Լաւրով. «Մտահոգ Ենք Միջերկրական Ծովու Երկիրները Իրարու Դէմ Գրգռելու Ամերիկեան Ջանքերով»

Լաւրով. «Մտահոգ Ենք Միջերկրական Ծովու Երկիրները Իրարու Դէմ Գրգռելու Ամերիկեան Ջանքերով»

09 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Ռուսիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Կիպրոսի,
Յունաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Երկխօսութիւնը Դիւրացնելու

Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ Միջերկրական ծովուն մէջ կազի եւ քարիւղի հարստութիւններուն շուրջ լարուածութենէն ետք, Ռուսիան պատրաստակամութիւն յայտնեց Աթէնքի, Նիկոսիոյ եւ Անգարայի միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կիպրացի պաշտօնակից Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուան պատրաստ է միջամտելու եւ առնչակից բոլոր երկիրներուն խնդրանքին պարագային օգնելու` լարուածութեան մեղմացման համար բանակցութիւններու կայացման:

«Առնչակից բոլոր կողմերուն մեզմէ խնդրելուն պարագային պատրաստ ենք նպաստելու բարի դրացիական յարաբերութիւններու կառուցման», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ Մոսկուա շարունակ շրջանին մէջ ղեկավարներուն կոչ ուղղած է «այդ տարակարծութիւնները լուծելու երկխօսութեան ճամբով եւ իրաւական շրջագիծի մը մէջ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ իր հանդիպումին սկիզբը յայտնեց, որ Մոսկուան «մտահոգ է Միջերկրական ծովուն մէջ տիրող կացութեամբ»:

«Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, մենք պատրաստ ենք ամրապնդելու հաստատումը գործնական երկխօսութեան մը, որ հիմնուած է հասարակաց շահերու եւ լուծումներու որոնման վրայ, որոնք արդար եւ միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած կ՛ըլլան»:

Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը խորապէս մտահոգ է, որ «հեռուն գտնուող ուժ մը` Միացեալ Նահանգները կը փորձեն այստեղ գտնուող երկիրները իրարու դէմ լարել, ընդհանրապէս ջատագովել «ով որ մեզի հետ չէ մեր դէմն է» գիծը եւ բոլորը ստիպել այդ գիծին հետեւիլ»:

Կիպրոսի նախագահը իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Այսօր պարոն Լաւրովին յայտնեցի իմ անկեղծ գնահատանքս Կիպրոսի հարցին վերաբերեալ Ռուսիոյ սկզբունքային կեցուածքին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հիմամբ ու միջազգային օրէնքին համահունչ համապարփակ լուծումի հասնելու մեր ջանքերուն հաստատ զօրակցութեան»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ողջունեց իր երկրին Յունաստանի հետ երկխօսութեան ՕԹԱՆ-ի նախաձեռնութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Յունաստան արեւելեան Միջերկրականի մէջ լարուածութեան շուրջ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան սկսելու ՕԹԱՆ-ի նախաձեռնութեան համաձայն գտնուելէն ետք իր կեցուածքը փոխեց:

Ան յայտնեց, որ Յունաստան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ երկխօսութեան չի զօրակցիր` նշելով, որ Աթէնքի վարմունքը «մեծագոյն փաստն է Անգարայի հետ բանակցութիւններու սկսիլը ընդունելու մտադրութեան նկատմամբ սուտ խօսելուն:

Սակայն Յունաստան հերքեց, թէ համաձայն գտնուած է Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան ՕԹԱՆ-ի միջնորդութեան: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Յունաստանն ու Թուրքիան համաձայնած են այսպէս կոչուած թեքնիք բանակցութիւններուն, չեն համապատասխաներ իրականութեան»:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/482730

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail