Ազրպէյճան Կը Հրաժարի Ռուսիոյ Մէջ «Կովկաս 2020» Ռազմափորձերուն Մասնակցելէ
07 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Ազրպէյճան պիտի չմասնակցի սեպտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Կովկաս 2020» ռազմափորձերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու նախապէս յայտնած էր, որ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան, ԱՊՀ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները համաձայնած են ընդլայնել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իրականացուող համագործակցութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ միացեալ առաջին ռազմափորձերը կատարուին «Կովկաս 2020»-ի ծիրին մէջ: Թէ ի՛նչ ձեւաչափով անոնք պիտի կատարուին, տակաւին չի յստակացուիր:
«Ազրպէյճանցի զինուորները պիտի չմասնակցին այս տարուան սեպտեմբերին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Կովկաս 2020» ռազմափորձերուն: Նշեալ ռազմափորձերուն կը ծրագրուի ուղարկել երկու զինուոր` իբրեւ դէտ», գործակալութեան յայտնած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Նախապէս «Քորոնա» ժահրի վտանգներէն մեկնելով ռազմափորձերուն մասնակցութենէն հրաժարած էր Հնդկաստանը:
«Կովկաս 2020» հրամանատարասպայակոյտային ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան այս ամիս` Ռուսիոյ հարաւը: Նախապէս կը ծրագրուէր, որ անոնց պիտի մասնակցին զօրամիաւորներ քանի մը երկիրներէ, որոնց շարքին` Իրանէն, Միանմարէն եւ Փաքիստանէն:
aztagdaily.com/archives/482534