Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկեցին Երկկողմանի Օրակարգի Հարցեր
12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, 11 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրաբ Մնացականեանի եւ Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հեռաձայնային զրոյցը: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցեր: Կարեւոր նկատուեցան աւանդական բարեկամութեան եւ փոխվստահութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան ծաւալումը եւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ երկուստեք քայլերու ձեռնարկումը:
Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հասցէագրման ուղղութեամբ միջազգային համագործակցութեան:
aztagdaily.com/archives/483012