ԱԶԱՏ ՕՐ – Անգարան երկխօսութիւն կ՚ուզէ՝ սպառնալով – Թուրքիան կը շարունակէ հակասութիւններու ռազմավարութիւնը,
03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:
Թուրքիան կը շարունակէ հակասութիւններու ռազմավարութիւնը, Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ծայր առած տագնապի սրումի ֆոնին մէջ։
Նոյն պահուն, երբ երկրի արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու բոլոր կողմերուն լուր կը ղրկէ, որ պաշտօնական Աթէնքը եթէ պատրաստ է երկխօսութեան երթալու, Անգարան ալ պատրաստ է այդ ընելու, այս անգամ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը շարունակէ սպառնալիքներու իր ծանօթ ոճը, նոյնիսկ արհամարական խօսքեր արտասանելով Յունաստանի դէմ։
Թուրք նախագահը, իր ունեցած արտայայտութիւններուն մէջ, ի միջի այլոց խօսք ըրաւ «ստուերներու խաղի» մասին եւ շեշտեց թէ առնուազն զաւեշտական է այլ երկիրներու համար՝ Յունաստանը գործածել որպէս խայծ, որ բացայայտօրէն անկարող երկիր մըն է Թուրքիոյ նման տարածաշրջանային ու համաշխարհային կարեւոր ուժի մը դէմ։
Նոյն յանկերգը շարունակեց նաեւ նախարար Չաւուշօղլու, որ հակառակ երկխօսութեան համար կատարած իր նշումին, անբաստանեց Յունաստանը, մասնաւորապէս նշում ընելով Քասթելորիզօ կղզիին եւ հոն տեղակայուած յունական պահակագունդերուն համար։
«Մեզի ըսին, որ զօրքերու փոփոխութիւն է եղածը Քասթելորիզոյի մէջ։ Յունաստան իրաւունք ունի ուժեր պահել ներքին ապահովութեան համար։ Սակայն, այդ ալ իր չափը ունի։
Իրականութեան մէջ, վերջին շրջանին, Յունաստան առած ըլլալով Եւրոպական Միութեան հաւանութիւնը, գրգռիչ քայլեր կ՚ընէ Էգէականի եւ Միջերկրանանի տարածքին եւ կը խախտէ միջազգային օրէնքը։ Նման քայլեր վնաս պիտի բերեն Յունաստանին։
Երկիրը կարող չէ իր իսկ հարցերը լուծել, սակայն գրգռիչ քայլերու կը դիմէ։ Շատ վտանգաւոր ընթացք մըն է, որմէ Յունաստան մեծ վնասով դուրս պիտի ելլէ», ըսած է Չաւուշօղլու։
Էրտողան իր զօրավարներէն պահանջած է խորտակել յունական ռազմանաւ մը կամ վար առնել օդանաւ մը
«Յունական նաւ մը ընկղմեցէ՛ք, կամ օդանաւ մը վար առէ՛ք», ըսած կ՚ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան։ Այս լուրը կը հաղորդէ գերմանական «Welt» թերթը։ Թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին համաձայն, որ յղում կ՚ընէ թրքական զինուորական աղբիւրներէ, քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահը պահանջած է իր զօրավարներէն յունական ռազմանաւի մը ընկղմումը մարդկային նուազագոյն կորուստներով։
«Welt» կը նշէ, թէ թուրք զինուորականները հակազդած եղած կ՚ըլլան այս պահանջին, որմէ ետք նախագահ Էրտողան առաջարկած է վար առնել յունական ռազմական օդանաւ մը այնպիսի կերպով, որ յոյն օդաչուն կարողանայ ազատիլ։
Վերջին շաբաթներուն, թրքական ջղագրգռութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին։ Թուրքիա ամէն կերպով կը փորձէ չեզոքացնել յունական զինեալ ուժերու բարձր տրամադրութիւնը եւ կորովը։
Թրքական կողմը չէ կրցած ընդունիլ, թէ յունական «Լիմնոս» ռազմանաւը մեծ վնասներ հասցուց թրքական նաւատորմիղի պարծանքը հանդիսացող «Քեմալ Ռէյս» ռազմանաւին։
Անկէ ետք, թրքական հակաօդային ուժը չկարողացաւ նշմարել յունական 8 ռազմական օդանաւեր, որոնք Կիպրոս հասան ռազմափորձի մասնակցելու համար, իսկ վերջին օրերուն Յունաստան իր զինուորական ներկայութիւնը ուժեղացուց Քասթելորիզօ սահմանամերձ կղզիին վրայ։
«Յոյն-թրքական տագնապը ՆԱԹՕ-ի պատմութեան մէջ ամենամեծ տագնապներէն մէկն է», կը գրէ «Le Monde» թերթը
Ֆրանսական թերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կեցուածքը լրջօրէն կը մտահոգէ եւրոպական երկիրները։ «Թրքական գրգռութիւնները դժուար կացութեան մատնած են արդէն տկար ՆԱԹՕ-ն», կը գրէ թերթը։
Յօդուածը կը նշէ, թէ դիւանագիտական կարգ մը աղբիւրներ, որոնք խօսած են թերթին, կը յայտնեն, թէ «ՆԱԹՕ-ի կեդրոնը կը շարունակէ պաշտօնապէս տեղեկացնել իր անդամ երկիրները, թէ տակաւին կարելի է վերացնել Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծայր առած մեծ տագնապը»։
Այս շրջագիծէն ներս, թերթը լրջօրէն կը քննադատէ ՆԱԹՕ-ի մարտավարութիւնը եւ կազմակերպութեան կողմէ ցոյց տրուած մեղմ կեցուածքը Թուրքիոյ հանդէպ, որ ըստ ֆրանսական թերթին, փաստօրէն կը խաղայ Ռուսիոյ խաղը, քանի որ վերջինը կ՚ուզէ տեսնել արեւմտեան զինակցութեան ապակայունացումը։
Կը նշուի նաեւ, որ մօտ անցեալին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անուանած է ՆԱԹՕ-ն որպէս «մեռեալ ուղեղ», մասնաւորապէս Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նաւատորմիղի միջեւ տեղի ունեցած պատահարներուն լոյսին տակ, Միջերկրականի մէջ։
azator.gr/?p=16402