Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կը Սպառնայ Յունաստանին Եւ Կիպրոսին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կը Սպառնայ Յունաստանին Եւ Կիպրոսին

07 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Յունաստանը յորդորած է սկսիլ բանակցութիւններու միջերկրականեան տարածքներու շուրջ, որոնք երկու կողմերէն իւրաքանչիւրը կը նկատէ իր սեփականութիւնը:

Բանակցութիւններէ հրաժարելու պարագային Էրտողան կը նախազգուշացնէ վատ հետեւանքներէ: «Անոնք կա՛մ պիտի հասկնան քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան լեզուն, կա՛մ պիտի զգան ցաւոտ հետեւանքները», ըսած է Էրտողան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը:

Անգարա Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ ներկայ պահուն կ՛առնչուի Միջերկրական ծովուն մէջ կազի եւ քարիւղի պաշարներու պատկանելիութեան հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններով, եւ ներկայիս այս շրջանին մէջ երեք կողմերը տեղակայած են իրենց ծովային եւ օդային ուժերը:

«Անոնք պիտի հասկնան, որ Թուրքիան ունի քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական այն ուժը, որ կրնայ պատռել անբարոյական քարտէսներն ու փաստաթուղթերը», ըսած է Էրտողան` նկատի ունենալով այն տարածքները, որոնք, ըստ Յունաստանի ու Կիպրոսի քարտէսներուն, կը նկատուին իրենց ծովային տնտեսական գօտիի մաս:

Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիան «պատրաստ է ամէն քայլի»:

Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան ու Յունաստանը արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր յայտնուած են Միջերկրական ծովուն մէջ տարածքային պատկանելիութեան վերաբերող տագնապի մը մէջ:

Անգարա կը յայտարարէ, որ ունի ջրային այս տարածքներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու իրաւունք, երբ յունական ու թրքական պատերազմական օդանաւերը Եգէական ծովու եւ Միջերկրականի արեւելեան հատուածներուն մէջ կ՛իրականացնեն զիրար զգուշացնող թռիչքներ:

Թուրքիան Միջերկրական ծովուն մէջ ունի շարք մը հակառակորդներ: Ֆրանսան, Իտալիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաստանի եւ Կիպրոսի միացեալ ռազմափորձերուն:

Եւրոպական Միութիւնը, որուն անդամ են Յունաստանն ու Կիպրոսը, սպառնացած է պատժամիջոցներ որդեգրել Թուրքիոյ դէմ` վերջինիս «անօրինական» գործողութիւններուն պատճառով:

Միացեալ Նահանգներ այս շաբաթ յայտարարեց, Կիպրոսի դէմ արդէն 33 տարիէ ի վեր կիրարկուող զէնքերու մատակարարման արգելքը մեղմացնելու որոշումին մասին:

Constantinople – Sainte-Sophia

aztagdaily.com/archives/482537

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail