցած ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉ մը, որ ընտանեկան հարազատութեամբ գրկեց եւ իրեն կապեց բոլոր անոնք, որոնք մօտէն ճանչցան բարի ժպիտով ու խիստ հայեացքով ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ անուն-ազգանունով ՋՂՈՒՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆը։
Հայ Մարդու եւ Դաշնակցական Գաղափարի ՁԱՀԱԿԻՐ մը, որ մասունք առ մասունք բոլորիս բաշխեց իրեն աւանդ հասած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՈԳԻՆ, որպէսզի չշեղինք Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին ԱՆՁՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ուղիէն՝
ԱՐԴԱՐ ԱՊՐԵԼՈՒ եւ ԱԶԱՏ ՄՏԱԾԵԼՈՒ դաշնակցականի յանձնառու ճանապարհէն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում