Եւրոպական Դատարանի Նախագահը Կը Ստանայ Սթամպուլի Համալսարանի Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում
09 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com
Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Ռոպերթ Սփանօ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարի հրաւէրով այցելեց Թուրքիա: Սփանօ հանդիպեցաւ նաեւ նախագահ Էրտողանի հետ եւ դասախօսեց Թուրքիոյ արդարադատութեան ակադեմիոյ մէջ:
Թէեւ ՄԻԵԴի նախագահը իրաւունք ունի այցելելու իւրաքանչիւր երկիր, ուր ինք կը փափաքի, սակայն խիստ անտեղի է, որ ան կ՛ընդունի Սթամպուլի համալսարանի իրաւունքի պատուաւոր դոկտորի կոչումը: Քանի մը յայտնի թուրք իրաւապաշտպաններ ծաւալուն յօդուածներ գրեցին, որոնցմով քննադատեցին Սպանոյին՝ իր այցի եւ պատվավոր դոկտորի կոչումն ստանալու համար:
Թուրք նախկին դիւանագէտ Այտին Սելչըն յայտարարեց, որ Սփանօ «պիտանի չէ ՄԻԵԴը նախագահելու համար»: Քաղաքագէտ, ակադեմիկոս Ճենկիզ Աքթար Սփանոյի այցը համարեց «գայթակղեցուցիչ» եւ յորդորեց զայն հրաժարական տալ: Արտաքսուած թուրք լրագրող Ճան Տունտար գրեց, որ Սփանօ «երեք օրուան մէջ ոչնչացուց ՄԻԵԴի 30ամեայ հեղինակութիւնը»: «Ահուալ Նիւզ» մէջբերեց յայտնի թուրքերու քանի մը այլ քննադատական մեկնաբանութիւններ` Թուրքիա կատարած Սփանոյի անյաջող այցելութեան մասին:
Այս քննադատներէն մէկը՝ Մեհմեթ Ալթան, շարքին է Սթամպուլի համալսարանի այն 192 դասախօսներուն, որոնք աշխատանքէն հեռացուեցան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դրդումով: Կիւլենի արգիլուած կրօնական խումբին իր գոյութիւն չունեցող անդամութեան համար բանտարկուած Ալթան դատական հայց ներկայացուց ընդդէմ Սթամպուլի համալսարանի՝ աշխատանքէն իր հեռացումը չեղեալ յայտարարելու համար։ Էրտողան նաեւ աշխատանքէն հեռացուց աւելի քան 150 հազար պետական ծառայողներ եւ քննութիւն բացաւ Թուրքիոյ մօտաւորապէս 600 հազար քաղաքացիներու դէմ, որոնցմէ 100 հազարը ձերբակալուեցաւ իսլամիստական կիւլենական շարժման պատկանելու շինծու պատրուակով. Խումբը կը մեղադրուէր՝ 2016ին Էրտողանի դէմ յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու յանցանքով:
Թրքական «Ահուալ նիւզ» կայքը 31 Օգոստոս 2020ին տեղադրեց՝ «ՄԻԵԴի ղեկավարը կրնայ Սթամպուլի համալսարանէն ստանալ վիճայարոյց պատուաւոր դոկտորի կոչում» վերնագրով յօդուածը։
«Ահուալ» յայտնեց, որ Ալթան Սփանոյի ուղղուած եւ թրքական լրագրողական P24 հարթակի կայքէջին վրայ հրապարակուած բաց նամակին մէջ յորդորած է զայն՝ չընդունիլ թրքական հրաւէրը: «Ես չեմ գիտեր, թէ որքան հպարտութիւն կայ համալսարանի մը պատուաւոր անդամ ըլլալուն մէջ. համալսարան մը, որ կը դատապարտէ հարիւրաւոր դասախօսներ գործազրկութեան եւ աղքատութեան՝ զանոնք անարդարօրէն հեռացնելով դպրոցէն», գրած է Ալթան:
Ալթան ըսաւ Սփանոյի․ «Համալսարանը, ուրկէ դուք դոկտորի կոչում կը ստանաք, ներառուած է իբրեւ «պատասխանող հաստատութիւն» ինծի պէս դասախօսներու դատավարութեան մէջ. անոնք հեռացուած են հրամանագրով․․․: Այս գործերը դեռ ընթացքի մեջ են, եւ հաւանական է՝ անոնք կը հասնին ՄԻԵԴ, զոր դուք կը նախագահէք»։
Ալթան շարունակեց. «Մարտ 2018ին ՄԻԵԴի երկրորդ բաժինը, ձեր նախագահութեամբ, ստեղծեց նախադէպ համընդհանուր օրէնքի մէջ եւ որոշեց, որ խախտուած է իմ անձնական ազատութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ազատ արտայայտուելու իրաւունքը: Թուրքիան մեղաւոր ճանչցուեցաւ․․․: Էրկին Էրկուլ, որ Թուրքիոյ կողմէ նշանակուած էր այդ գործով, միակ դատաւորն էր, որ անհամաձայնութիւն յայտնեց եւ այնպիսի փաստարկներ առաջ քաշեց, որ դուք գրեցիք «դէմ քուէարկութիւն» ընդդէմ դէմ քուէարկութեան, եթէ չեմ սխալիր, առաջին անգամ ՄԻԵԴի պատմութեան մէջ։ Եւ միւս անդամները հետեւեցան ձեզի»:
«Ահուալ» յայտնեց, որ ՄԻԵԴի մէջ աւելի քան 60 հազար անհատական բողոքներ եղած են՝ կապուած Թուրքիոյ մէջ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու խախտումներու հետ:
Եաւուզ Այտին, որ նոյնպէս 4500 դատաւորներու եւ դատախազներու հետ միասին հեռացուած էր աշխատանքէն, յօդուած գրեց՝ «ՄԻԵԴի նախագահին պատուոյ փորձութիւն կը սպասուի Թուրքիոյ մէջ» վերնագրով, որ 2 Սեպտեմբեր 2020ին հրապարակուեցաւ «Ահուալ»ի մէջ: Այտին գրեց. «Նախագահ Սփանօ անկասկած տեղեակ է Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան վատթարացման մասին։ Իբրեւ պատուաւոր մարդ, որ տարիներ շարունակ որոշումներ կայացուցած է Թուրքիոյ հետ կապուած գործերով, անոր այցելութեան նպատակը չի կրնար դիտարկուիլ այլ կերպ, քան բացէ ի բաց ու համարձակօրէն գոռալ փաստերու մասին՝ պետական մարմիններու դէմքին»։
Այտին շարունակեց. «ՄԻԵԴի նախագահը շատ լաւ գիտէ, որ 2017ի սահմանադրական փոփոխութենէն ի վեր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիո մէջ կառավարութիւնը վերածած է մէկ մարդու կառավարման: Ինչպէս Վենետիկի յանձնախումբը բացայայտ քննադատութեան ենթարկած է, Սփանօ գիտէ, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս գոյութիւն չունի իշխանութիւններու եւ անկախ դատական համակարգի տարանջատում։ Աւելին, ան չի կրնար տեղեակ չըլլալ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թիւ 2156 (2017) բանաձեւի մասին, որով, Եւրոպայի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիա իջեցուած է հսկողութեան կարգավիճակի տակ գտնուող երկիրներու խումբ։ Այս որոշումը կը նշանակէ, որ Թուրքիա այլեւս չի համապատասխաներ Քոփենհեկընի յայտնի չափանիշներուն, եւ, հետեւաբար, չի կրնար իրաւասու համարուիլ ԵՄի (Եւրոմիութեան) անդամակցութեան համար տարուող բանակցութիւններու մէջ»:
Այնուհետեւ Այտին շարք մը առաջարկներ ըրաւ, յուսալով որ Սփանօ կը հետեւէր անոնց՝ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին․
– Կոչ ընել Էրտողանի՝ վերադառնալ դէպի ժողովրդավարութիւն եւ վերականգնել օրէնքի գերակայութիւնը երկրին մէջ:
– Թուրք ղեկավարներուն յիշեցնել Եւրոպական դատական խորհուրդներու ցանցին մէջ Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատախազներու խորհուրդը դիտորդի կարգավիճակէն զրկելու որոշման մասին: Ան նաեւ պէտք է յիշեցնէ Թուրքիոյ Դատական Ակադեմիոյ (ԹԴԱ) թեկնածու դատաւորներուն, թէ ինչո՞ւ Եւրոպական դատական ուսուցման ցանցը 2016ին ԹԴԱն հեռացուցած է դիտորդի անդամութեան կարգավիճակէն:
– Ըսել անոնց, որ գործող դատաւորները եւ յեղաշրջման փորձէն ետք նշանակուած 10 հազար նոր դատաւորները յաճախ քաղաքական կողմնակալ վերաբերում ունին օրէնքը կիրարկելու մէջ եւ կոչ ընել՝ անտեսելու Պալատի, Սահմանադրական դատարանի եւ այլ բարձր ատեանի դատարաններու քաղաքական ճնշումը:
– Յիշեցնել անոնց, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով վճռուած է, որ Թուրքիա խախտած է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնութեան 18րդ յօդուածը:
– Ըսել Թուրքիոյ ղեկավարներուն, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակեն մեկուսարան գտնուող հարիւրաւոր դատաւորները եւ վերականգնեն պաշտօնի մէջ՝ բոլոր գործէ արձակուած՝ անոնց 4000 գործընկերները։
Այտին յորդորեց Սփանոն՝ «հրաժարիլ պատուաւոր դոկտորի կոչումէն նոյնիսկ նախքան թրքական հող ոտք դնելը՝ հզօր ուղերձ փոխանցելով բոլոր կողմերուն՝ նախքան անոնց հետ անձամբ հանդիպիլը: Հակառակ պարագային, Սփանոյի այցելութեան միջոցով դրսեւորուած բարի կամքը ոչ միայն պիտի վատնուի, այլեւ պիտի ծառայէ իբրեւ յաղթաթուղթ կառավարութեան եւ Էրտողանի համար, որ այդ ժեսթը կ՛օգտագործէ իբրեւ իր տիրապետութեան տակ գտնուող երկրին մէջ տեղի ունեցող ապօրինութիւններու գնահատման եւ օրինականացման նշան»։
Ցաւօք, Սփանօ անտեսեց թուրք իրաւապաշտպաններու տուած բոլոր բարի խորհուրդները եւ այդպիսով խաթարեց ե՛ւ իր, ե՛ւ Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի հեղինակութիւնը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/482757