Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Հետեւորդ Բջիջի Մը Անդամները, Որոնք Լիբանանի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութեան Մը Կը Պատրաստուէին
07 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի հետեւորդ բջիջի մը անդամները, որոնք Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութեան մը կը պատրաստուէին:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ ահաբեկչական այդ բջիջին պատասխանատուն` էմիրը, լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ Խալետ Թիլաուին է, որուն ինքնաշարժը օգտագործուած էր 21 օգոստոս 2020-ին Քաֆթունի անարգ ոճիրը գործելու ընթացքին:
Լիբանանեան բանակի այս գործողութիւնը մաս կը կազմէ հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ ահաբեկչական բջիջները հետապնդելու արշաւին:
Ըստ բանակի հրամանատարութեան, ահաբեկչական բջիջները զինուորական մարզումներ ստացած են եւ սպառազինում կուտակած, ինչպէս նաեւ աւազակութիւններ կազմակերպած` ֆինանսաւորելու համար իրենց ահաբեկչական գործունէութիւնը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2020-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ոտնձգութիւն գործած է հարաւային Լիբանանի Հուլա գիւղաքաղաքին վերեւ եւ 15 վայրկեան տեւողութեամբ թռիչք կատարելէ ետք վերադարձած պաղեստինեան բռնագրաւուած հողեր:
Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը այս ոտնձգութեան հարցով կը գործակցի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ:
ՆՇԵՆՔ, որ Շեպաայի եւ Արքուպի բնակիչները շաբաթ ուշ գիշերին իսրայէլեան ուժերու շարժումներ նշմարած են: Անոնք աւելցուցած են, որ իսրայէլեան ուժերը մեծ քանակութեամբ լուսաւոր ռումբեր արձակած են:
aztagdaily.com/archives/482507