Չաւուշօղլու. «Յունաստանն Ու Կիպրոսը Աշխատանք Կը Տանին Կազմելու Դաշինքներ, Որոնց Մաս Կը Կազմեն Եգիպտոսը, Լիբանանը, Իսրայէլն Ու Ֆրանսան»

ԱՅԺՄԵԱՆ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու

Չաւուշօղլու. «Յունաստանն Ու Կիպրոսը Աշխատանք Կը Տանին Կազմելու Դաշինքներ, Որոնց Մաս Կը Կազմեն Եգիպտոսը, Լիբանանը, Իսրայէլն Ու Ֆրանսան»

12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Այն պահուն, երբ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդիր չկայ, Անգարան պատրաստ է լարուածութիւնը շինիչ կերպով մեղմացնելու, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը յառաջ մղելու եւ համագործակցութիւնն ու հասարակաց շահերը ամրապնդելու»: Ան այս մասին յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ժողովին ընթացքին տեսակապով արտասանած իր խօսքին մէջ:

«Արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական քաղաքականութիւնը երկու բաժին ունի: Առաջինը կը վերաբերի ծովային բացառիկ գօտիներու սահմանագծման, որուն համար ծովեզերեայ երկիրները պէտք է բանակցին` միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Երկրորդը կը վերաբերի իրաւունքներու պաշտպանութեան թուրք կիպրացիներուն, որոնք կղզիին ու անոր ծովային հարստութիւններուն մէջ համասեփականատէր են եւ յոյն կիպրացիներուն համահաւասար իրաւունքներ ունին»:

«Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ներկայ լարուածութիւնը հետեւանք է Յունաստանի եւ կիպրացիներուն կողմէ Թուրքիոյ եւ թուրք կիպրացիներու իրաւունքներու ոտնահարման եւ միակողմանի վերաբերումին», նշեց Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ Կիպրոս 2003-ին Եգիպտոսի հետ եւ 2007-ին Լիբանանի հետ իր կնքած ծովային սահմանագծման համաձայնութիւններով կ՛ոտնահարէ Թուրքիոյ եւ թուրք կիպրացիներու իրաւունքները:

«Յունաստանն ու յունական Կիպրոսը աշխատանք կը տանին կազմելու դաշինքներ, որոնց մաս կը կազմեն Եգիպտոսը, Լիբանանը, Իսրայէլը, Ֆրանսան եւ մինչեւ իսկ Միջերկրական ծովու շրջանէն դուրս եղող երկիրներ, ինչպէս` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, իսկ միւս կողմէ Թուրքիան ու թուրք կիպրացիները կը մեկուսացնեն, ինչպէս նաեւ կը փորձեն արեւելեան Միջերկրականին մէջ ամէնէն երկար ծովեզերքը ունեցող Թուրքիան շրջանէն դուրս պահել», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Անգարա գերմանական միջնորդութեան ճամբով դիւանագիտութեան առիթ ընծայեց, սակայն յունական վարչակազմը այդ հոլովոյթը ականահարեց` Եգիպտոսի հետ համաձայնութիւն կնքելով», ըսաւ ան` աւելցնելով, թէ իր երկիրը պատրաստ է առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն կատարելու, իսկ եթէ Յունաստան նախապայմաններու կառչած մնայ, ապա Թուրքիան եւս իր պայմանները պիտի ճշդէ:

Western Armenia – The Ancient Armenian City of Bitlis (Baghesh in Armenian)

aztagdaily.com/archives/483039

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail